Շուէտի դպրոցներուն մէջ ցեղասպանութիւն առարկան դասաւանդելու հարցը քննարկման փուլի մէջ է։ Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, նշած է Շուէտի մէջ Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Արշակ Գաւաֆեան, իր հետ կայացած հարցազրոյցի մը ընթացքին։ Ան ներկայացուցած է յանձնախումբի 2016 թուականի ծրագիրները:
-Պարոն Գաւաֆեան, Շուէտի մէջ Հայ Դատի յանձնախումբը 2016 թուականի համար ի՞նչ ծրագիրներ նախատեսած է:
-Կարեւոր հարցերէն մէկը, որուն ուղղութեամբ մենք կ՝աշխատինք շատ աշխոյժ կերպով, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն է Շուէտի կառավարութեան կողմէ: Ինչպէս գիտենք, 2010 թուականին Շուէտի խորհրդարանը հայերու, ասորիներու, յոյներու նկատմամբ Օսմանեան կայսրութեան մէջ կատարուածը ճանչցաւ ցեղասպանութիւն, բայց կառավարութեան կողմէն քայլեր չեղան: Այդ ուղղութեամբ աշխատանք կը տանինք, որ Շուէտի կառավարութիւնը եւս ընդունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Խորհրդարանի ընդունելէն յետոյ անցած է հինգ տարի, մենք նամակ գրած ենք կառավարութեան, որ քայլեր ձեռնարկէ, պատասխան ստացած ենք, թէ յանձնախումբ պիտի ձեւաւորեն, որ հարցը քննուի: Մենք, ի հարկէ, ըսինք, որ հարցը քննելու խնդիր այստեղ չկայ, բայց յանձնաժողովը քննեց եւ զեկոյց ներկայացուց, ուր չի շեշտուիր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը: Միեւնոյնն է, այդ հարցը մեր օրկարագին վրայ է եւ պէտք է հետեւողական ըլլանք, որ Շուէտի կառավարութիւնը եւս ընդունի:
-Հարցը հասարակութեան լայն շրջանակի մէջ հասանելի դրաձնելու համար ի՞նչ քայլեր կ՝իրականացնէք:
-Մասնաւորապէս, կը նախատեսենք այնպէս ընել, որ Շուէտի դպրոցներուն մէջ դասաւանդուի ցեղասպանութիւն առարկան: Ատիկա շատ կարեւոր է, ի վերջոյ մարդիկ դեռ փոքր տարիքէն ծանօթ պիտի ըլլան պատմութեան:
-Աջակցիներ ունի՞ք:
-Այո, աջակիցներ ունինք: Սկիզբը կապ ստեղծեցինք շուէտական կուսակցութիւններու հետ: Գրեթէ բոլորին հետ կապ ստեղծած ենք, եւ ատիկա կ՝օգնէ մեզ տարբեր հարցերու մէջ: Բացի այդ, կապեր հաստատած ենք շուէտ-հայկական միջխորհրդարանական խումբին հետ: Տեղի տարբեր կազմակերպութիւններու, ազգային փորքամասնութիւններու հետ կ՝աշխատինք շատ աշխոյժ: Դպրոցներուն մէջ ցեղասպանութիւն առարկան դասաւանդելու հարցը առայժմ քննարկման փուլի մէջ է: Քանի որ անոր հասնելու համար կան քանի մը ճանապարհներ, այժմ կը փորձենք հասկնալ, թէ որն է առաւել արդիւնաւէտը:
-Պարոն Գաւաֆեան, ի՞նչ ծրագիրներ ունիք կապուած Արցախի հարցին հետ:
-Անշուշտ Արցախի հարցը նոյնպէս մեր օրակարգին վրայ է: Մեր խնդիրն է տարբեր հարթակներու վրայ բարձացնել այդ հացը: Մենք կը ներկայացնենք Ատրպէյճանի վարած քաղաքականութիւնը, այն, թէ պաշտօնական Պաքուն ինչ ուղիներ կ՝ընտրէ տարբեր կառոյցներու մէջ ազդելու համար: Մեր հիմնական նպատակներէն մէկն է, այնպէս ընել, որ Արցախի անկախութիւնը ճանչցուի: Պաշտօնական նամակներ յղած ենք կառավարութեան, Արտաքին գործոց նախարարութեան: Երբ Ատրպէյճանը սահմանին իրավիճակ սաստկացուց, նամակ ուղարկեցինք Շուէտի կառավարութեան` ըսելով, որ Արեւմուտքը, ներառեալ Շուէտը պէտք է արձագանգէ: Բողոքի նամակ ուղարկած ենք նաեւ Կարէն Պետրոսեանը գերի վերցնելու ժամանակ: Մեր կողմէն հետեւողական աշխատանքը կը շարունակուի: Ծրագրած ենք, որ Շուէտի որոշ պատագամաւորներ հրաւիրենք Արցախ: Ի վերջոյ, այլ բան է բանաւոր, թէկուզ փաստերով, ներկայացնելը, այլ բան է տեղւոյն վրայ իրավիճակին ծանօթանալը: Բացի այդ, ապագային կը ծրագրենք կազմակերպել Արցախի քաղաքական դէմքերու այցը Շուէտ` այստեղ հանդիպումներ ունենալու նպատակով: Ի դէպ, մենք մեր աշխատանքները կը համադրենք Եւրոպայի Հայ Դատի ֆետերացիայի հետ, որպէսզի աւելի ուժեղ եւ արդիւնաւէտ աշխատանք տարուի Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ անոնց կողմնակիցներուն դէմ:
-Իսկ համայնքէն ներս ի՞նչ խնդիրներ կան, արդեօ՞ք անիկա համախմբուած է այս կամ այլ հարցի շուրջ:
-Մեր համայնքը՝ համեմատած այլ երկիրներու հին հայկական համայնքներուն հետ՝ բաւական նոր է: Անիկա սկսած է ձեւաւորուիլ 1970-ական թուականներու կէսերուն: Ունինք 12,000 հայ` Միջին Արեւելքի տարբեր երկիրներէ, վերջերս ալ` Հայաստանէն: Կրնամ ըսել, որ ներսը լաւ յարաբերութիւններ կան, աշխոյժ համագործակցութիւն` միութիւններու հետ: Հայկական հարցերու հետ կապուած կը գործենք համախմբուած: Օրինակ, ԵԽԽՎ-ի մէջ հակահայկական զեկոյցի քննարկման հետ կապուած, նախ աշխատանք տարուեցաւ ԵԽԽՎ-ի մէջ Շուէտի պատգամաւորներու հետ: Բացի այդ, ստորագրահաւաք կազմակերպուեցաւ ընդդէմ զեկոյցներուն: Շուէտի մէջ հայկական համայնքը աշխոյժ մասնակցոթիւն ունեցաւ:
Ի դէպ, մենք աշխոյժ կապի մէջ ենք Հայաստանի հետ: Հայ Դատի յանձնախումբը ամիսներ առաջ պաշտօնական հանդիպում ունեցաւ Սփիւռքի նախարար տիկին Հրանոյշ Յակոբեանի հետ: Քննարկուեցան ընթացիկ հարցեր եւ առաջիկայ ծրագիրներ:
http://www.yerakouyn.com/?p=99503
Leave a Reply