Պուրունքըշլացիներ իրենց նախնիներու ծննդավայրն այցելեցին

Պուրունքըշլա«Մարմարա».- Պուրունքըշլայէն Պոլիս գաղթած եւ հոն հաստատուած խումբ մը հայեր յիսուն տարի առաջ, հիմնած էին Պուրունքըշլացիներու միութիւնը, որուն այսօրուան վարիչները 11 յունուարին այցելեցին իրենց նախնիներու ծննդավայրը։ Յովսէփ Արզումանի գլխաւորութեամբ, Աւետիս Արզումանէ, Նազարէթ Էօզսահակեանէ ու Մելքոն Սահակօղլուէ բաղկացեալ պատուիրակութիւնը Պուրունքըշլայի մէջ նախ այցելեց տեղւոյն հայոց գերեզմանատունը եւ աղօթեց ննջեցեալներու հոգւոյն։

Այնուհետեւ պատուիրակութիւնը ընդունուեցաւ Սարըքայայի կուսակալին կողմէ եւ հանդիպման ընթացքին կուսակալին ներկայացուեցաւ խնդրանք-փափաք մը գերեզմանատան մէջ փոքրիկ մատուռ մը կառուցանելու մասին։ Կուսակալ Եասին Էօզճան դրական մօտեցում մը ցոյց տալով՝ յայտնեց, որ այս հարցը պիտի քննարկէ պատկան մարմիններու հետ։

Պատուիրակութիւնը Պուրունքըշլայէն անցաւ Կեսարիա, ուր տեղւոյն հայկական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Ծննդեան տօնին նուիրուած հանդիսաւոր Ս. պատարագ։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2016
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ