Թուրքիան գիրքի ցուցահանդէսին ներկայացած է «Պատմական Անի քաղաքը» գիրքով

Մինսկի գիրքի միջազգային 23-րդ ցուցահանդէսՄինսկի գիրքի միջազգային 23-րդ ցուցահանդէս-վաճառքի բացման պատիւը վերապահուած էր Պելառուսիոյ ԱԺ նախագահ Միխայիլ Մեասնիկովիչին, Պելառուսիոյ Տեղեկատւութեան նախարար Լիլեա Անանիչին եւ Հայաստանի մշակոյթի փոխնախարար Արթուր Պօղոսեանին:

Մասնակից 29 երկիրներէն Հայաստանը պատուաւոր հիւրի կարգավիճակ ունէր: Տաղաւարներով շրջելու ժամանակ` պատուաւոր հիւրերը առաջինը կանգ առած են եւ զրուցած Հայաստանի ներկայացուցիչներու հետ: Զարմացած են եւ տպաւորուած 1666 թուականին ամսթերտամի մէջ տպագրուած հայալեզու առաջին աստուածաշունչի կաղապարուածքով:

Ըստ Առաջին ալիքի պաշտօնական կայքին` զաւեշտներէն անպակաս թրքական տաղաւարի ամենաերեւելի տեղը դրուած եղած է «Պատմական Անի քաղաքը» վերնագիրով գիրք մը, որուն վրայ նշած է` «Հրատարակուած է Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան կողմէ»:

http://www.yerakouyn.com/?p=100203

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2016
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
29  

Արխիւ