Փայլան Խորհրդարանի յանձնախումբէն պահանջեց կիրակի առտուան եկեղեցիի համար մէկուկէս ժամուան արձակուրդ

Մարմարա«Րատիքալ» կը հաղորդէ, որ Հէ-Տէ-Փէցի երեսփոխան Կարօ Փայլան, որ կ՚անդամակցի Թուրքիոյ Խորհրդարանի Փլանաւորման ու պիւտճէի յանձնախումբին, պահանջեց, որ յանձնախումբը Կիրակի առտուները մէկուկէս ժամուան արձակուրդ ընէ, որպէսզի Փայլան մասնակցի Կիրակիի եկեղեցական արարողութեան։ Փայլան յիշեցուց, որ Ուրբաթ օրերը Ուրբաթի աղօթքի համար արձակուրդ կը տրուի պաշտօնական գրասենեակներու մէջ, նոյն իրաւունքը պահանջեց Կիրակիի համար։ Եթէ Ուրբաթը մահմետականներուն համար սուրբ օր է, Կիրակին ալ քրիստոնեաներուն համար սուրբ օր է, ըսաւ Փայլան։
Յանձնախումբի նախագահ Սիւրէյյա Պիլկիչ «Շատ լաւ, այդպէս ընենք» ըսաւ ու ընդունեց Փայլանի առաջարկը։ Այսպէս՝ որոշուեցաւ, որ Յանձնախումբը եկեղեցիի մէկուկէս ժամուան արձակուրդ մը տայ Կիրակի օրերը։ Փայլան ըսաւ, որ այդ արձակուրդը պիտի օգտագործէ տեղւոյն վրայ Ուղղափառ եկեղեցի մը երթալու ու իր աղօթքն ընելու համար։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2016
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
29  

Արխիւ