Կարօ Փայլան Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ անդրադարձած է հայ-թրքական սահմանին փակ ըլլալուն

Կարօ ՓայլանԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ խորհրդարանի ծրագրումի եւ ամավարկի յանձնաժողովի քննարկումներուն մասնակցող հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան իր ելոյթին ընթացքին անդրադարձած է նաեւ հայ-թրքական սահմանին փակ ըլլալու իրողութեան՝ նշելով, որ եթէ անիկա բաց ըլլար, ապա Հայաստան իր առեւտուրի մեծ մասը Թուրքիոյ հետ պիտի ընէր:

Ըստ թրքական «Սոնտաքիքա» լրատուական կայքին՝ Փայլան մասնաւորապէս ըսած է. «23 տարի է, որ Հայաստանի հետ սահմանը փակ է: Հիմնաւորումը Ղարաբաղն է: Եթէ սահմանը բաց ըլլար, Հայաստան իր առեւտուրին երեք չորրորդը Թուրքիոյ հետ պիտի իրականացնէր: Մարդիկ պիտի գային ու երթային: Յարաբերութիւնները պիտի զարգանային, եւ թերեւս այդպիսով Ղարաբաղի հարցն ալ կը լուծուէր: Երկու կողմերն ալ կրնային այդ յարաբերութիւնները զարգացնել, եւ խնդիրները պիտի լուծուէին»:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2016
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
29  

Արխիւ