ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Սկսած են արդէն «Արմէն» ճամբարի տարածքին մէջ բարեկարգման եւ վերակառուցման աշխատանքները: Սոյն աշխատանքները կարգաւորելու համար կազմուած է յանձնախումբ մը, որուն կազմին մէջ ներկայացուցիչներ ունին «Տիւշիւնճէ» (կարծիք, տեսակէտ) հարթակը, «Հայճար»ը, Հրանդ Տինքի անուան հիմնարկը, Կետիկփաշայի Հայ աւետարանչական եկեղեցին, ինչպէս նաեւ «Գալֆայեան», «Դպրեվանք» եւ «Գարակէօզեան» հաստատութիւնները:
«Տիւշիւնճէ»էն Յարութ Էօզեր բացատրութիւններ տուած է յառաջիկայ գործընթացին մասին՝ նշելով. «Կ՛ուզենք կառուցել միջազգային չափանիշներով օրինակելի ճամբար մը, որմէ թէ՛ Թուրքիայէն եւ թէ աշխարհի տարբեր տեղերէն երեխաներ պիտի օգտուին: Ներկայիս արդէն իսկ ունինք Գընալը կղզիի Կազդուրման կայանի օրինակը: Յանձնախումբը յառաջիկային զանազաններու հետ հանդիպումներ եւ ժողովներ պիտի գումարէ: Այս գործընթացին նեցուկ կանգնիլ ուզող բոլորին հետ շփուելու եւ անոնց կարծիքները լսելու տրամադիր ենք»:
Յանձնախումբի աշխատանքներուն զուգահեռ, Թուզլայի քաղաքապետարանը ճամբարի տարածքին մէջ սկսած է մաքրութեան աշխատանքներու: Քաղաքապետարանի կազմերը Փետրուար 2էն ի վեր տարածքը կը մաքեն:
«Հայճար»էն Նազար Պինաթլը, «Տիւշիւնճէ»էն Յարութ Էօզեր եւ Կետիկփաշայի Հայ աւետարանչական եկեղեցւոյ վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու հսկած են այդ աշխատանքներուն:
Յիշեցնենք, որ «Արմէն» ճամբարը ներկայիս կիսաքանդ վիճակի մէջ է, որովհետեւ անոր նախկին «սեփականատէր»ը անցեալ տարուան Մայիսին սկսած էր ճամբար-որբանոցը քանդելու տալու, սակայն հայ համայնքի բողոքի լայնածաւալ միջոցառումներուն շնորհիւ՝ կարելի եղաւ քանդումը դադրեցնել: Հոկտեմբեր 27ին, ճամբարը վերադարձուեցաւ հայ համայնքին:
1961ին, այս ճամբարը գնուած էր Հայ աւետարանչական եկեղեցւոյ կողմէ եւ ծառայած էր իբրեւ ամառնային ճամբար՝ կարիքաւոր եւ որբ սաներու համար: Հոն հասակ նետած են Հրանդ Տինք եւ անոր կինը՝ Ռաքելը: Աւելի ուշ, ճամբարը ապօրինաբար խլուած էր հայ համայնքէն։
Asbarez.com
Leave a Reply