Լոյս տեսած է «Հրանդ Տինք. Թուրքիոյ մէջ անձայններու հայ ձայնը» անգլերէն հատորը

Hrant DinkԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Միացեալ Նահանգներու մէջ լոյս տեսած է 2007ին սպաննուած պոլսահայ լրագրող, «Ակօս» թերթի հիմնադիր եւ գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի մասին պատմող առաջին անգլերէն ծաւալուն կենսագրական գործը:

Թրքական «T24» լրատուական կայքը գրած է, թէ Մորին Ֆրիլիի կողմէ թրքերէնէ անգլերէնի թարգմանուած գիրքին հեղինակն է Թուպա Չանտար: Անգլերէն թարգմանութիւնը լոյս տեսած է՝ «Hrant Dink: An Armenian Voice of the Voiceless in Turkey» (Հրանդ Տինք. Թուրքիոյ Մէջ Անձայններու Հայ Ձայնը» վերնագիրով:

Չանտար երեք տարի աշխատած է Տինքի կենսագրական տուեալները հաւաքելու՝ անոր մասին մտերիմներու, հարազատներու եւ ծանօթներու յուշերը արձանագրելով եւ անոր յօդուածները ուսումնասիրելով: Այդ նպատակով, հեղինակը հանդիպած է 125 հոգիի հետ։

Գիրքը թրքերէնով լոյս տեսած էր 2010ի Սեպտեմբեր 15ին, Հրանդ Տինքի ծննդեան օրը, եւ յայտնուած է Թուրքիոյ մէջ ամենաշատ կարդացուող գիրքերու ցանկի առաջին հորիզոնականներուն վրայ:

Հատորը արդէն կը վաճառուի «Amazon.com» կայքին վրայ:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2016
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ