ՄԱՐՄԱՐԱ-ի լրահոս

ՄարմարաԵՒՐՈԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՄԻՋԱՆՑՔՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՂԱՐԱՊԱՂԵԱՆ ՀԱՐՑՈՎ ԿԱՇԱՌԱԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ԲԱՄԲԱՍԱՆՔՆԵՐ

Խորհուրդը 26 Յունուարին Օրակարգի Պիտի Բերէ Պաքուի Տեսակէտները Ցոլացնող Երկու Բանաձեւեր

“Տէմօքրաթ Հապէր” կայքէջի աշխատակից Տէնիզ Կիւնէշի կողմէ հրատարակուած է թղթակցութիւն մը որու մէջ կը խօսուի Լեռնային Ղարապաղի հարցով պատրաստուած երկու բանաձեւերու մասին։ Բանաձեւերը քանի մը օրէն օրակարգի պիտի բերուին Եւրոխորհուրդի Երեսփոխաններու Խորհուրդի նիստին։ Անոնցմէ մանաւանդ մէկը հակահայ բնոյթ ունի ու կը պաշտպանէ Պաքուի շահերը։ Պատրաստուած է Անգլիոյ Պահպանողական Կուսակցութեան երեսփոխաններէն Րապըրթ Ուօլթէրի կողմէ։ Ասոր կողքին բանաձեւ մըն ալ կայ Խորհուրդի Պոսնիացի Երեսփոխան Միլիցա Մարգովիչի կողմէ պատրաստուած։ Երկու բանաձեւերը, որ 26 Յունուարին օրակարգի պիտի բերուին, այժմէն տեղի տուած են բամբասանքներու ու կաշառակերութեան պնդումներու։

Բանաձեւերէն մէկը կը պնդէ որ Ատրպէյճանի Ղարապաղեան սահմանամերձ շրջաններու ժողովուրդը հայերու կողմէ մասնաւոր կերպով առանց ջուրի կը թողուի, ուստի Ղարապաղի մէջ գտնուող Սարսանկ ամբարտակէն պէտք է ջուր փոխանցուի Ատրպէյճանի սահմանային վայրերու մէջ բնակող ժողովուրդին։ Տրուած ըլլալով որ այդ շրջաններուն մէջ զինեալ բախումները սաստկացած են, սահմանամերձ շրջաններու մէջ գտնուող հայկական զինուորական միաւորները պէտք է հոնկէ հեռացուին ու անոնց տեղ պէտք է տեղադրուին Ատրպէյճանի զինուորական միութիւններ։

Խաղաղութեան կողմնակից միջազգային դիտրորդներ դէմ են այս երկու բանաձեւերուն ու անոնք կը պնդեն որ այսպիսի բանաձեւեր կը դժուարացնեն տագնապի լուծումը։ Որոշ շրջանակներ ալ կը պնդեն որ այս բանաձեւերը, որոնք Պաքուի տեսակէտները կը ցոլացնեն ու կը պաշտպանուին նաեւ Թուրքիոյ կողմէ, խարդախ համաձայնութիւններու գծով պատրաստուած են եւ կաշառակերութիւնն ալ դեր խաղացած է այստեղ։ Նոյն շրջանակները դիտել կուտան որ պատահմամբ չէր որ Անգլիացի երեսփոխան Րապըրթ Ուօլթէր անցեալ Մայիս ամսուան մէջ Թուրքիոյ Արտաքին Նախարար Մէվլուտ Չավուշօղլուի ձեռամբ ստացած էր Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն, անոր ապահովուած էր Պոտրումի մէջ բնակարան եւ կ՚ըսուէր նաեւ որ ան խորհրդականի պարտականութիւն պիտի ստանձնէ Թուրքիոյ Արտաքին Նախարարութեան մօտ։ Այս տեսակէտէ նշանակալից կը դառնայ որ նոյն երեսփոխանը կը պաշտպանէ Պաքուի տեսակէտները եւ այդ լոյսին տակ պատրաստուած բանաձեւ մը կը յղէ Եւրոխորհուրդի Երեսփոխաններու Խորհուրդին։ Զուգադիպութիւն չէ նաեւ որ այս բանաձեւերը օրակարգի կը բերուին ճիշդ այն օրերուն երբ նստաշրջանի նախագահութիւնը կը ստանձնէ Սպանացի Երեսփոխան Փէտրօ Ակրամունթ։ Այս վերջինը քաղաքական կեանքէ ներս փայլուն համբաւ չունի ու վերջերս ան դիւանագիտական միջազգային շրջանակներու մէջ քննադատութեան ենթարկուած է Պաքուի ի նպաստ իր կողմնակալ կեցուածքի հետեւանքով։ Ան միշտ ուշադիր եղած է որպէսզի Ատրպէյճանի կամ Ալիյեւի դէմ որեւէ յայտարարութիւն չընէ։

Այս բոլորը Եւրոխորհուրդի միջանցքներուն մէջ տեղի կուտան բամբասանքներու որոնք կը պնդեն թէ Ղարապաղեան հարցի մէջ կաշառակերութիւնն ալ սկսած է դեր խաղալ։
Իսրայէլի Դատական Նախարարին Կարծիքով

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ ՊԷՏՔ Է ՀԻՄՆՈՒԻ ՔԻՒՐՏԻՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Իսրայէլի իշխանութիւնները միջոցէ մը ի վեր սկսած են պաշտպանել այն տեսակէտը թէ պէտք է հիմնուի անկախ Քիւրտիստանի պետութիւն մը։ Յիշենք որ Իսրայէլի Վարչապետ Նաթանեահու անցեալ տարի պաշտպանած էր այս տեսակէտը եւ ըսած էր որ ժամանակը եկած է որ Քիւրտիստանի անկախ պետութիւն մը հիմնուի։ Նոյն գաղափարը յայտնեց Իսրայէլի Դատական Նախարար Այէլէթ Շաքէտ։ Թէլավիւի Ազգային Անվտանգութեան Ուսումնասիրութիւններու Էնսթիթիւի մէջ կատարուած ճառախօսութեան մը ընթացքին Շաքէտ ըսաւ որ ինք զօրավիգ կը կանգնի Քիւրտիստանի անկախ պետութիւն մը հիմնելու գաղափարին եւ այս ուղղութեամբ Իսրայէլ պէտք է կոչ ընէ միւս պետութիւններուն ալ ու պէտք է օգնէ որպէսզի Քիւրտիստան մը հիմնուի։ Այս անկախ Քիւրտիստանը պէտք է գտնուի Թուրքիոյ ու Իրանի միջեւ։

Շաքէտ, որ յաճախակի կերպով բանավաճի նիւթ դարձող յայտարարութիւններ կ՚ընէ, այս անգամ ալ խօսեցաւ Քիւրտերու ու Իսրայէլի միջեւ առկայ մշակութային կապերու մասին եւ դիտել տուաւ որ քիւրտերը ռազմավարական կարեւոր գործընկեր կրնան դառնալ ԸՇԻՏի կամ միւս ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ մղուած պայքարին մէջ։

ՍԻԼՈՓԻԻ ՇԷՆՔԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ “ՀԱՅ ԲԻՃԵՐ” ԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարաւ-արեւելեան նահանգներու մէջ զինուորական գործողութիւններն ու բախումները կը շարունակուին։ Շըրնաք նահանգի Սիլոփի շրջանէն ներս, փողոց ելլելու դրութիւնը ջնջելէ ետք, առաջին անգամ ըլլալով, փողոցներու մէջ լուսանկարներ կը քաշուին եւ այդ լուսանկարները կը պատկերեն դաժան տեսարաններ։

“Ճումհուրիյէթ” կը գրէ որ փողոց ելլելու արգելքը ջնջելէ ետք իսկ ժողովուրդը դուրս չի գար տուներէն, վախնալով նշանառուներէն։

Թերթը կը նշէ որ ուշադրութիւն կը գրաւեն յատկապէս շէնքերու պատերուն վրայ արձանագրուած գրութիւնները. “Հայ բիճեր (լաճեր)”, “Եալչընհանի թիմ” “Պ Էօ Հ” (Ոստիկանական յատուկ գործողութիւններ)։ Փողոցները լեցուած են սատկած կենդանիներով, որոնք ըստ բնակիչներուն կա_մ գնդակահարուած են եւ կամ սատկած են սովէն։

ՊԻՒԼԷՆՏ ԱՐԸՆՉԻ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՊՆԴՈՒՄԸ

Քրտական հարցի նոր գործընթացի մը մէջ պէտք է իրենց տեղը ունենան Էօճալանն ու Իմրալըն

Կառավարութեան նախկին բանբեր ու նախկին Փոխ Վարչապետ Պիւլէնտ Արընչ որ վերջերս լուսանցքի վրայ մնացած Ա-Գէ-Փէցի կարեւոր քաղաքագէտներէն մէկն է եւ որ պարբերաբար հաւասարակշռեալ ու խիզախ գաղափարներ կը հրապարակէ, Հիւսիսային Իրաքի մէջ գործող Քիւրտիստան 24 անուն հեռատեսիլի կայանին յայտարարութիւններ ըրաւ ու խօսեցաւ քրտական հարցի լուծման գործընթացին մասին։

Ինչպէս յայտնի է, գործընթացը, որ միջոց մը այնքան մեծ յոյսեր կը ներշնչէր, այժմ մէկդի դրուած է եւ այդ գործընթացը միշտ ալ կ՚արժանանայ Նախագահ Էրտողանի կարծր մեղադրանքներուն։ Միջոց մը գործընթացը շատ աշխուժացած էր եւ Իմրալըի մէջ Ապտուլլահ Էօճալանի մասնակցութեամբ կը կատարուէին իրերայաջորդ բանակցութիւններ։ Այս գործընթացին մէջ իր կարեւոր տեղն ունէր Հէ-Տէ-Փէցիներու պատուիրակութիւնը։ Գործընթացի առիթով ՓՔՔ միջոց մը վար դրած էր նաեւ զէնքերը։ Բայց Էրտողանի գլխաւորութեամբ Ա-Գէ-Փէի իշխանութիւնները չէին գոհանար զէնքերը վար դնելու փաստով, այլ կը պահանջէին որ զէնքերը հողին տակ թաղուին։ Այսպէս կամ այնպէս, գործընթացը դարձեալ դադրեցաւ ու կռիւները, ինչպէս ամէն օր կը լսուի, սաստկացան։

Արդ՝ Արընչ ըսաւ որ դարձեալ պէտք ունինք լուծման նոր գործընթացի մը։

“Անկասկած այս նոր գործընթացին մէջ ալ իր դերը պէտք է ունենայ Էօճալանն ու Իմրալըն։ Անձնապէս կը մտածեմ որ Էօճալան դրական ազդեցութիւն մը կրնայ գործել թէ_ քրտական կազմակերպութեան, թէ_ քիւրտ ժողովուրդին վրայ։ Միայն թէ Հէ-Տէ-Փէի ներկայացուցիչներն ալ պէ՞տք է մասնակցին այս նոր գործընթացին, այդ մասին կարելի է մտածել։ Իմ կարծիքով, Հէ-Տէ-Փէն ալ կրնայ իր մասնակցութիւնը բերել, բայց եթէ նկատի առնենք որ այս կուսակցութիւնը մինչեւ հիմա իր գործադրութիւններէն որեւէ արդիւնք չկրցաւ առնել, կրնանք մտածել որ պէտք է գտնել ուրիշ քաղաքագէտներ ալ որոնց մասին իր հաւանութիւնը պիտի յայտնէ Էօճալան։ Որովհետեւ եթէ մէկտեղում մը պիտի իրականանայ ու բանակցութիւններ յառաջ պիտի տարուին, հոն պէտք է գտնուին քաղաքագէտներ որոնք արժանացած պիտի ըլլան Էօճալանի հաւանութեան”, ըսաւ Արընչ։

ՄԱՀՄՈՒՏ ԱՊՊԱՍ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՊԱՂԵՍՏԻՆ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԷ

Պաղեստինի առաջնորդ Մահմուտ Ապպաս, հայոց հին տոմարով Ս. Ծննդեան տօնի առիթով Բեթղեհէմի մէջ մէկտեղուեցաւ հայ համայնքի հետ ու հանդիպումը առիթ նկատելով, Պաղեստին հրաւիրեց Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահը։ Ապպաս դիտել տուաւ որ քրիստոնեաները այս երկրի աղն են եւ պիտի մնան իրենց հողին ու երկրին մէջ եւ ան որ կը փափաքի անոնց հեռանալը, թող ինք հեռանայ։

“Հայերն այսօր” եւ “Պաղեստին Նիւզ Նէթվորք” կայքէջերը կը նշեն որ Ապպաս սապէս շարունակած է. “Այստեղ մենք մէկ ժողովուրդ, մէկ բարեկամութիւն եւ մէկ եղբայրութիւն ենք, կը հաւատանք միակ Աստուծոյ, կ՚ապրինք մէկ երկրի մէջ ու կը պահպանենք զայն, հետեւաբար երբ ձայներ բարձրացան երկիրը քրիստոնեաներէն ու յատկապէս հայերէն ազատելու մասին, անոնց ըսինք որ մեռնին իրենց զայրոյթով։ Հայերը պէտք է մնան Երուսաղէմի, Բեթղեհէմի մէջ”։

Նախագահը շեշտեց որ Պաղեստին կը տառապի ամենօրեայ սպանութիւններէն ու կոտորածէն. “Մենք դէմ ենք ոեւէ մարդու սպանութեան, անկախ անոր սեռէն, ցեղէն կամ կրօնէն”, եզրակացուց Մահմուտ Ապպաս։

ԱԹԷՇԵԱՆ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՄԵԿՆԱԲԱՆԵՑ ԱՂԹԱՄԱՐԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՊԱՏԱՐԱԳՆԵՐ ՄԱՏՈՒՑԱՆԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄԸ

Ինչպէս գրած էինք արդէն, կառավարութիւնը ձեռնամուխ եղած է բարեփոխումներու նոր թղթածրարի մը պատրաստութեան, ուր տեղ գտած են նաեւ ազգային փոքրամասնութիւններուն ուղղեալ կարգ մը զիջումներ։ Մասնաւորաբար կը նշուի որ բարեփոխումներու լոյսին տակ, Վանի Աղթամար կզղիի Ս. Խաչ հայկական եկեղեցւոյ մէջ պատարագները այսուհետեւ կրնան մատուցուիլ ոչ թէ տարին անգամ մը, այլ ըստ անհրաժեշտութեան, ամէն ատեն։ Ինչպէս յայտնի է վերջին հինգ տարիներու ընթացքին Մշակոյթի ու Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան յատուկ արտօնութեամբ, եկեղեցւոյ մէջ տարին անգամ մը Ս. Պատարագ կը մատուցուի։ Այժմ կը նախատեսուի ջնջել այդ սահմանափակումը։

Մեկնաբանելով այս որոշումը Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Արամ Ս. Արք. Աթէշեան ըսաւ որ առայժմ կրնան տարին ընդամէնը անգամ մը Ս. Պատարագ մատուցանել Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ Աթէշեան Սրբազանը այս հանգամանքը բացատրեց պատարագի մասնակիցներու թիւի նուազումով ու տարածքաշրջանի իրավիճակով, յիշեցնելով որ 2015ի Սեպտեմբերին նախատեսուած Պատարագը կարելի չեղաւ մատուցանել՝ զինեալ բախումներու հետեւանքով։

Անդրադառնալով Ս. Խաչի մէջ պատարագներու թիւը աւելցնելու որոշման, Արամ Արք. Աթէշեան մասնաւորաբար ըսաւ հետեւեալը. “Առանց այդ ալ Ս. Պատարագի մասնակիցները տարին անգամ մը կրնան գալ։ Նախորդ տարիներուն աւելի քան 1000 մասնակիցներ կ՚ըլլային, այդ թիւը հետզհետէ պակսեցաւ մինչեւ 500։ Այս որոշումը մեզի համար որեւէ փոփոխութիւն չի բերեր եւ պարտադիր բնոյթ չունի։ Սակայն եթէ արտասահմանէն խումբեր գան եւ Հայոց Պատրիարքարանի մօտ դիմում կատարեն Պատարագ մատուցանելու համար, այն ատեն մենք կրնանք օգտուիլ մեր այս իրաւունքէն։ Այնուամենայնիւ, ամէն տարի Սեպտեմբերի երկրորդ շաբաթը, Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ”։

ՔՕՉ ՀՈԼՏԻՆԿԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՄՈՒՍԹԱՖԱ ՔՕՉ ՅԱՆԿԱՐԾԱՄԱՀ ԵՂԱՒ

Այս առտու Թուրքիոյ գործարար աշխարհը ցնցուեցաւ ՔՕՉ հոլտինկի հոգաբարձութեան խորհուրդի նախագահ Մուսթաֆա Քօչի մահուան լուրով։ Քօչ իր տան մէջ անակնկալ սրտի տագնապ անցուց, անմիջապէս փոխադրուեցաւ Պէյքօզի պետական հիւանդանոց որ բժիշկներ դարձեալ կեանքի վերադարձուցին Մուսթաֆա Քօչը։

Յետոյ շտապ օգնութեան ուղղաթիռով Մուսթաֆա Քօչ փոխադրուեցաւ Քօչ ընտանիքին պատկանող Ամերիկեան հիւանդանոց, բայց կէսօրուան մօտ ժամը 12.00ին հաղորդուեցաւ որ Քօչ մահացած է։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2016
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ