HDP-ի` Իսթանպուլի երեսփոխան Կարօ Փայլան Խորհրդարանի մէջ Ներքին գործոց ախարարին հարց տուաւ թէ ճի՞շդ որ Թուրքիոյ մէջ ապրող փոքրամասնութիւններուն գաղտնաթիւ տրուած է, Հայերուն թիւն ալ երկու է։
Ներքին գործոց նախարար՝ Էֆքան Ալա խոստովանեցաւ որ փոքրամասնութեան մաս կազմող բոլոր հայրենակիցները գաղտնաթիւ ունին։ Նախարարութեան աղբիւրները յայտարարեցին որ գաղտնաթիւ տալու գործադրութիւնը սկսաւ 1990-ին։
Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ ապրող բոլոր հայրենակիցներ գաղտնաթիւ ունին Յոյներուն թիւն է՝ 1, Հայերունը՝ 2, Հրեաներունը՝ 3, Ասորիներունը՝ 4, այլ խմբակներու պատկանողները` 5։
http://horizonweekly.ca/news/details/80952
Leave a Reply