Իրաւունքները չեն տրուիր, այլ՝ կը խլուին. Զարաքօլու

ԶարաքօլուՊՈԼԻՍ.- Թուրք այլախոհ լրագրող, մարդկային իրաւանց գործիչ եւ հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքօլու քրտական «Ռուտաու» լրատուական ցանցին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, խօսելով Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան «քրտական նախաձեռնութեան» ու քրտերէնով պատկերասփիւռ բանալուն մասին՝ ըսած է. «Ոչ ոք Թուրքիայէն ողորմութիւն կը սպասէ: Իրաւունքները մարդոց չեն տրուիր:

Ոչ ոք քիւրտերուն իրաւունքներ տուաւ: Քիւրտերը իրե՛նք խլեցին իրաւունքները: Միայն 4000 գիւղերու հրկիզումէն, 50,000 մարդոց սպանութենէն եւ միլիոնաւոր ուրիշներու տեղահանութենէն ետք է որ քիւրտերը յաւելեալ իրաւունքներ ստացան»: Պատասխանելով «Ի՞նչ կրնաք ըսել միւս կողմին՝ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան մասին» հարցումին՝ Զարաքօլու ըսած է. «Պետութեան սխալներուն կ՛անդրադառնամ, սակայն ընդդիմութեան անդրադառնալը իմ գործս չէ: Քիւրտերը իրաւունք ունին դիմադրելու: Տագնապին մէջ ուժեղ կողմը պետութի՛ւնն է»:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2016
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
29  

Արխիւ