«Ազդակ»ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ լսարաններուն ծիրին մէջ, «Թուրքիոյ փոքրամասնութիւնները. մարտահրաւէրները եւ հեռանկարները» նիւթով մամլոյ 111րդ լսարանը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 13 յունուարի երեկոյեան, «Ազդակ»ի «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ: Զեկուցաբերն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան, իսկ զրուցավարը՝ «Ազդակ»ի միջազգային քաղաքական լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Վահրամ Էմմիեան: Ան ըսաւ, որ ներկայ Թուրքիոյ մէջ աշխատանք կը տարուի գոյացնելու յանձնախումբ մը, որ պիտի զբաղի նոր սահմանադրութեան մը նախագիծի պատրաստութեամբ: Կը նախատեսուի, որ յանձնախումբին մաս կազմեն Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած չորս կուսակցութիւնները: Ան յայտնեց, որ յանձնախումբին առջեւ ծառացած եւ քրտական հարցի եւ քաղաքացիական հարցերու լուծումները, ինչպէս նաեւ կառավարման խորհրդարանական համակարգէն նախագահական համակարգ անցում կատարելու հարցի լուծումը: Ապա Էմմիեան հրաւիրեց զեկուցաբեր դոկտ. Խաչիկ Մուրատեանը, որ ներկաները իրազեկ դարձնէ այս մտահոգութիւններուն, Թուրքիոյ մէջ ապրող փոքրամասնութիւններու իրավիճակին եւ անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:
Փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ Թուրքիոյ պետութեան մօտեցումի հոլովոյթին մասին դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան ըսաւ, որ Թուրքիոյ պետութեան քաղաքականութիւնը փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ եղած է ու կը մնայ անփոփոխ: Բացայայտուած է, ու 1923էն ի վեր թրքական կառավարութիւնը թուանշաններու համակարգով մը նշած է ու կը նշէ փոքրամասնութեան պատկանող իւրաքանչիւր անհատի ծագումը: Այս աւանդութիւնը եկած է օսմանեան օրերէն: Կարգ մը պարագաներու, նշեց զեկուցաբերը, պետութիւնը աւելի գիտէ որոշ ընտանիքներու հայկական ծագման մասին, քան ընտանիքի անդամները: Մէկ խօսքով՝ Թուրքիոյ պետութիւնը փոքրամասնութիւնները կը նկատէ օտար եւ ազգային անվտանգութեան հարց ունեցող մասնիկներ: Ան ըսաւ, թէ նախորդ դարու 50ական-60ական թուականներու հանրապետութեան արխիւներուն մէջ այդ ժամանակաշրջանի հայ համայնքի ղեկավար դէմքերուն վերաբերեալ մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւններ եղած են թուրք գաղտնի սպասարկութեան կողմէ:
Իսկ պոլսահայութեան դժուարութիւններուն եւ իրավիճակին անդրադառնալով դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան ըսաւ, որ աւանդաբար թրքական իշխանութիւնները ընդհանրապէս հայութեան նկատմամբ ունին երեք մօտեցում. լաւ հայեր, որոնք Թուրքիոյ հլու հնազանդ քաղաքացիներն են: Խեղճ հայեր՝ Հայաստանի հայերն են, որոնք տնտեսական լուրջ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն եւ կ՛ուզեն, որ անպայման Թուրքիոյ սահմանները բացուին, եղբայրական յարաբերութիւններ մշակուին երկու երկիրներուն միջեւ: Կան նաեւ վատ հայերը, որոնք Սփիւռքի հայերն են, որոնք խոչընդոտ կը ստեղծեն եւ Թուրքիոյ անունը կ՛աշխատին վարկաբեկել:
Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան ըսաւ, թէ պոլսահայ համայնքին մէջ բարձրաձայն խօսողները անպայման չեն ներկայացներ պոլսահայութեան ձայնը, այլ որոշ խաւի մը, որ կարելի է սահմանել իբրեւ մտաւորականներու կամ ձախակողմեան որոշ հակումներ ունեցող անձնաւորութիւններու հաւաքականութիւն:
Պոլսահայ համայնքը հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն կ՛ապրի իր մշակութային, ազգային կեանքը՝ փորձելով քաղաքական հարցերուն մէջ չմտնել:
Ինչ կը վերաբերի «Նոր Զարթօնք» շարժման, ան ըսաւ, որ իւրաքանչիւր դրսեւորում, յատկապէս Թուրքիոյ մէջ հայկական շրջանակներուն մէջ, ինքնին յիշեցում մըն է Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքներու ահագնութեան մասին: «Նոր Զարթօնք»ը երեւոյթ մըն է, ըմբոստութիւն՝ որոշ իրականութեան մը դէմ: «Նոր Զարթօնք» շարժումը թուրքերուն ուշադրութիւնը գրաւեց, եւ անոր յաջողութիւնը պայմանաւորուած չէ անպայման պոլսահայութեան ներքին զարթօնք ապրելու կամ չապրելու երեւոյթով:
Անդրադառնալով երեք հայ երեսփոխաններու երեւոյթին՝ պետութեան քաղաքականութեան ծիրին մէջ զեկուցաբերը յայտնեց, թէ երեք երեսփոխանները կարելի չէ տեղադրել նոյն դաշտին մէջ: Մէկը՝ Մարգար Եսայեան, ընտրուած ոչ իբրեւ հայ, այլ իբրեւ լրագրող, որ նեցուկ կանգնած է էրտողանեան կամքի դրսեւորման: Միւս երկուքը կը ներկայացնեն որոշ չափով պոլսահայ գաղութը՝ իր առանձնայատկութիւններով: Իսկ Կարօ Փայլան կը ներկայացնէ պահանջատիրութեան հասկացողութիւնը ընդհանրապէս: Ան բնականաբար պիտի խօսի Հայկական Հարցին եւ հայ համայնքը յուզող հարցերուն մասին:
Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան ըսաւ, թէ Կարօ Փայլանները հայկական քուէով չէին կրնար ընտրուիլ, իսկ անոր ներկայութիւնը բացակայութեան մը դրսեւորումն է ու արտայայտութիւնը թրքական խորհրդարանին մէջ: Պէտք է ընդունիլ Կարօ Փայլանին ներկայութիւնը՝ իբրեւ քայլ մը ճիշդ ճանապարհին վրայ առնուած, այլ ոչ թէ բարիք:
Ինչ կը վերաբերի քրտական շարժման զարթօնքին, Խաչիկ Մուրատեան ըսաւ, թէ Թուրքիոյ մէջ քրտական շարժումը «հրդեհ մարելու» վիճակէն անցած է այլ ծրագիրներու:
Քիւրտերը բազմազգեան բազմամշակութային տարածք մը ստեղծելու ծրագիրը սկսած են հետապնդելու ու ստեղծելու եւ այս ծրագիրին դրսեւորումները ակնյայտ են Տիգրանակերտի մէջ:
Այսօրուան Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան հասկացողութեան մէջ 40 հազար հայերը խնդիր չեն ներկայացներ, այլ բնակչութեան 15-20 առ հարիւրը հանդիսացող քիւրտերն են, որոնք այդ խնդիրը կը ներկայացնեն, նշեց զեկուցաբերը, ապա հաստատեց, որ քրտական շարժման որդեգրած քաղաքականութիւնը սկսած է եւրոպական երկիրներու մամուլին մէջ ուշադրութիւն գրաւելու: Քրտական շարժումները այսօր հասած են այն որոշման, թէ միայն պայքարով պայման չէ, որ տեղ հասնին: Անոնք վերածուած են որոշ ուղղուածութիւն ունեցող կազմակերպութեան, որուն պտուղները արդէն կը քաղեն քիւրտերը այսօր:
Իսկ իսլամացուած հայերու մասին Խաչիկ Մուրատեան ըսաւ, որ Տիգրանակերտի եւ ամբողջ շրջանի դիմագրաւած դժուարութիւններուն լոյսին տակ կարեւոր է, որ իսլամացուած հայերը զգան, որ իրենք անսահման առանձնութեան մէջ չեն: Կարեւոր է, որ մենք ստեղծենք մթնոլորտ մը, իրավիճակ մը, որ այն իսլամացուած հայերը, որոնք կ՛ուզեն հետապնդել ու երթալ իրենց ակունքներուն, ունենան այդ կարելիութիւնը: Իսլամացած հայերու այն կարեւոր մասը, որ իր մէջ ունեցած է պայքարի հասկացողութիւնը, բայց իրեն համար կարելիութիւն չէ եղած, որ պայքարի հայկական կազմակերպութեան մէջէն, ընտրած է այն շարժումը, որ ներկայ է իր իրավիճակին մէջ, հետեւաբար միացած է քրտական շարժումներուն:
Զեկուցաբերը վերջապէս ներկայացուց Թուրքիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչումները: Ան ըսաւ, որ Պոլսոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի մասին մէկէ աւելի ձեռնարկներ կազմակերպուած են: Բայց մեծ երեւոյթի մը չէ վերածուած 100ամեակը:
Իրականութեան մէջ այլ դաշտեր ստեղծուած են Թուրքիոյ հայ շրջանակներուն մէջ: Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան եզրափակեց իր խօսքը՝ ըսելով, որ այսօր մարդոց համար աւելի էական է իրենց ակունքներու փնտռտուքը: Մարդիկ աւելի շատ կաշխատի՛ն ու հետաքրքրուած են իրենց ընտանիքին պատմութիւնը պեղելով:
Աւարտին դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:
Asbarez.com
Leave a Reply