Պեռլինի շարժանկարի միջազգային փառատօնին պիտի ներկայացուի սուրիահայ բեմադրիչին վաւերագրական ժապաւէնը

Տուներ Առանց ԴռներուՊեռլինի շարժանկարի միջազգային փառատօնին պիտի ներկայացուի սուրիահայ բեմադրիչ Աւօ Գաբրիէլեանի «Տուներ Առանց Դռներու» վաւերագրական ժապաւէնը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Սուրիոյ «Գանձասար» շաբաթաթերթը:

Ժապաւէնը կը ներկայացնէ Հալէպի Նոր Գիւղ շրջանի բախումնային գիծին վրայ բնակող հայ ընտանիքի մը կեանքը, որ 2015-ին կ՚ապաստանի Պէյրութ։ Նոր Գիւղը, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայերուն օթեւանը դարձած էր 100 տարի առաջ, Սուրիոյ տագնապի օրերուն կը դիմաւորէ տեղացի տարագրեալներ։

Հեղինակը իր փոքրիկ տեսախցիկով կը նկարահանէ իր բնակավայրի թաղին կրած փոփոխութիւնները, աւերները, բնակչութեան դիմագրաւած դժուարութիւններն ու սրտաճմլիկ պատկերները եւ իւրայատուկ ոճով զուգահեռներ կը գծէ Հայոց Ցեղասպանութեան ու Սուրիոյ Ժողովուրդին կրած տառապանքներուն միջեւ։

http://www.yerakouyn.com/?p=98696

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2016
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ