ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան «IMC» պատկերասփիւռի կայանէն սուր քննադատութիւններ հնչեցուցած է իշխանութիւններուն հասցէին՝ զանոնք մեղադրելով քիւրտերուն նկատմամբ ցեղասպանութիւն իրականացնելու յանցանքով:
Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ցանկով ընտրուած հայազգի պատգամաւորը նշած է, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիրները Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրականացնողներն են, որոնք, սակայն, պատասխանատուութեան չենթարկուեցան:
Փայլանի դիտարկումով՝ այսօր եւս քիւրտերու պահանջներուն ի պատասխան, անոնց նկատմամբ ցեղասպանութիւն կ՛իրականացուի Թուրքիոյ մէջ:
«Այսօր տեղի ունեցող իրադարձութիւնները ես կը նմանցնեմ 1913-1914 թուականներու դէպքերուն: Բնականաբար, հետեւանքները նոյնը չեն, ինչ եղան հայերուն հետ, քանի որ քիւրտերը այսօր կազմակերպուած են եւ ուժեղ: Սակայն, այնուամենայնիւ, մենք կը տեսնենք, որ այս իշխանութիւնները շատ անգութ են: Անոնք կը փորձեն քիւրտերով բնակեցուած շրջանները ամայացնել: Ես Սուրի շրջան գացի: 1913 թուականին Սուրը շրջապատուած էր թնդանօթներով: 100 տարի անց, իշխանութիւնները Սուրի մէջ նոյն իրավիճակը ստեղծած են: Այսօր ալ այդ շրջանը շրջապատուած է հրասայլերով ու թնդանօթներով», ըսած է Փայլան:
Asbarez.com
Leave a Reply