ՄԱՐՄԱՐԱ-ի լրահոս

ՄարմարաԱՄԵՐԻԿԱ ՄԻՇՏ ԿԸ ՊՆԴԷ ԹԷ ՓԷ-ԵԷ-ՏԷ ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆ ՉԷ

Գնդակը կ՚երթայ կուգայ ԱՄՆ-ի ու Թուրքիոյ միջեւ

Քրտական Փէ-Եէ-Տէ կազմակերպութիւնը ահաբեկչակա՞ն կազմակերպութիւն է ՓՔՔ-ին նման, թէ ոչ, կարելի չէ ահաբեկչական նկատել այս կազմակերպութիւնը, հիմա քանի մը օրէ ի վեր ա_յդ է որ իրարու կը հարցնեն Թուրքիա ու ԱՄՆ։ Ամէն ինչ սկսաւ երբ ԱՄՆ-ի Արտաքին Նախարարութեան Բանբեր Ճօն Գըրպի յայտարարեց որ իրենք Եէ-Տէ-Փէին չեն նայիր որպէս ահաբեկչական կազմակերպութիւն, անիկա ոյժ մըն է որ յաջող պայքար կը մղէ ահաբեկչական ԸՇԻՏ-ի դէմ եւ ԱՄՆ պիտի շարունակէ գործակցիլ Փէ-Եէ-Տէին հետ։ Ինչպէս գրած էինք, ասիկա հիմնովին կը հակասէր Նախագահ Էրտողանի այն պնդումին թէ Փէ-Եէ-Տէն ալ ՓՔՔ-է տարբերութիւն չունի։

Ինչպէս կը սպասուէր, Նախագահ Էրտողան զայրացաւ ԱՄՆ-ի Արտաքին Նախարարութեան Բանբերին այս յայտարարութենէն, բայց Գըրպի անդրդուելի մնաց, մէկ կողմէ Թուրքիան գովեց որպէս կարեւոր զինակից երկիր, մէկ կողմէ ալ կրկնեց որ Փէ-Եէ-Տէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն չէ։ Նախագահ Էրտողան երէկ ալ մուխթարներու հետ ունեցած իր նոր հանդիպման ընթացքին կոչ ըրաւ ԱՄՆ-ի ու ըսաւ.

“Է՛յ Ամերիկա, մենք շատ լաւ կը ճանչնանք ՓՔՔ-ն ու Փէ-Եէ-Տէն, մենք քեզմէ չէ որ պիտի իմանանք թէ ինչ են անոնք, դուն մե՞ր դաշնակիցն ես, թէ ոչ այդ ահաբեկիչներուն դաշնակիցը”։

Էրտողանի այս հեգնական ելոյթը Ուաշինկթընի մէջ նիւթ դարձաւ ԱՄՆ-ի Արտաքին Նախարարութեան Բանբերի Տեղակալ Մարք Թոնէրի հետ Ուաշինկթընի մէջ կատարուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, լրագրողներ Էրտողանի ըսածին մասին կարծիք հարցուցին ու Թոնէրն ալ կրկնեց որ ըստ ԱՄՆ-ի, Փէ-Եէ-Տէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն չէ։ “Թուրքիա երկուքին միջեւ կապ մը կը տեսնէ, բայց մենք այդ տեսակէտը չենք բաժներ” ըսաւ Թոնէր, որ աւելցուց որ ոչ մէկը պէտք է կասկած ունենայ թէ Թուրքիա կարեւոր դաշնակից մըն է Ամերիկայի։

“Մենք շատ լաւ կը հասկնանք Թուրքիոյ մտահոգութիւնները, այս նիւթերու շուրջ մենք կը շարունակենք խօսիլ իրարու հետ” ըսաւ Թոնէր, առանց սակայն փոխելու Նախագահ Էրտողանի կարծիքին հակասող իր տեսակէտը:

ԼԱՎՐՈՎԻ ՊՆԴՈՒՄԸ.- “ԱՆԳԱՐԱ ԳԱՂՏՆՕՐԷՆ ԿԸ ԲԱՆԱԿՑԻ ԸՇԻՏԻ ՀԵՏ”

Ռուսաստանի կողմէ շարունակ նոր դիրքաւորումներ կը բեմադրուին Թուրքիոյ դէմ։ Սուրիոյ սահմանին վրայ վար առնուած ռուսական ռազմասաւառնակի տագնապը իր անդրադարձը կ՚ունենայ նորանոր մարզերէ ներս։ Ռուսաստանի Արտաքին Նախարար Լավրով այս անգամ պնդեց որ ի ձեռին ունին տուեալներ, որոնք ցոյց կուտան թէ Թուրքիա գաղտնի բանակցութիւններ կը վարէ ԸՇԻՏ-ի հետ։ Ռուսական թերթի մը հետ կատարուած հարցազրոյցի ընթացքին Լավրով ըսաւ որ Թուրքիա ԸՇԻՏ-է քարիւղ կը գնէ ու փախստական ուղիներով Թուրքիա կը բերէ այդ քարիւղը, բայց Ռուսաստանի կողմէ Սուրիոյ մէջ կատարուած վերջին գործողութիւնները փակեցին փախստական այդ ճամբաները ու հիմա Թուրքիա ու ԸՇԻՏ պէտք ունին նոր ճամբաներ գտնելու։

Լավրով պնդեց տակաւին որ Թուրքիա կ՚ուզէ Սուրիոյ սահմանային շրջաններուն մէջ ստեղծել ապահովութեան գօտի մը, որովհետեւ կը վախնայ որ Սուրիոյ մէջ քրտական շրջանները իրարու կը միանան ու աւելի լայն տարածք մը կը պահեն իրենց հակակշռին տակ, ինչ որ կը դժուարացնէ ԸՇԻՏ-է գնուած քարիւղին ու այլ փախստական ապրանքներուն Թուրքիա փոխադրութիւնը։

Գալով այն տարաձայնութեանց ըստ որոնց Թուրքիա ցամաքային գործողութիւն մը կրնայ կատարել Սուրիոյ մէջ, Լավրով ըսաւ որ միջազգային համախոհութիւնը չ՚արտօներ որ Թուրքիա նմանօրինակ միջամտութիւն մը ընէ Սուրիայէ ներս, բայց կարելի չէ բոլորովին անտեսել այդպիսի հաւանականութիւն մը։

ԶԻՆԵԱԼ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ “ԵՆԻ ՇԱՖԱՔ” ՈՒ “ԵՆԻ ԱՔԻԹ” ԹԵՐԹԵՐՈՒ ՇԷՆՔԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ

Թուրքիոյ մէջ մամուլն ալ, քաղաքական զարգացումներու առընթեր, կ՚եռեւեփի ներքին փոթորիկներով, յստակ թշնամութիւն մը ստեղծուած է Ա-Գէ-Փէի ու Էրտողանի կողմնակից մամուլի ու ընդդիմադիր մամուլի միջեւ։ Այս թշնամութեան մէկ անդրադարձն ալ երէկ յայտնուեցաւ կառավարութեան կողմնակից երկու թերթերու վրայ կատարուած յարձակումներով։ Նոյն ժամերուն նոյն տեսակէ մոլոթոֆեան պայթուցիկներով դիմակաւորներու յարձակման ենթարկուեցան “Ենի Շաֆաք” եւ “Ենի Աքիթ” թերթերը։ Երկու թերթերուն շէնքերն ալ նիւթական լուրջ վնաս կրեցին։

Դիմակաւոր հինգ նախայարձակներ Ենի Շաֆաք թերթի Պայրամփաշայի շէնքին առջեւ հաւաքուեցան ու սկսան մոլոթոֆեան պայթուցիկներ նետել շէնքի մուտքին, միաժամանակ հրացաններով կրակ բացին շէնքին վրայ, յետոյ փախուստ տուին դէպի Աքսարայ։ Հրշէջ խումբեր փութացին մարելու պայթուցիկներու յառաջացուցած հրդեհը։ Նոյն ժամերուն նոյնատեսակ զէնքերով յարձակում մըն ալ գործուեցաւ “Ենի Աքիթ” թերթի Քիւչիւքչէքմէճէի շէնքին վրայ։ Դիմակաւոր նախայարձակներ պայթուցիկներ նետեցին, կրակ բացին շէնքին վրայ, ապա խոյս տուին։

Ոստիկանութիւնը այժմ քննութիւններ կը կատարէ նախայարձակները գտնելու ուղղութեամբ։

ՎԵՐԱՊՐՈՂ ՄԸ ԵՒՍ ՓԱԿԵՑ ԻՐ ԱՉՔԵՐԸ. ԹԷՈԼԻՆՏԱ ՖԷՐՄԱՆԵԱՆ

1 Փետրուարին, Փարիզեան արուարձաններէն Փանեէօ փոքրիկ քաղաքին մէջ իր աչքերը փակեց Թէոլինտա Ֆէրմանեան, որ տասնամեակներ առաջ կայք հաստատած էր այդ շրջանէն ներս։ Ան 1915ի արհաւիրքը տեսած վերապրողներէն մէկն էր։

Լուրը կը հաղորդէ “Նոր Յառաջ” երկօրեայ թերթը, նշելով որ Ֆէրմանեան ծնած էր Ատանայի մէջ, յետոյ թափառական կեանք մը ապրած էր Անատոլուէն դէպի Յունաստան, ապա Ալճերիա, ուր ալ աւելի ուշ պատերազմի ընթացքին կորսնցուցած էր իր զաւակներէն մէկը։ Հայու ճակատագիր…։ Ան միշտ հայեացքը դէպի հեռուն յառած շուրջիններուն կը պատմէր իր ականատեսի վկայութիւնները. “Կը վախնայինք, կը դողայինք։ Ամէն օր կ՚ըսէինք թէ պիտի գան անոնք եւ այդպէս ապրեցանք միշտ մահուան սպառնալիքի տակ”։

Հարիւր տարի ետք ալ այդ յուշերը միշտ կը չարչրկէին հոգին, բայց մանաւանդ այդ ահ ու սարսափէն ան երբեք չկրցաւ ձերբազատիլ ու զաւակներուն ու թոռնիկներուն ժառանգ ձգեց տարագրութեան այդ տարիներու ողբերգութեան յիշատակները։ Երկրի կարօտը սրտին մէջ Տիկին Ֆէրմանեան հեռացաւ այս աշխարհէն։

Հանգուցեալին յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ 5 Փետրուարին, Իսի լէ Մուլինոյի Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք մարմինը ամփոփուեցաւ Պանեէոյի գերեզմանատան մէջ։

ՏԱՐԱԲԱԽՏ ՅԱԿՈԲ ՏԷՄԻՐՃԻ ՀՈՂԻՆ ՅԱՆՁՆՈՒԵՑԱՒ

Երէկ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յուղարկաւորութիւնը Յակոբ Տէմիրճիի, որ շաբաթավերջին դաժանաբար սպաննուած էր իր տան մէջ կատարուած կողոպուտի ընթացքին։ Արարողութեան նախագահեց Հոգշ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Սգակիրներու կարգին, Տէմիրճիօղլուի այրիի՝ Սեդա Տէմիրճիի ու ընտանեկան մերձաւորներու հետ միասին կանգնած էին Շիշլիի նախկին Քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ եւ Շիշլիի փոխ-քաղաքապետ Վազգէն Պարըն, Պէշիկթաշի քաղաքապետութեան խորհրդականներէն Նուրհան Փալաքօղլու եւ հոծ բազմութիւն մը, որ եկած էր յարգանքի վերջին տուրք մատուցանելու ողբերգական մահով մեռած Յակոբ Տէմիրճիի յիշատակին։

Տէմիրճի ամոլի տան կողոպուտի լուրը կը շարունակէ մնալ օրակարգի վրայ ու այդ էր պատճառը, որ երէկ հեռատեսիլային կայաններու ու մամլոյ գործակալութիւններու թղթակիցներ հաւաքուած էին Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ մուտքին, դէպքի զարգացումներու առթիւ նորութիւններ ստանալու ակնկալութեամբ, բայց լրագրողները ներս չառնուեցան։

Յուղարկաւորութեան ընթացքին թրքերէնով դամբանական խօսեցաւ Թաթուլ Հայր Սուրբը, որ ըսաւ որ Աստուծոյ արդարադատութեան կ՚ապաւինինք բոլորս այսպիսի տմարդի ու գէշ արարքներէն հեռու մնալու համար։ “Այսպիսի անձեր, իրենց հոգիները վաճառած են երեք-չորս դրամի ու մարդու մը կեանքին վերջ տուած խեղճ անձեր են։ Աստուած է որ կեանք կուտայ ու Աստուած է որ կեանքը կ՚առնէ, ոչ մէկը իրաւունք ունի ուրիշի մը կեանքին վերջ տալու։ Ինչ կրօնքի կամ ինչ ցեղի ալ որ պատկանինք, այս եղածները անընդունելի են։ Կեանքի ճամբորդութեան վերջին կայան մը կայ եւ հիմա Յակոբ Տայտայը կ՚երթայ դէպի իր կեանքի վերջին հանգրուանը, ուր երկնային կեա_նքն է որ պիտի սկսի իր համար։ Այս անվստահելի աշխարհի մէջ արդարադատութեան տեղը գտնելու համար պէտք է որ անձայն չմնանք։ Կը սպասենք որ այս դէպքին հեղինակները իրենց արժանի պատիժը ստանան”, ըսաւ Հայր Սուրբը ու իր մխիթարութիւնը յայտնեց սգակիր ընտանիքին եւ բոլոր հարազատներուն։

Յուղարկաւորութեան աւարտին, երբ Ողբ. Յակոբ Տէմիրճիի մարմինը կը տարուէր դէպի Շիշլիի գերեզմանատունը, լրագրողներ շրջապատեցին Տիկին Սեդա Տէմիրճին, որու դէմքի վրայ տակաւին կ՚երեւէին ահաւոր դէպքի հետքերը, բայց տրուած ըլլալով որ հետաքննութիւնը կը շարունակուի, ընտանիքը լռութիւն պահեց։

Շիշլիի գերեզմանատան Յակոբ Տէմիրճի հողին յանձնուեցաւ իր ընտանեկան դամբարանին մէջ։

ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՍԿԱԾԵԱԼՆԵՐԸ ՏՐԱՊԻԶՈՆԷՆ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ ԲԵՐՈՒԵՑԱՆ

Տէմիրճի ամոլի հետ պատահած դէպքի զարգացումները կը շարունակուին եւ յանցաւոր խումբի անդամները, որոնք Իսթանպուլէն Տրապիզոն գացած էին հոնկէ Հայաստան խոյս տալու համար, ձերբակալուեցան ու երէկ բերուեցան Իսթանպուլ։

Լրատու աղբիւրներ կը նշեն որ աւազակախումբի անդամները Տրապիզոնի մէջ տուն մը վարձած էին ու հոն է որ ձերբակալուեցան ապահովութեան աշխատակիցներու կողմէ։ Հոն այդ տան մէջ գտնուեցաւ Ողբ. Յակոբ Տէմիրճիին պատկանող ձեռքի ժամացոյցն ու 20 հազար տոլար գումար մը։ Կը հաղորդուի թէ Տէմիրճի ընտանիքէն գողցուած է 1 միլիոն լիրա արժողութեամբ գոհարեղէն։
Ըստ սկզբնական վարկածի, կողոպուտի նախաձեռնողը Տէմիրճի ընտանիքի տան մէջ աշխատող հայաստանցին էր։ Ան հեռաձայնած էր Հայաստանի մէջ գտնուող իր ազգականներուն եւ կանչած էր զանոնք, նշելով որ Տէմիրճի ամոլը “շատ փող ունի”։

Ան է որ յանցագործներու առջեւ բացած է դուռը։

Ձերբակալեալ կասկածեալներէն հինգը կիներ են, իսկ երեքը այրեր։ Ներկայիս կազմակերպեալ յանցագործութիւններու բաժնին մէջ կը շարունակուի անոնց հարցաքննութիւնը։

Կը հաղորդուի որ կողոպուտն ու դաժան սպանութիւնը կատարած են երեք այրեր։ Յանցաւոր խումբի անդամներէն կին մը ինքնաշարժով սպասած է անոնց, իսկ ուրիշ մըն ալ որպէս պատահական անցորդ հսկած է փողոցի մէջ։ Կողոպուտէն ետք, յանցագործները վարձու ինքնաշարժով մը գացած են Տրապիզոն, ուր միացած են իրենց խումբի միւս անդամներուն։

Ոստիկանութեան արագ ու կազմակերպեալ գործողութիւններու շնորհիւ, յանցագործները ձերբակալուեցան ու խոստովանեցան իրենց ըրածը։

Հետաքննութիւնը կը շարունակուի ու հաւանական է որ նոր ձերբակալութիւններ ալ ըլլան։ Եթէ ոստիկանութիւնը յաւելեալ ժամանակամիջոց չպահանջէ, յանցաւոր խումբի անդամները Ուրբաթ դատարանի առջեւ պիտի ելլեն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2016
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
29  

Արխիւ