Ամերիկեան համալսարաններու մէջ Ցեղասպանութեան ուրացման դէմ ցոյցերը ուշադրութիւն կը գրաւեն

Ցեղասպանութեան Ուրացման Դէմ ՑոյցերՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Հինգշաբթի, փետրուար 4ին, Հայ ուսանողական միութիւններու համախմբումը հանդիսացող Համահայկական ուսանողական միութիւնը (All-ASA), Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման բողոքի լուռ ցոյցեր կազմակերպեց Միացեալ Նահանգներու շարք մը համալսարաններուն մէջ, համագործակցութեամբ ՀԵԴի Արեւմտեան եւ Արեւելեան Ամերիկայի մարմիններուն, ՀՅԴ «Շանթ» ուսանողական միութեան, ինչպէս նաեւ «Ալֆա Կամա Ալֆա» եւ «Ալֆա Էփսիլոն Օմեկա» ուսանողական ընկերակցութիւններուն։

«Ուրացման Արատ» ընդհանուր խորագիրին տակ ցոյցերը գրաւեցին համալսարաններու ուսանողներուն ուշադրութիւնը՝ միաժամանակ լուսարձակի տակ առնելով Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, դատապարտելով Թուրքիոյ կողմէ առաջ մղուող ուրացման արշաւը եւ այդ արշաւին մէջ Միացեալ Նահանգներու մեղսակցութիւնը:

«Ուրացման Արատ» ցոյցերուն մասնակցած են հետեւեալ համալսարանները. Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Լոս Անճելըսի եւ Նորթրիճի մասնաճիւղերը, Քլերմոնթի քոլեճները, Կլենտէյլի համայնքային քոլեճը, Լոս Անճելըս Հովիտի քոլեճը, «Լոյոլա Մերիմաունթ»ը, «Օքսիտենթըլ»ը, Փասատինայի քաղաքային քոլեճը, «Քալ Փոլի Փոմոնա»ն, Սանթա Մոնիքայի համալսարանը, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի, Ըրվայնի, Սանթա Պարպարայի, Սան Տիէկոյի, Ռիվըրսայտի եւ Սանթա Քրուզի մասնաճիւղերը եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանը։

Այս տարի, Քալիֆորնիայէն դուրս գտնուող համալսարաններու մէջ եւս նման ցոյցեր կայացան՝ նախաձեռնութեամբ «Նորթիսթըրն», «Թաֆթս» եւ «Կրենտ Վելի» համալսարաններու հայ ուսանողներուն։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2016
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
29  

Արխիւ