Եոզկաթ հաստատուած գաղթական ուսուցիչը հայերէն լեզուի գիրքեր կը խնդրէ

Եոզկաթ Հաստատուած Գաղթական ՈւսուցիչըԿեսարիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է Սուրբ Ծննդեան յատուկ արարողութիւն` մասնաւորապէս Եոզկաթ հաստատուած հայերու ներկայութեամբ: Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք «Ժամանակ»ի խմբագիր Արա Գոչունեանէն:

Գոչունեան նաեւ յայտնեց, որ արարողութեան համար յատուկ կարգադրութիւններ ըրած է Պոլսոյ Պատրիարքարանը: Եոզկաթ, Ամասիա եւ Կէսարիա հասած հայորդիներու հոծ բազմութիւն մը մասնակցած է արարողութեան, որմէ ետք հայորդիները եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ առիթ ունեցած են միասնաբար հացկերոյթ մը ընել:

«Ժամանակ»ի խմբագիրը «Արեւելք»ին այս մասին խօսելէ բացի, նաեւ հաղորդեց, որ գաղթական հայորդիներուն մէջ եղած է այդ շրջանը հասած կրթական մշակ մը, որ մօտենալով թերթի աշխատակից Արի Թաշին, վերջինէս խնդրած է իրեն տրամադրել հայերէն լեզուի այբբենարաններ՝ իր հովանաւորութեան տակ եղող երեխաներուն մայրենի լեզու ջամբելու համար:

Նախապէս «Արեւելք» տեղեկութիւն փոխանցած էր Եոզկաթ հաստատուած հայերուն մասին, եւ ըստ մեր տուեալներուն՝ շուրջ 70 հայորդիներ ներկայիս կ’ապրին այդտեղ: Նշենք նաեւ, որ անոնց մէջ կան Իրաքի Մուսուլէն եւ այլ շրջաններէ Թուրքիա ապաստանած հայորդիներ:

Arevelk.am

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2016
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ