ՄԱՐՄԱՐԱ-ի լրահոս

ՄարմարաՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԷՏՎԵՏԵՒԻ ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Երրորդ աշխարհամարտը կրնայ ծագիլ Սուրիոյ տագնապի հետեւանքով

Ամերիկացիներն ալ Ռուսաստանը պատասխանատու նկատեցին

Սուրիոյ տագնապը կրնա՞յ ի վերջոյ պատճառ դառնալ որ յանկարծ ծագի Երրորդ Աշխարհամարտ մը։ Ըստ Ռուսաստանի վարչապետ Տիմիթրի Մէտվետեւի, այս հարցումին պատասխանը դրական է։ Եթէ Սուրիոյ հարցին մէջ համաձայնութիւն մը ձեռք չբերուի, այն ատեն կրնայ ծագիլ համաշխարհային նոր պատերազմ մը, որ պիտի ըլլայ երրորդը։

Ռուսաստանի վարչապետը այս ազդարարիչ ու յոռետես տեսակէտը պարզեց Գերման թերթի մը հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին։ Ըստ Մէտվետեւի, աշխարհի հզօր պետութիւնները, փոխանակ համաշխարհային նոր պատերազմի մը գետին պատրաստելու, պէտք է նստին բանակցութեանց սեղանին շուրջ ու լուծում մը գտնեն Սուրիոյ հարցին։

Զանազան պետութիւններու կողմէ Սուրիայէ ներս կատարուած ցամաքային գործողութիւնները կրնան ի մի բերել պատերազմի մը ստեղծման բոլոր տուեալները, ուստի Ամերիկա ու արաբական երկիրները լաւ պէտք է մտածեն այն մասին թէ պատերազմ կ՚ուզե՞ն թէ ոչ, ըսաւ Մէտվետեւ։ Եթէ ոմանք կը կարծեն որ դիւրութեամբ կը շահին եթէ այդպիսի պատերազմ մը ծագի, կը սխալին, մանաւանդ Արաբական աշխարհագրութեան մը մէջ ուր ամէն մարդ իրարու հետ կը կռուի։

Մէտվետեւ Սուրիոյ մէջ ստեղծուած անկայուն կարգավիճակէն պատասխանատու նկատեց Ամերիկան, Սէուտի Արաբիան եւ կարգ մը Եւրոպական երկիրները։ Ռուսաստանի վարչապետը ըրաւ ուշագրաւ ակնարկութիւն մըն ալ, ըսաւ որ թէեւ Նախագահ Էսատ ժողովրդավարութեան տիպար մը չէ, բայց արտաքին երկիրները, փոխանակ ներսը արիւնալի պատերազմ մը հրահրելու, պէտք է քաջալերէին որպէսզի ընտրութիւն կատարուէր Սուրիոյ մէջ։ Քաղաքագէտներու նկատմամբ վերապահութիւններ կամ տարակարծութիւններ կրնանք ունենալ, բայց ատիկա պատճառ մը չէ որ այդ քաղաքագէտին երկիրը գրաւենք, ըսաւ Մէտվետեւ։

Ռուսաստանի վարչապետը ըսաւ որ Ռուս զինուորական մասնագէտներ կան Սուրիոյ մէջ, բայց Ռուսաստան ցամաքային գործողութիւններու պիտի չմասնակցի։

Մէտվետեւի վերի խօսքերուն պատասխանը անմիջապէս եկաւ ԱՄՆ-ի Արտաքին Նախարարութեան մամլոյ բանբեր Մարք Թոնէրէ, որ իր կարգին պնդեց թէ Ռուսաստանի կողմէ կատարուած գործողութիւնները աւելի վատթար վիճակ ստեղծեցին Սուրիոյ համար եւ դժուարութեան մատնեցին լուծում գտնելու աշխատանքը։ Ռուսաստան, զօրավիգ կանգնելով Էսատին ու ռմբակոծելով Հալէպը, անելի մատնեց լուծման բանակցութիւնները։

Մէկը այնպէս կ՚ըսէ, միւսը այսպէս։ Այս տագնապը մտածել կուտայ։ Արդեօք Սուրիոյ հարցին մէջ Ամերիկան ու Ռուսաստա՞նն է որ անուղղակի կերպով կը կռուին իրարու հետ։

ՄԱԿԵԴՈՆԱՑԻ ԼՐԱԳՐՈՂԷՆ ԾԱՆՐ ԵԼՈՅԹ

“Թուրքի պէս կը ստէք”

“Րատիքալ” կը հաղորդէ որ Մակեդոնիոյ Սիթէլ հեռատեսիլի կայանի յայտագրի ընթացքին լրագրող Տրական Փավլովիչ Լաթաս ծանր նախատինք մը ըրաւ թուրքերու հասցէին։ Ան յայտագրի ընթացքին կը հիւրասիրէր մայր ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավար Զօրան Զաէվը։ Միջոց մը իր հիւրին հասցէին ըսաւ.

– Թուրքի պէս կը ստէք։

Յայտագրի հաղորդումէն վերջ թուրք կուսակցութիւններ, հասարակական կազմակերպութիւններ ու քաղաքացիներ խորունկ ընդվզում արտայայտեցին լրագրող Տրականի կողմէ թուրքերու հասցէին ուղղուած այս նախատական նախադասութեան դէմ։ Այս հակազդեցութեան դիմաց Տրական ետքայլ ըրաւ, իրենք զիրենք նախատուած նկատող բոլոր թուրքերէ ներողութիւն խնդրեց, ըսաւ որ ասիկա սխալ մըն էր ու անգամ մըն ալ պիտի չկրկնուի։

Բայց ներողութիւն խնդրելն ալ չբաւեց որպէսզի հարցը փակուի։ Թուրքիոյ Իւսկիւպի դեսպան Էօմիւր Շէօլէնտիլ հաղորդագրութիւն մը հրատարակելով պախարակեց Տրականի ելոյթը ու ըսաւ որ կը դատապարտէ Թուրք ժողովուրդէն դէմ գործածուած այս տգեղ նախադասութիւնը։ “Թուրք ժողովուրդէն ու պետութենէն ներողութիւն խնդրած ըլլալն ալ շատ հեռու կը մնայ այս տգեղ վերաբերումը սրբագրելէ” ըսաւ դեսպանը իր հաղորդագրութեան մէջ։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ԲՆԱԿԻՆ ՄՕՏԱՒՈՐԱՊԷՍ 16 ՀԱԶԱՐ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅԵՐ

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց որ ներկայ դրութեամբ Հայաստանի մէջ կը բնակին մօտաւորապէս 16 հազար սուրիահայեր։ Կան աւելի քան 2000 սուրիահայ աշակերտներ, մօտաւորապէս 500 ալ ուսանողներ։ Երեք հարիւր սուրիահայեր իրենց անձնական գործը հաստատած են Հայաստանի մէջ, եւ անոնց կէսէն աւելի պետութենէ վարկ առած է՝ նուազագոյն չորս տոկոսով ու հինգ տարի ժամկէտով։ Գումարը 15-20 հազար տոլար է, ինչ որ բաւական բարենպաստ է պիզնըս սկսելու համար, յայտնեց Հրանոյշ Յակոբեան։

Արձագանգելով այն հարցումին թէ սուրիահայերը հարկային արտօնութիւններ ունի՞ն թէ ոչ, Նախարարը ըսաւ. “Ո_չ, սուրիահայերը հարկային արտօնութիւններ չունին, բայց վարկ ստանալու արտօնութիւններ կան անոնց համար։ Միւս կողմէ, մենք անոնց կը սորվեցնենք Հայաստանի օրէնքները, մէկ ամիս տեւողութեամբ վերապատրաստութեան դասընթացքներ կը կազմակերպենք, ինչպէս նաեւ կը սորվեցնենք ռուսերէն ու արեւելահայերէն։ Համարկումի գործընթացը շատ արագ ու դիւրին կը կատարուի”։

ՍՈՒՐԻՈՅ ՔԻՒՐՏԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԲԱՑԻՆ՝ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ

Փէ Եէ Տէ, որ կը կառավարէ Սուրիոյ քրտական հողատարածքները, ներկայացուցչութիւն մը բացաւ Մոսկուայի մէջ։

Գրասենեակը կը ներկայացնէ Փէ Եէ Տէի կողմէ Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ ինքնավար հռչակուած քրտական երեք շրջանները՝ Քոպանի, Ճէզիրէ եւ Աֆրի։

Գրասենեակը բացուած է նոյն շէնքին մէջ, ուր Դեկտեմբեր 2015ին, Հէ Տէ Փէի համանախագահ Սէլահատտին Տէմիրթաշ բացումը կատարած էր “Քիւրտ գործարարներու միաւորում” կազմակերպութեան։

Բացման արարողութեան մասնակցեցաւ Հէ Տէ Փէցի երեսփոխան Ֆէլէքնազ Ուճան, Ռուսաստանի մօտ Փէ Յէ Տէի ներկայացուցիչ Ապտիւլսէլամ Ալի, Ամերիկայի ու Եւրոպայի մօտ Սուրիոյ քիւրտերու ներկայացուցիչ Սէնամ Մուհամմէտ, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանի Տոնէցքի ու Լուկանսքի շրջաններու ներկայացուցիչները։

Ուշագրաւ է որ բացման արարողութեան ընթացքին գրասենեակին մէջ ցուցադրուած քարտէսի վրայ Թուրքիոյ արեւելեան նահանգներէն շատերը ներկայացուած էին որպէս քրտական հողատարածքներ։

ԼԱՐԻ ԿԱԿՈՍԵԱՆ ԴԱՏԱԿԱՆ ՔԱՇՔՇՈՒԿՆԵՐՈՒ ՄԷՋ Է ՔԱԹԱՐԻ ՀԵՏ

Աշխարհի մէջ արուեստի կարեւորագոյն վաճառականներէն մէկը՝ Լարի Կակոսեան, պարտադրաբար դատական պայքարի մէջ մտած է Քաթարի արքայական ընտանիքի դէմ, Փիքասոյի “Կնոջ մը կիսանդրին” ստեղծագործութեան պատկանելիութեան հարցի պատճառով։

“Նիւ Եորք Թայմս” կը գրէ որ մինչեւ 7 Փետրուար, Նիւ Եորքի “Մոմա” թանգարանին ցուցադրուած այս արձանը, Փիքասոյի դստեր կողմէ 2014ին 42 միլիոն տոլարով ծախուած է Քաթարի շէյխի գործակատարներէն մէկուն, պայմանով որ արձանը յանձնուի այս տարուան Փետրուարին։ Սակայն վեց ամիս վերջ, դուստրը որոշած է չեղեալ նկատել այդ համաձայնութիւնը, վերադարձնելով գանձուած սկզբնական գումարը (6.5 միլիոն տոլար)։ Ապա, ան աւելի շահաւէտ պայմանագիր մը կնքած է Կակոսեանի հետ, որ քանդակին համար խոստացած է վճարել 105.8 միլիոն տոլար եւ ապա զայն վաճառած է ամերիկացիի մը։ Կակոսեան ցարդ յանձնած է ընդհանուր գումարին 79.7 միլիոն տոլարը եւ կը պնդէ որ առաջին պայմանագիրը որեւէ ոյժ չունի։

ԳԻՆԻՆԵՐ՝ ԳԻՆԻԻ ԲՆՕՐՐԱՆԷՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ՎՐԱՍՏԱՆ

Բրիտանական առաջատար “Կարտիըն” պարբերականը անդրադարձաւ գինիի պատմութեան մասին ամերիկացի ակադեմիկոսներ Իէն Թաթէրսօլի ու Ռոպ Ռէսէլի նոր գիրքին, ուր հեղինակը կը բացայայտէ Հայաստանն ու Վրաստանը՝ իբրեւ գինիի բնօրրան։

Յօդուածագրին փոխանցումով, գիրքին հեղինակները հարցադրում կ՚ընեն թէ ի՞նչ տեսակ գինիներ կը պատրաստէին անոնք 5000 տարի առաջ Փոքր Կովկասի քարանձաւներէն մէկուն մէջ, որ յայտնի է իբրեւ Արենի-1։ Ահա այստեղ է որ 2011ին ժամանակակից Հայաստանի մէջ հնագէտները յայտնաբերեցին աշխարհի ամենաառաջին գինին, մօտաւորապէս Ք. Ա. 300-3500 թուագրութեամբ։ Թերեւս հեղինակներուն հարցադրումները պատասխան չէին ունենար, եթէ 2014ին չհամտեսէի իտալահայ Զօրիկ Ղարիպեանին, “Կարասի Արենի”ն, որ պատրաստուած է հայկական տարբեր տեսակի խաղողներէն եւ կը կրէ Արենի գիւղին անունը”, կը գրէ “Կարտիըն”ի յօդուածագիրը։

Ան կ՚աւելցնէ որ գինիի համտեսումը կ՚ապացուցանէ այդ ողորկ ու կենսունակ կարմիր գինիին մէջ տարիներու հնութիւնը։

Շարունակելով, յօդուածագիրը կը պատմէ որ իտալահայ Զօրիկ Ղարիպեան հայկական սփիւռքի այն գործարարներէն մէկն է, որ էական դեր խաղացած է գինիի արդիւնաբերութեան վերածնունդի գործին մէջ։

Յօդուածագիրը կը շեշտէ որ աւանդական գինեգործութեան արուեստագիտութեան հետ միասին հայ գործարարը իր գինին հինցնելու համար կը գոՌուսաստանի Վարչապետ Մէտվետեւի Ազդարարութիւնը

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2016
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
29  

Արխիւ