Յակոբ ու Սեդա Տէմիրճիի տան վրայ յարձակողները ձերբակալուեցան Տրապիզոնի մէջ
ՄՄամուլը կը հաղորդէ, որ կասկածելիներն ու անոնց երեք օգնականները հայաստանցիներ են, որոնք կը պատրաստուէին Հայաստան խոյս տալ
Լրատու գործակալութիւններ այս առաւօտ կը հաղորդեն թէ Տրապիզոնի մէջ ձերբակալուեցան երեք կասկածելիներ, որոնք Շաբաթ օր Տէմիրճի ամոլին տան մէջ վայրագ յարձակում գործողներն էին, սպաննած էին Յակոբ Տէմիրճին, վիրաւորած էին Սեդա Տէմիրճին, գողցած էին հարիւրհազար կամ երկուհարիւրհազար լիրա արժողութեամբ դրամ եւ գոհարեղէն։ Ինչպէս հաղորդուած էր, Յակոբ Տէմիրճի կապուած էր Խոզի Կապով ինչ որ շատ չարչարալից ձեւ մըն է։ Ոստիկանները, հրշէջներու օգնութեամբ մտած էին յարկաբաժնէն ներս ու փրկած էին Սեդա Տէմիրճիի կեանքը։ Ինչ մեղք որ երբեմնի նշանաւոր ոսկերիչ Յակոբ Տէմիրճի խեղդամահ եղած էր հարուածներու կամ խոզի կապի հետեւանքով։ Յակոբ Տէմիրճի այսօր հողին պիտի յանձնուի Ֆէրիգիւղի մէջ կատարելի յուղարկաւորութենէ ետք։
Արդ՝ մամուլը կը հաղորդէ լուրեր ըստ որոնց ոստիկանները, մեկնելով շուրջբոլորի ապահովութեան գամէրաներու ու գրպանի հեռախօսներու արձանագրութիւններէն, հետեւեցան երեք կասածելիներու հետքերուն, ստուգեցին որ անոնցմէ երկուքը օդային ճամբով, երրորդն ալ ցամաքային ճամբով Տրապիզոն գացած էին հոնկէ Վրաստան անցնելու նպատակով։ Արդարեւ ոստիկանութիւնը, գամէրաներու արձանագրութիւններուն մէջ տեսած է երեք անձեր որոնք պայուսակներով դուրս ելած էին շէնքէն։ Կը թուի թէ այս պայուսակները մեծ դեր կատարեցին կասկածելիներու հետապնդումին մէջ։ Այս ստուգումներէն ետք ոստիկանական յատուկ խմբակ մը Տրապիզոն գնաց ու երեք կասկածելիները ձերբակալեց անոնց մնացած տան մէջ։ Կասկածելիներուն վրայէն ելան կեղծ անցագրեր։ Բայց մամուլը կը գրէ որ երեք կասկածելիները Հայաստանցիներ են եւ անոնք Իսթանպուլի մէջ վայելած են ուրիշ Հայաստանցիներու օգնութիւնը։ Այս կէտը, եթէ անշուշտ ճիշդ է, առաւել եւս կը ծանրացնէ այս շատ ցաւալի սպանութեան ու կողոպուտին ստեղծած ընդվզումն ու ցաւը։
Անշուշտ մանրամասնութիւնները տակաւին յստակ չեն ու մամուլի մէջ գրուածներուն պէտք է նայիլ որոշ վերապահութեամբ մը, բայց “Սէօզճիւ” թերթի թղթակիցները կը հաղորդեն որ ընդամէնը ութը հոգի ձերբակալուած է եւ թերթը կուտայ անոնց անուններն ալ հետեւեալ կերպով. Արթիւր Ա., Սերժ Մ., Արամ Հ., Մարինա Է., Քրիստինէ Մ., Լիտա Պ., Նարկիզ Մ., Արմինա Մ.։ Կարգ մը թերթեր կը գրեն որ ասոնք արդէն Իսթանպուլ էին, ուրիշ թերթեր ալ կը գրեն որ այս կասկածելիները Տրապիզոնէն Իսթանպուլ պիտի բերուին հարցաքննութեան համար։
Հաղորդուած լուրերէն մէկուն մէջ ալ ըսուած է որ Իսթանպուլի ոստիկանութիւնը, զօրակցելով Տրապիզոնի ոստիկանութեան, խուզարկած է Տրապիզոնի Օրթահիսար Գաւառակի մէջ տուն մը ուր կը մնային, ըստ լրատու գործակալութեան, երեք հայ ցոփուհիներ։ Ոստիկանները տունէն ներս մտնելով հսկողութեան տակ առած են վեց անձեր, որոնցմէ երեքը կին էր։ Հապէր 61 գործակալութիւնը հաղորդեց թէ հսկողութեան տակ առնուած վեց հոգին ալ հայ է։ Ոճրագործութեան կասկածելիները միջոցներ կը փնտռէին Հայաստան խոյս տալու համար։
Կարօ Թայլան խորհրդարանի մէջ խօսեցաւ հայ-թրքական փակ սահմանի մասին
Հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան, որ Հէ Տէ Փէի անունով կ՚անդամակցի ծրագրումի ու պետական պիւտճէի յանձնաժողովի քննարկումներուն, երէկ ելոյթ մը ունեցաւ ու անդրադարձաւ նաեւ հայ-թրքական սահմանի փակ ըլլալու իրողութեան, նշելով որ եթէ սահմանը բաց ըլլար, ապա Հայաստան իր առեւտուրի մեծ մասը Թուրքիոյ հետ պիտի ընէր։
Կարօ Փայլան մասնաւորաբար ըսաւ հետեւեալը. “23 տարիէ որ Հայաստանի հետ սահմանը փակ է։ Հիմնաւորումը Ղարապաղեան հարցն է։ Եթէ սահմանը բաց ըլլար, Հայաստան իր առեւտուրին երեք չորրորդը Թուրքիոյ հետ պիտի իրականացնէր։ Մարդիկ պիտի գային ու երթային։ Յարաբերութիւնները պիտի զարգանային ու թերեւս այդպիսով Ղարապաղեան հարցն ալ պիտի լուծուէր։ Երկու կողմերն ալ կրնային այդ յարաբերութիւնները զարգացնել եւ խնդիրները պիտի լուծուէին”։
Թուրքիա անհանգիստ է ԱՄՆ-ի արտաքին նախարարութեան բանբերին յայտարարութենէն
Ամերիկայի Դեսպանը Արտաքին Նախարարութիւն Կանչուեցաւ.Ինչպէս հաղորդած էինք մեր երէկուան թիւով, ԱՄՆ-ի Արտաքին Նախարարութեան բանբեր Ճոն Գըրպի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ունեցած էր արտայայտութիւն մը որ խիստ հաւանաբար մեծ անհանգստութիւն պիտի ստեղծէր Թուրքիոյ իշխանութիւններու ու Նախագահ Էրտողանի մօտ։ Այդպէս ալ եղաւ։
Գըրպի ըսած էր որ իրենք Փէ-Եէ-Տէ կազմակերպութիւնը չեն տեսներ որպէս ահաբեկչական կազմակերպութիւն։ Ասիկա կը նշանակէր հիմնովին հակառակիլ Թուրքիոյ պնդումներուն, ըստ որոնց Փէ-Եէ-Տէ ՓՔՔի Սուրիոյ մէջ գործող ճիւղն է։ Գըրպիի այս ցնցիչ յայտարարութիւնը իրապէս անհանգստացուց Թուրքիան, Արտաքին Նախարարութեան մօտ կանչուեցաւ ԱՄՆ-ի Անգարայի դեսպանը ու դիւանագիտական լեզուով անոր բացատրուեցաւ որ Թուրքիա շատ անհանգստացած է Գըրպիի այս մերձեցումէն։ Արտաքին Նախարարութեան Փոխ Խորհրդական Իւմիտ Եալչընն է որ դիմաւորեց ԱՄՆ-ի դեսպան Պասը եւ բացատրեց թէ Թուրքիա լրջօրէն անհանգստացած է Ճոն Գըրպիի խօսքերէն։
Թուրքիա որ միջոցէ մը ի վեր գլխացաւ ունի Ռուսաստանի հետ, բնականաբար պիտի չուզէ գլխացաւ ունենալ նաեւ ԱՄՆ-ի հետ, բայց Թուրքիոյ Արտաքին Նախարարութիւնը չվարանեցաւ խիստ հակազդեցութիւն ցոյց տալու։ Թէեւ Ճոն Գըրպի, մէկ օր վերջ, նոր մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին արտասանեց Թուրքիոյ համար այս անգամ հաճելի խօսքեր, ըսաւ որ ՓՔՔ-ն ծանր յարձակումներ կը գործէ եւ այս կազմակերպութիւնը անպայման պէտք է դադրեցնէ թուրք ժողովուրդի վրայ գործուած յարձակումները, բայց ան կրկնեց որ Փէ-Եէ-Տէի հարցի մէջ իրենց տեսակէտը չէ փոխուած։ Իսկ Թուրքիոյ Արտաքին Նախարար Չավուշօղլու քննադատեց Ամերիկան, ըսաւ որ ԱՄՆ ահաբեկչական մէկ մարմինը կ՚ընդունի իբր այդ, բայց միւսը չընդունիր իբր ահաբեկչական կազմակերպութիւն ու ասիկա ընդունելի չէ։
Մալաթիոյ մէջ կազմաքանդուեցաւ 200ամեայ հայկական շինութիւն մը
Մալաթիա նահանգի Տարենտէ շրջանին մէջ կազմաքանդուեցաւ հայկական պատմական շինութիւն մը։ Տարենտէի քաղաքապետարանը որոշում կայացուցած էր շրջանի կիսաքանդ շինութիւնները կազմաքանդելու մասին, որովհետեւ այդ շէնքերը վտանգաւոր էին ու կրնային ամէն վայրկեան փուլ գալ։ Որոշման ծիրէն ներս կազմաքանդուեցաւ նաեւ Տարենտէի “Հայիք Էրթէղի” թաղի ամենահին տուներէն մէկը “Տէմիրճիլէր էվի”ն (Երկաթագործներու տուն), որ հայկական շինութիւն է եւ 200ամեայ անցեալ մը ունի իր ետին։
Պատմական այս շինութիւնը կը բաղկանար քսան սենեակներէ եւ անտէրութեան մատնուելէ եւ քսան տարի դատարկ մնալէ ետք, յայտնուած էր վտանգաւոր վիճակի մէջ։
Տան ներկայ սեփականատէր Հաճը Ահմէտ Սոյլէմէզ դիտել տուաւ որ “Երկաթագործներու տուն”ը Տարենտէի ամենահին տունն էր ու հայերէ ժառանգութիւն մնացած էր։ Դուռներն ու առաստաղը փայտագործ վարպետներու ձեռքի աշխատանքով պատրաստուած էին։ Շէնքը մշակութային արժէք կը ներկայացնէր, բայց անտէրութեան մատնուեցաւ ու քանդուեցաւ, նշեց ան։
Շահան Արծրունի քաղաքիս մէջ
Տաղանդաւոր դաշնակահար ու երաժշտագէտ Շահան Արծրունի քանի մը օրուան համար քաղաքս ժամանած է եւ ան մէկն է մեր այն սիրելի բարեկամներէն, որոնք եթէ քաղաքս գան, անպայման կ՚այցելեն Խմբագրատուն ու ողջոյն մը կը բերեն իրենց աշխարհէն։ Արծրունի, որ Նիւ Եորք կը բնակի, եւ որ ընդհանրապէս երաժշտական ծրագիրներով կուգայ քաղաքս, այս անգամ եկած էր պարզապէս անձնական գործերու համար, բայց ան միշտ արդէն երաժշտական բեղուն աշխատանքի մէջ է թէ_ որպէս գործադրող, թէ_ որպէս ծանօթացնող ու տեսաբան։ Երէկ հաճոյքն ունեցանք զինքը տեսնելու մեր Խմբագրատան մէջ։
Մեր սիրելի արուեստագէտը մեզի բացատրութիւններ տուաւ իր վերջին աշխատանքներուն մասին, որոնք կեդրոնացած են հայ երաժշտութեան սկաւառակներու նոր շարք մը պատրաստելու վրայ, մօտաւորապէս ութը ձայնապնակ, սկսելով Ալան Յովհաննէսէ ու մեծանուն հայ երաժիշտներէ։ Ինչպէս գիտենք, Արծրունի աւելի առաջ ալ պատրաստած է նմանօրինակ շարքեր, եւ ան մեր երաժշտասէրներուն ծանօթացուցած է երաժշտասէրներու քիչ ծանօթ տաղանդաւոր Ալան Յովհաննէսը, յօրինող մը որ հայոց երաժշտութեան ու Վանայ համայնապատկերի խորերէն դուրս բերած է շատ արդիական ու ազգաշունչ երաժշտութիւն մը։
Բարի կեցութիւն կը մաղթենք սիրելի Շահան Արծրունիին։
Leave a Reply