Մինսկի գիրքի միջազգային 23-րդ ցուցահանդէս-վաճառքի բացման պատիւը վերապահուած էր Պելառուսիոյ ԱԺ նախագահ Միխայիլ Մեասնիկովիչին, Պելառուսիոյ Տեղեկատւութեան նախարար Լիլեա Անանիչին եւ Հայաստանի մշակոյթի փոխնախարար Արթուր Պօղոսեանին:
Մասնակից 29 երկիրներէն Հայաստանը պատուաւոր հիւրի կարգավիճակ ունէր: Տաղաւարներով շրջելու ժամանակ` պատուաւոր հիւրերը առաջինը կանգ առած են եւ զրուցած Հայաստանի ներկայացուցիչներու հետ: Զարմացած են եւ տպաւորուած 1666 թուականին ամսթերտամի մէջ տպագրուած հայալեզու առաջին աստուածաշունչի կաղապարուածքով:
Ըստ Առաջին ալիքի պաշտօնական կայքին` զաւեշտներէն անպակաս թրքական տաղաւարի ամենաերեւելի տեղը դրուած եղած է «Պատմական Անի քաղաքը» վերնագիրով գիրք մը, որուն վրայ նշած է` «Հրատարակուած է Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան կողմէ»:
http://www.yerakouyn.com/?p=100203
Leave a Reply