ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Սեբաստիոյ (Սվազ) հայկական գերեզմանատան մէջ մաքրութեան ու բարեկարգումի աշխատանքներ կատարուած են քաղաքային իշխանութիւններուն եւ կառավարութեան յատուկ սպասարկութեան համատեղ ծրագիրի մը ծիրէն ներս։
«Հանրօգուտ աշխատանք» անունով այս ծրագիրին ծիրէն ներս նաեւ կը նախատեսուի մաքրուած տարածքներուն մէջ ծառատունկ իրականացնել։
«Հապերլեր» լրատու կայքը կը գրէ, թէ խումբ մը հայեր այցելած են աշխատանքի սպասարկութեան տնօրէն Նուրետտին Կէօքսալին ու շնորհակալութիւն յայտնած կատարուած աշխատանքներուն համար։ Իր կարգին, Կէօքսալ տեղեկացուցած է, որ բարեկարգումի աշխատանքները գարնան պիտի շարունակուին։
«Մենք պարզապէս մեր դրացիական պարտքը կը կատարենք 800 տարուան անցեալով սվազաբնակ մեր դրացիներուն հանդէպ», նշած է տնօրէնը։
Asbarez.com
Leave a Reply