ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Միացեալ Նահանգներու մէջ լոյս տեսած է 2007ին սպաննուած պոլսահայ լրագրող, «Ակօս» թերթի հիմնադիր եւ գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի մասին պատմող առաջին անգլերէն ծաւալուն կենսագրական գործը:
Թրքական «T24» լրատուական կայքը գրած է, թէ Մորին Ֆրիլիի կողմէ թրքերէնէ անգլերէնի թարգմանուած գիրքին հեղինակն է Թուպա Չանտար: Անգլերէն թարգմանութիւնը լոյս տեսած է՝ «Hrant Dink: An Armenian Voice of the Voiceless in Turkey» (Հրանդ Տինք. Թուրքիոյ Մէջ Անձայններու Հայ Ձայնը» վերնագիրով:
Չանտար երեք տարի աշխատած է Տինքի կենսագրական տուեալները հաւաքելու՝ անոր մասին մտերիմներու, հարազատներու եւ ծանօթներու յուշերը արձանագրելով եւ անոր յօդուածները ուսումնասիրելով: Այդ նպատակով, հեղինակը հանդիպած է 125 հոգիի հետ։
Գիրքը թրքերէնով լոյս տեսած էր 2010ի Սեպտեմբեր 15ին, Հրանդ Տինքի ծննդեան օրը, եւ յայտնուած է Թուրքիոյ մէջ ամենաշատ կարդացուող գիրքերու ցանկի առաջին հորիզոնականներուն վրայ:
Հատորը արդէն կը վաճառուի «Amazon.com» կայքին վրայ:
Asbarez.com
Leave a Reply