Տինքի սպանութեան ծալքերը բացայայտելու սկսած դատախազը կը հեռացուի պաշտօնէն

DinkՊՈԼԻՍ, «Մարմարա», «Ակօս».- Բախտորոշ հարցաքննութիւններու պատասխանատու բազմաթիւ դատախազներ, վերջերս Պոլսոյ աւագ դատախազ Հատի Սալիհօղլուի ստորագրութեամբ՝ իրենց պաշտօնէն հեռացուեցան։ Այս գծով ամէնէն վիճելի պաշտօնի փոփոխութիւնը կատարուեցաւ դատախազ Կէօքալփ Քէօքճիւի պարագային։ Քէօքճիւ այն դատախազն էր, որ կը շարունակէր հետեւիլ Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցաքննութեան։

Մինչ ան նոր սկսած էր Տինքի սպանութեան ծալքերը բացայայտելու, Քէօքճիւ յանկարծ պաշտօնանկ հռչակուեցաւ «Ահաբեկչութեան եւ կազմակերպեալ յանցանքներ» գրասենեակին մէջ իր պաշտօնէն եւ պաշտօնի կոչուեցաւ նախապատրաստական բաժինէն ներս։

Քէօքճիւի եւ աւագ դատախազութեան միջեւ կարճ ժամանակ առաջ տագնապ մը ստեղծուած էր՝ Հրանդ Տինքի ամբաստանագիրին պատճառով, երբ Քէօքճիւի կողմէ գրուած Տինքի ամբաստանագիրը երկու անգամ վերադարձուած էր եւ միայն երրորդ առիթով ընդունուած։

Անոր ամբաստանագիրին մէջ մեղադրանքներ կան Պոլսոյ նախկին ոստիկանապետին, ոստիկանութեան հետախուզութեան վարչութեան նախկին պետին, Տրապիզոնի նահանգային ոստիկանութեան նախկին պետին, Տրապիզոնի նահանգային հետախուզութեան նախկին պետին եւ եւս 23 այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու դէմ։

Քէօքճիւ 2014ի Դեկտեմբերին ստանձնած էր Տինքի սպանութեան գործին հետեւելու պարտականութիւնը:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2016
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ