Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւորը հիշեցուցած է, որ դեռ 150 տարի առաջ հայերը Թուրքիոյ մէջ սահմանդրութիւն մշակած են

Կարօ ՓայլանԹուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր, քրտամէտ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (ԺԺԿ-HDP) անդամ Կարօ Փայլան Սահմանադրական փոփոխութիւններու յանձնաժողովին մէջ պիտի ներկայացնէ իր կուսակցութիւնը:

Թեմային վերաբերեալ Թուրքիոյ հայկական «Ակօս» թերթին հարցազրոյց տուած Փայլան նշած է, որ սահմանադրական քննարկումներէն առաջ նախ պէտք է դադրեցնել երկրի մէջ անվերջ շարունակուող զինուած բախումները:

«Պէտք է վերջ տալ այս մթնոլորտին: Սպանութիւններու եւ բախումներու մթնոլորտին մէջ հնարաւոր չէ սահմանադրութիւն ստեղծել: Պէտք է միջոցներ ձեռնարկել` մեծցնելու այն հաւատքը, որ հնարաւոր է ստեղծել ոչ թէ միահեծան, այլ ժողովրդավարական սահմանադրութիւն»:

Հայ պատգամաւորը նշած է, որ իրենք պատրաստ են լսելու, դիտարկելու իշխանութեան առաջարկած պետութեան կառավարման (նախագահական) օրինակը ու նաեւ սեփական առաջարկները ընել: Սակայն առաջարկուող նախագահական օրինակը ընդունելի չեն համարեր:

«Չենք կարծեր, թէ Թայիփ Էրտողանի առաջարկած նախագահական ձեւը ժողովրդավարական է: Մենք այն համոզումին ենք, որ ատիկա բռնապետական ձեւ է: Մեր չափանիշը ժողովրդավարութիւնն է: Մենք կ՛ուզենք, որ հասարակութեան բոլոր խաւերը, անոնց իրաւունքները, արդարադատութիւնը պաշտպանուած ըլլան»:

Անդրադառնալով նաեւ հայկական հարցին` Փայլան ընդգծած է, որ հայերը նաեւ 150 տարի առաջ այդ երկրին մէջ ժողովրդավարութեան համար պայքար մղած են, շարք մը հայ պատգամաւորներ ստեղծած ու առաջարկած են սահմանադրութեան իրենց նախագիծը:

«Բայց այն ժամանակ իշխող մէկ այլ ֆաշիստական մօտեցման պատճառով բոլոր այդ առաջարկները անտեսուեցան, հասարակութիւնը բեւեռացուեցաւ: Մենք մեծ ողբերութիւն ապրեցանք»,- նշած է Փայլան:
Պատգամաւորը աւելցուցած է, որ որպէս հայ ամէն ջանք պիտի թափէ` հայերու պահանջները Մէճլիսին մէջ յստակ ներկայացնելու եւ հասարակութեան բոլոր խաւերուն համար շահաւէտ, ժողովրդավարական սահմանադրութեան ստեղծումը ապահովելու համար:

http://www.yerakouyn.com/?p=98768

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2016
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ