Քիւրտերու անկախութիւն յայտարարելու ժամանակը հասած է. Իրաքեան Քիւրտիստանի նախագահ

Մասութ ՊարզանիՔրտական «Ռուտաու» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասութ Պարզանի յայտարարած է, որ քիւրտերու անկախութիւնը յայտարարելու ժամանակը հասած է: Ան կոչ ուղղած է այդ հարցին շուրջ ոչ պաշտօնական հանրաքուէ մը կատարելու:

Պարզանի յայտնած է, որ անկախութեան համար հանրաքուէ կատարելը քիւրտերուն ամէնէն բնական իրաւունքն է, եւ անոնք իրենց պետութիւնը ստեղծելու համար ոեւէ մէկէն արտօնութիւն խնդրելու կարիք չունին:

«Եթէ քիւրտերը չձեռնարկեն այդ գործին, ապա ուրիշներ երբեք պիտի չճանչնան անոնց ինքնորոշման իրաւունքը: Այժմ ամէնէն ճիշդ ժամանակն է, որպէսզի քիւրտ ժողովուրդը ինքնորոշուի: Քիւրտերը իրենց ազգային պետութիւնը ստեղծելու համար ոչ ոքի արտօնութեան կարիքը ունին»,- ըսած է ան:

Իրաքցի քիւրտերու ղեկավարը ընդգծած է, որ այնքան ատեն որ քիւրտերու իրաւունքները կ՛անտեսուին, շրջանին մէջ խաղաղութիւն չի կրնար ըլլալ:

http://www.yerakouyn.com/?p=99118

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2016
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
29  

Արխիւ