(ֆրանսացի լրագրող Առնո Համելէնի հարցազրոյցը ԱՍԱԼԱ-ի մարտիկ Լեւոն Էքմէքճեանի հետ)
Հայ ազգային-ազատագրական շարժման նուիրեալ՝ ԱՍԱԼԱ-ի (ՀԱՀԳԲ) մարտիկ Լեւոն Էքմէքճեան, մահապատժէն օրեր առաջ Անգարայի մէջ՝ Մամակի բանտէն ներս, հարցազրոյց տուած է ֆրանսացի լրագրող Առնո Համելէնին: Ստորեւ կը ներկայացուի 1982 թ. Օգոստոսի 7-ին Անգարայի մէջ իրականացուած «Կարին» գործողութիւնը եւ վերոնշեալ հարցազրոյցը՝ որոշ կրճատումներով:
Անգարայի «Էսէնպողա» Օդակայանի Գործողութիւնը
Շաբաթ օրը՝ 1982 թ. Օգոստոսի 7-ին, ժամը 16.15 վարկեանին Զոհրապ Սարգիսեանն ու Լեւոն Էքմէքճեանը, երկուքն ալ ԱՍԱԼԱ-ի մարտիկներ, մտան Անգարայի օդանաւակայան եւ ուղղուեցան միջազգային երթուղիներու սպասասրահը: Վրիժառուներն իրենց զէնքերը հանեցին այն պահին, երբ Լիւֆթանսա ընկերութեան բազմաթիւ ուղեւորներ (գերազանցապէս թուրք արտագնայ բանուորներ) մաքսատան վերջին ձեւակերպումները կը կատարէին ինքնաթիռ նստելու համար:
Սկսաւ Պէյրութի մէջ մշակուած «Կարին» գործողութիւնը: Ֆետայիններէն մէկը ձեռնառումբ կը նետէ, որ կը պայթի անձնագրերու ստուգման պատուհանի մօտ, միւսը ինքնաշխատ հրացանով կրակ կը բանայ ահաբեկուած ամբոխին վրայ:
Երկար յապաղումէն ետք, որու պատճառը գրոհի անսպասելիութիւնն էր, օդանաւակայանի ապահովութեան ուժերը հակայարձակման կ’անցնին: Բուռն փոխհրաձգութենէն յետոյ, Լեւոն Էքմէքճեանը ծանր կը վիրաւորուի ու կ’իյնայ, իսկ զինընկերը 23 պատանդ վերցնելով, կը փակուի ճաշարանի սրահէն ներս: Ամերիկացի ուղեւոր տիկին Պոսֆորտը, փախչելու փորձի համար, թիկունքէն կը վիրաւորուի եւ կը մահանայ: Այդ նոյն ժամանակ, երիտասարդ թուրք մը՝ Անգարայի համալսարանի ուսանող Սիքթի Պեքիր զէնքերը կրնայ ճաշարանի պատուհանէն դուրս նետել, բայց շէնքը շրջապատած թուրք ոստիկանները անոր ահաբեկիչի տեղ դնելով՝ կը գնդակահարեն:
Աւելի քան չորս ժամ Զոհրապ Սարգիսեանը մինակ կը դիմադրէ ապահովութեան ուժերուն, մինչեւ որ ինքն ալ կ’իյնայ: Գործողութեան հետեւանքը՝ 11 սպանուած, 63 վիրաւոր (իրականութեան մէջ՝ 9 սպանուած եւ 82 վիրաւոր): Զոհերէն երկուքը օտարերկրացիներ են, երրորդը՝ օդանաւակայանի ոստիկանութեան փոխհրամանատարը (Համտի Եահիաօղլու): Լեւոն Էքմէքճեանին՝ գրոհի սկիզբը վիրաւորուած հայ մարտիկին, կը փոխադրեն Անգարայի հիւանդանոց:
Պէյրութի մէջ տարածած հաղորդագրութեան մեջ ԱՍԱԼԱ-ն կը յայտարարէ, որ գործողութիւնը կատարած է «Խրիմեան Հայրիկ» վրիժախումբը, որպէս բողոք՝ հայկական հողերու թրքական բռնազավթման դէմ եւ կը սպառնայ եւրոպական երկրներուն ու Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւններուն՝ նման գրոհներ ձեռնարկել այդ երկիրներու բոլոր կարեւոր ռազմավարական կեդրոններու վրայ, եթէ հայ քաղբանտարկեալները եօթ օրուայ ընթացքին ազատ չարձակուին:
ԱՍԱԼԱ-ի այս բռնարարքը հինգ տարուայ ընթացքին Թուրքիոյ մէջ կատարուած ամենանշանակալից ու արիւնահեղ գործողութիւնն է: 8 Յունուար 1978 –ին ԱՍԱԼԱ-ի նախաձեռնութեամբ չորս ականահարում տեղի կ’ունենայ Իզմիրի մէջ, բազմաթիւ ռումբեր կը պայթեցուին Պոլսոյ եւ Անգարայի մէջ, 7 Հոկտեմբերին Պոլսոյ մէջ այլ գործողութիւններ նիւթական զգալի հարուած կը հասցընեն: 6 Մայիս 1979-ին ԱՍԱԼԱ-ն յարձակման թիրախ կը դարձնէ Պոլսոյ օդակայանը, 29 Սեպտեմբերին Անգարայինը եւ վերջապէս Դեկտեմբերին ԱՍԱԼԱ դարձեալ կը հարուածէ Պոլսոյ մէջ
Անշուշտ, ահռելի տարբերութիւն կար նախորդ բոլոր եւ 7 Օգոստոս 1982-ի «Օրլի» օդակայանի ահաբեկչութեան միջեւ, չնայած հայկական գաղտնի զինուած կազմակերպութիւնները մինչ այդ հանդէս եկած էին թուրք ժողովուրդին ուղղուած հետեւեալ յայտարարութեամբ. «Մեր զինուած պայքարն ու պահանջատիրութիւնն ուղղուած է ոչ թէ թուրք ժողովուրդին, որու նկատմամբ ոչ մէկ թշնամանք ունինք, այլ կառավարութեան դէմ, որ կը շարունակէ չընդունիլ հայոց ցեղասպանութիւնը…»:
ԿԸ ԽՕՍԻ ՄԱՀԱՊԱՐՏԸ
Թուրքիոյ արտաքին գործերու եւ լրատուութեան նախարարութիւնները մեզ թոյլ տուին հանդիպիլ Լեւոն Էքմէքճեանի հետ, որու զինուորական ատեանը դատապարտած էր մահապատժի՝ կախաղանի միջոցաւ: Դատավճիռի հրապարակումէն առաջ Լեւոնը յայտարարած էր.
-Ես այստեղ եկած էի ոչ թէ որպէս ահաբեկիչ, այլ հայրենիքի ազատագրութեան զինուոր…
Լրատուութեան նախարարութեան յատուկ ինքնաշարժը կանգնեցաւ Անգարայի մօտ գտնուող Մամակի զօրանոցի պահակակէտին մօտ… Ժամապահը մօտեցաւ, ստուգեց մեր ինքնութիւնը՝ վարորդ մը, նախարարութեան երկու թուրք պաշտօնեայ, ֆրանսացի լրագրող: Զինուորը իւրաքանչիւրիս անցաթուղթ տուաւ եւ մենք մեծ արագութեամբ մտանք ներս, անցանք դէմ-դիմաց ցցուած հրանօթներու փողերու միջանցքով… Երկրորդ պահակակէտին մօտ մեր անցաթուղթերը ստուգեցին եւ փոխեցին:
Մի քանի վարկեան անց հասանք զինուորական բանտի փշալարէ ուղեփակոցին: Երկու սպաներ մեզ առաջնորդեցին նոր պահակակէտ մը, ուր ենթարկուեցանք մանրակրկիտ խուզարկման: Անոնցմէ չխուսափեցան անգամ նախարարութեան պաշտօնեաները:
Բանտի զինուորական հրամանատարը մէկ մէթր իննսուն սանթիմէթրանոց հսկայ էր: Ան մեզ ընդունեց առանձնասենեակի մէջ, ճշգրտեց հարցազրոյցի մանրամասնութիւնները … Թիւրիմացութիւններէ խուսափելու համար հրամանատարն արտօնեց հարկ եղած պարագային հարցերը, պատասխանները թարգմանել ու ձայնագրել:
Ապա ներս մտաւ սպայ մը եւ հանդիսաւոր յայտարարեց.
-Ահա՛ Լեւոն Էքմէքճեանը…
Ան հագած էր տարչնագոյն անդրավարտիք, գծաւոր պլուզ։ Թարմ սափրուածքով կը թուար շատ հանգիստ ու հաւասարակշիռ։ Գոնէ՝ արտաքուստ։ Ծանօթանալէ ետք կը նստի։ Մենք կը տեղաւորուինք փոքր սեղանի շուրջը, որու վրայ զինուոր մը երկու բաժակ թէյ ու ծխախոտ կը դնէ։ Առաջին բառերը, որ ան կ’արտասանէ թարգմանիչ սպայի ներկայութեամբ, մեզ կը շոյեն․
– Շնորհակալութիւն, որ եկած էք։ Մինչեւ հիմա ինձ ոչ ոք չէ այցելած։
Մեր կողքին նստած երիտասարդը ծայրայեղականի կամ մոլագարի տպաւորութիւն չի թողուց, այնինչ Թուրքիոյ մայրաքաղաքի մէջ տեղի ունեցած բռնարարքը ենթադրել կու տար, որ կազմակերպիչներն ու իրականացնողները պէտք է նախապատրաստական երկար աշխատանք կատարած ըլլային ու հիմնաւոր պատճառաբանութիւն ունենային։
Իհարկէ, թատերականացուած մեղանչումներն ու անակնկալ խոստովանութիւնները, որ կարելի է լսել ու տեսնել, օրինակ, Իրանի մէջ իսլամական ատեանի առաջին նիստերու ժամանակ, միշտ ալ թերահաւատութիւն առաջացուցած են․ այնպէս, ինչպէս դժուար է անվերապահ հաւատալ Սատէղ Ղոթզատէին (Իրանի արտգործնախարարը, որ 1979-ի իսլամական յեղափոխութենէն ետք մահապատժի ենթարկուեցաւ), որ հեռուստատեսային հանդիպման ժամանակ ընդունեց իր դաւաճանութիւնը պարսիկ ժողովուրդի նկատմամբ ու ներում հայցեց, այդպէս ալ մենք ընթերցողին կը ձգենք որոշելու այս հարցազրոյցի պատասխաններու անկեղծութեան աստիճանը։
Թարգմանիչ․
– Պարոն Առնո Համելէնը ֆրանսացի լրագրող է, Ֆրանսայէն յատուկ եկած է ձեզ հանդիպելու։ Ան յօդուածաշար ու գիրք պիտի գրէ, կ’ուզէ ձեզ քանի մը հարց տալ։
– Իմ անունը Լեւոն Էքմէքճեան է, ծնած եմ Լիբանան՝ 1958-ին։ 24 տարեկան եմ։
– Ինչպէ՞ս նախապատրաստուեցաւ Անգարայի օդանաւակայանի գրոհը։ Բուն նպատակը ի՞նչն էր։
– Բուն նպատակը հայկական հողերու պահանջատիրութիւնն էր ըսելու համար, որ այդ հողերը մերն են: Մենք թրքական կառավարութիւնէն կը պահանջենք, որ վերջապէս ընդունի՛ մեր իրաւունքները։ Այսքան։
– Դուք կը կարծէիք, որ յարձակումէն յետոյ կրնայիք փախչի՞լ։ Կ’ուզեմ ըսել՝ այդ ինքնասպանակա՞ն գործողութիւն էր։
– Իննսունինը տոկոսով փախչելու յոյս չկար, մեր նպատակը ժողովուրդէն պատանդ վերցնելն ու եթէ հնարաւոր ըլլար՝ մէկ այլ երկիր թռչելու համար ինքնաթիռ պահանջելն էր։
– Հայկական կազմակերպութիւնները միշտ կը յայտարարէին, որ թուրք ժողովուրդի վրայ երբեք չեն յարձակիր, անոր դէմ թշնամանք չունին․․․ Բռնարարքին նախապատրաստուելու ժամանակ դուք նման հետեւանք կը կանխատեսէիք։
– Ո՛չ, ամենեւին։ Մենք հասանք այստեղ, որպէսզի մեր զէնքն ուղղենք կառավարութեան դէմ, բայց, ի հարկէ, դուք ճիշդ էք, ես ալ շատ կը ցաւիմ, որ ժողովուրդը տուժեց։ Չեմ գիտեր, ինչպէս բացատրել այդ մէկը ։ Այն, ինչ ԱՍԱԼԱ-ն որոշած էր եւ այն, ինչ տեղի ունեցաւ, լիովին կը հակասեն իրար։ Մենք չէինք գիտեր, որ այսպէս պիտի պատահէր․․․
– Ինչո՞ւ դուք մտաք ԱՍԱԼԱ-ի շարքերը՝ 1915-ի ցեղասպանութեան զոհերու վրէժը լուծելո՞ւ, թէ հայկական հողերը վերադարձնելու նպատակով։
– ․․․ Եթէ դուք ժամանակ ունենայիք, սիրով կը բացատրէի իմ՝ ԱՍԱԼԱ-ին անդամագրուելու պատճառները։ Այդ խիստ անձնական խնդիր է։ Լիբանանահայութեան կեանքն զգալիօրէն տարբեր է միւս երկրներուն մէջ ապրող հայերու կեանքէն։ Պատերազմները հայ երիտասարդութեան վրայ շատ ազդած են…
– Որքա՞ն ժամանակ է, որ բանտ կը գտնուիք։
– Իմ գիտակցութիւնը վերականգնուած է է 7 Սեպտեմբերին ՝ ուրեմն երկու ամիսի ի վեր հոս եմ։ Ինձ կանոնաւոր սնունդ կու տան, եթէ ուզեմ՝ կրնամ ընթերցել, մէկ խօսքով՝ այս մարդոց հետ որեւէ խնդիր չունիմ։
– Ձեր ծնողները ո՞ւր են։ Միջազգային մամուլը հաղորդեց, որ անոնց թոյլ տրուած է այցի գալ ձեզ։ Անոնք գիտէի՞ն, որ դուք անդամակցած էք ԱՍԱԼԱ-ին։
– Ո՛չ, չէին գիտեր։ Լիբանանի մէջ հրաժեշտ տալու պահին ըսած եմ, որ մեր գիւղը պիտի երթամ։ Բնականաբար, անոնք պէտք չէ որեւէ բան գիտնային ԱՍԱԼԱ-ի յանձնարարութեան մասին․․․
– Դատն արդէն աւարտուած է, դատավճիռը ձեզ յայտնա՞ծ են։
– Այո՛, ես մահուան դատապարտուած եմ։ Իմ գործը կը գտնուի վճռաբեկ ատեանի մօտ, որ եթէ որոշումը հաստատէ՝ իսկոյն ի կատար պիտի ածուի։ Ճիշդ յաջորդ առաւօտը։
29 Յունուար 1983-ի առաւօտեան Լեւոն Էքմէքճեանին կախեցին Մամակի բանտին մէջ։ Մահէն առաջ հերոսը գրած էր․ «․․․Ինձ ոչ ոք չայցելեր, ոչ ոք չեմ տեսներ։ Ես պիտի կարենամ զսպել իմ ապրումներն ու հեռանալ այս աշխարհէն»։
Arevelk.am
Leave a Reply