Նախագահ Հոլլանտ Ռաքէլ Տինքին հանդիպած է ֆրանսահայ շրջանակներուն խորհուրդով. Վարդան Գաբրիէլեան

Ռաքէլ ՏինքԻնչպէս յայտնի է՝ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ Ֆրանսայի լաւագոյն իրաւաբաններէն մէկուն՝ Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական ատեանի նախկին նախագահ Ժան Փոլ Քոսթային յանձնարարած է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնսդրական թէքստը հնարաւորինս մօտեցնել սահմանադրական դրոյթներուն, որպէսզի, ինչպէս նախորդ անգամ, այս անգամ այն երկրի Սահմանադրական դատարանին կողմէ մերժուելու հնարաւորութիւն չունենայ:

Հայ-ֆրանսական գործարարներու համախմբման նախագահ, Փարիզի «Այբ-Էֆ.Էմ.» ռատիոկայանի տնօրէն Վարդան Գաբրիէլեան «Արեւելք»ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, թէ կը սպասուի, որ օրէնքը ընդունուի ընտրութիւններէն առաջ, եւ այդ մասին յայտարարած է նաեւ Ֆրանսայի նախագահը, որպէսզի այն չխառնուի ընտրական գործընթացներուն եւ չընկալուի իբրեւ նախընտրական քայլ: «Այս օրէնքը սովորական օրէնք մը չէ, կենցաղային կեանքի հետ կապուած օրէնք չէ, համամարդկային արժէքներու դրսեւորման, նահատակներու յիշատակի հաստատման օրէնք է, ուստի նախընտրական գործընթացներուն խառնելը հայութեան կողմէ սխալ պիտի հասկցուի, եւ նախագահն ինքն ալ պիտի չերթայ այդ քայլին: Ան յանձնարարած է հնարաւորինս արագ ժամկէտներու մէջ եզրակացնել օրէնքի շարադրութիւնը»,-ըսաւ Վարդան Գաբրիէլեան, աւելցնելով, որ այս հարցին մէջ մեծ եղած է նաեւ ֆրանսահայութեան դերը, որ հաստատուն կերպով աշխատած է նախագահի խորհրդատուներու հետ եւ արդէն տեղեակ էր, որ նման հարց կը քննարկուի քուլիսներու ետին: Շեշտելով ֆրանսահայութեան դերը հայկական հարցերու բարձրացման առումով՝ Վարդան Գաբրիէլեան յիշեցուց, որ Թուրքիոյ մէջ Ֆրանսուա Հոլանտի հանդիպումը Հրանդ Տինքի այրիին՝ Ռաքէլ Տինքի եւ Տինքի եղբօր աղջկան հետ, նոյնպէս ֆրանսահայ որոշ շրջանակներու խորհուրդով տեղի ունեցած է:
Ինչ կը վերաբերի Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը Ֆրանսայի մէջ ընդունելուն, մեր զրուցակիցը նշեց, որ հազիւ այն խորհրդարան մտնէ, հայութիւնը կրկին «զօրակոչի» պիտի ենթարկուի՝ կեդրոնացնելով իր բոլոր ուժերը, բացատրական, քարոզչական եւ այլ աշխատանք պէտք է տանի ընդդիմութեան եւ առհասարակ` բոլոր ուժերու հետ, ելլելով նաեւ նախորդ օրէնքի մերժման փորձէն, պէտք է կարենայ լրացնել բոլոր բացերը, որպէսզի օրէնքը այս անգամ իսկապէս ընդունուի եւ, ինչպէս նշեց մեր զրուցակիցը, «հայութիւնը այս անգամ պայքարէն աւելի զօրացած դուրս գայ»:
Ֆրանսայի պէս երկրի մը մէջ այսպիսի օրէնքի ընդունումը, ըստ Վարդան Գաբրիէլեանի, քաղաքական մեծ անդրադարձ պիտի ունենայ աշխարհի վրայ:
«Երկիրներ կան, որոնք չեն համարձակած նոյնիսկ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալ: Եւ երբ աշխարհի հինգերորդ գերտերութիւնը, որ ոչ միայն ճանաչման օրէնք ունի, այլ ունենայ նաեւ պայքարի օրէնք, հայոց ցեղասպանութիւնը չճանչցած երկիրները ի վերջոյ պիտի հասկնան, որ հասունացման մեծ գործընթաց կայ, եւ համամարդկային արժէքներու հաստատման առումով իրենք ամօթ պիտի ապրին, պիտի չկարենան այլեւս երկար մնալ լռութեան պատեանի մէջ, ինչ-ինչ շահերէ մղուած՝ պիտի քանդեն լռութեան շղթան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը աշխարհի մէջ պիտի արագնայ»,-նշեց ֆրանսահայ գործիչը:
Խօսելով Թուրքիոյ կողմէ հակազդեցութեան մասին՝ Վարդան Գաբրիէլեան ըսաւ, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու ֆոնին պիտի յառաջանայ լարուածութիւն, բայց այդ հեռանկարը ընդհանրապէս խոչընդոտ չէ՝ առաջ երթալու եւ հայութեան ծրագիրները իրականացնելու համար:
«Օրէնքի ընդունումը Թուրքիոյ ազգայնական շրջանակներուն համար առիթ պիտի դառնայ աւելի լարուելու հայութեան դէմ, իսկ ժողովուրդին հնարաւորութիւն պիտի տայ մտածելու, աւելի զարգացնելու հետաքրքրութիւնը՝ սեփական պատմութեան հանդէպ, մարդոց պիտի դնէ սեփական պատմութեան դէմ յանդիման, ինչը երկար գործընթաց է նախ՝ հասկնալու, յետոյ՝ ընդունելու, իսկ իբրեւ վերջին քայլ՝ ներողութիւն խնդրելու՝ տարբեր դրսեւորումներով: Օրէնքը դրական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ պոլսահայութեան վրայ, որոնք թերեւս կրնան աւելի հանգիստ մասնակցիլ 24 Ապրիլի ցոյցերուն եւ այլ միջոցառումներուն՝ մտածելով, որ ինչ-որ նեցուկ կայ դուրսը:
Սա՝ Թուրքիոյ մակարդակով: Իսկ ինչ կը վերաբերի թրքական սփիւռքին, կրկին ազգայնական հատուածի վրայ պարզ է՝ ինչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ, իսկ միւս թուրքերու մօտ, որոնք եւրոպական երկիրներու մէջ կ’ապրին եւ որոնք խնդիր ունին իրենց հարեւաններու, գործընկերներու, Եւրոպայի երկիրներու այլ քաղաքացիներու հետ շփուելու հայկական հարցի շուրջ, ի վերջոյ նաեւ այսպիսի օրէնքները առիթ պիտի հանդիսանան, որպէսզի անոնք դուրս գան իրենց ուրացողական դերէն, կամ անտարբերութեամբ, աւելին՝ լռութեամբ մեղսակից դառնալու կարգավիճակէն: Շղթաները պիտի քանդուին, եւ որոշ թուրքեր պիտի սկսին հայկական Ցեղասպանութիւնը խորապէս ճանչնալէ ետք նաեւ երեւութապէս ճանչնալ զայն: Այս ամբողջ գործընթացը, որ նաեւ հոգեբանական բնոյթի դաշտի տարողութեամբ է, այս զանգուածի վրայ ժամանակի ընթացքին դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ, որու կարիքը մենք ունինք: Մենք, յաճախ կ’ըսենք, որ թրքական հասարակութեան մէջ ներսէն պիտի գտնենք աջակիցներ, եւ այս է ճանապարհը այդ վաղուայ, կամ արդէն՝ թէկուզ այսօրուայ մեր աջակիցներու մօտ ստեղծելու բարի տրամադրութիւն հայերու նկատմամբ, ըլլայ այդ մեղքի զգացումէ մղուած, թէ ըլլայ իբրեւ զուտ մարդկային, դրացիական, ինչու չէ նաեւ հասարակական աւանդոյթներ եւ ապրելաոճ կիսող ժողովուրդներու միջեւ վերամիացման կամ եղբայրութեան փորձ»,-նշեց Վարդան Գաբրիէլեան:
Ան խօսեցաւ նաեւ օրէնքի ընդունման անհրաժեշտութեան մասին, որու մէջ արժանապատուութեան տարր կայ:
«Մեր նպատակը ոչ թէ ըսենք տարին չորս ուրացող թուրք բանտ դնելն է կամ նմանատիպ պատիժներ կիրառելը, այլ այստեղ կայ նաեւ արժանապատուութեան հարց, կայ յիշատակի ամրացման խնդիր՝ մեր նահատակներու կորուստին եւ անոնց յիշատակին իմաստ տալու խնդիր: Այսինքն ամէն անգամ, որ ցեղասպանութիւնը մերժուի, ուրացուի կամ ժխտուի, մեր հաւաքական արժանապատուութեան հարուած է այն առումով, որ մենք այդպիսի բան կարնանք թոյլ տալ այն պարագային, երբ արդէն տարբեր երկիրներու մէջ դարձած ենք կազմակերպուած հաւաքականութիւն: Երբ որ հրէական Հոլոքոսթի ժխտումը շատոնց քրէականացուած է Ֆրանսայի մէջ, չենք կրնար հանգիստ ըլլալ, որ մենք չունինք նման օրէնք:
Այս օրէնքը նպաստաւոր է նոյն ինքը Ֆրանսայի համար, քանի որ զերծ պիտի մնայ հասարակական հակազդեցութիւններէ, զսպող դեր պիտի ունենայ բախումներու տանող դէպքերու համար»,-օրէնքի հնարաւոր ազդեցութիւնները մեկնաբանեց Վարդան Գաբրիէլեան՝ Ֆրանսուա Հոլանտի դիրքորոշումը՝ նման օրէնք ունենալու հարցի պարագային համարելով իրատես ու վճռական:
Վարդան Գաբրիէլեան, որ մասնակցած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի կազմակերպած աւանդական ընթրիքին (CCAF), որուն ներկայ եղած է Ֆրանսայի նախագահը՝ ֆրանսահայ ընտրախաւին հետ միասին, նշեց, որ Ցեղասպանութեան քրէականացումը հաստատող օրէնքի մասին խօսելէ բացի, Ֆրանսուա Հոլանտ նաեւ այլ հարցերու անդրադարձած է, ինչպէս օրինակ՝ Սուրիոյ խնդրին անդրադառնալով նշած է , որ հայերուն ծանօթ է այդ տառապանքը, եւ անոնք մէկ անգամ արդէն անցած են այդ ճանապարհով:

Arevelk.am

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2016
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
29  

Արխիւ