Վերամուտ 1915-ի

Ճէնկիզ ԱքթարԳրեց Ճէնկիզ Աքթար*
Թարգմանեց Յարութիւն Մըսրլեան

*Ճէնկիզ Աքթար երկարամեայ աշխատակիցն է Թուրքիոյ «Զաման» եւ «Թարաֆ« օրաթերթերուն: Ճ. Աքթարի այս յօդուածը լոյս տեսաւ «Զաման»ի 6 Յունուար 2016-ի համարին մէջ (Յ.Մ.)

2014-ի Դեկտեմբեր 31-ին յօդուած մը գրեցի «Մուտք 1915-ի» խորագրով: Գրեցի կանխագուշակելու համար թէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը ինչպէս պիտի նշուի, եւ՝ իրականութիւնը դիմագրաւելու մեր ձախողութեան պատճառով , հարիւր տարիէ ի վեր մեր անիծուած ըլլալը ինչպէ՜ս պիտի շարունակուի:
Յօդուածիս վերջաւորութեան, որմէ մէջբերում պիտի կատարեմայս գրութեան մէջ, յայտնած էի, որ կը յուսամ հարիւրամեակըպատմական առիթ մը պիտի ստեղծէ զանց առնելու մեր հինսովորութիւնները, եւ մեր դիմացինը հասկնալու ու անոր հետ հաւաքական-բուժման գործարկութիւնը սկսելու համար: Բայց այդ ակնկալութիւնը մնաց անկատար: Աւելին՝ 1915-ի անէծքը դեգերող ոգի մը դարձաւ ամբողջ երկրին համար: Այսօր, Թուրքիան կը տառապի կատարեալ խելագարութեան իրավիճակէ:
Երբ անէծքի մասին կը խօսիմ հոգեբանական դիտարկութեան մը մատնանշումը չէ՛ որ կ’ընեմ: Թէեւ տագնապալից հոգիներու բնագաւառին մէջ, ատիկա պէտք չէ թերագնահատուի: Ես պարզապէս հետեւեալ ճշմարտութեան է որ կ’ակնարկեմ: Այնքան ատեն որ կը մերժենք դիմագրաւել ցեղասպանութեան սպար ոճիրը, եւ չենք ձերբազատուած այդ չարիքէն՝ զոհերու թոռներուն ամբողջական արդարութիւն ապահովելով, մենք միշտ ենթակայ պիտի ըլլանք այդ չարիքին հետապնդման: Ասիկա հիմնական բարոյական խնդիր մըն է: Յիրաւի՝ ցեղասպանութիւնը այնպիսի ստուար ոճիր մըն է, որ անբաղդատելի է ներկայիս գործուած անհատական, հաւաքական կամ հանրային ոճիրներուն հետ: Այն համակարգը որ կրնայ «մարսել» ցեղասպանութիւն մը, ներկայիս գործուած միւս ոճիրները դիւրութեամբ ընդունելի կը դառնան անոր: Այսպէսով է որ մենք կը շարունակենք ապրիլ չարիքին հետ:
1915-ի արարքը պետական մակարդակի վրայ հարց չդարձաւ, այնպէս ինչպէս որ հարկաւոր էր: Չդարձաւ՝ նախ 2015-ին երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող քաղաքական ճնշումներու ուժգնութեան, եւ ապա՝ ընկերութեան մէջ ընդհանրացած գիտութեան եւ ծանօթութեան պակասին պատճառով: Եւ ասիկա, սերտ առնչութիւն ունի նոյնիսկ մեր դար մը պատմութիւն ունեցող անարդարութեան եւ անպատժութեան վրայ հիմնուած մեր քաղաքական-ընկերային կառոյցին հետ:
Օրինակով մը բացատրեմ միտքս: Այսօր, այն ինչ որ կը պատահի քիւրտերուն, յաճախ տրուած բացատրութիւնը այն է, որ Հանրապետութեան հիմնադրութենէն ի վեր, անոնց ունեցած հալածանքը անպատիժ մնացած է միշտ: Բայց ոչ ոք կը յանդդգնի յիշելու այն իրողութիւնը, որ հայերն ու ուրիշ ոչ-իսլամ խմբակցութիւններ հալածուած էին այդ դէպքերէն իսկ առաջ: Հայերը, մասնաւորաբա՛ր, ճնշուած էին նաեւ քիւրտերուն կողմէ:
Թուրքիան դարէ մը ի վեր անկման մէջ կը գտնուի: 21-րդ դարու սկիզբէն սկսած է արդէն տապլտկիլ ճահիճի մէջ: Եւ վստհաբա՛ր՝ ուղղուած է դէպի ֆաշիզմ…:
*****
«ՄՈՒՏՔ 1915-ի»
Ո՞վ գիտէ, բոլոր այն չարիքները որ կը յաճախեն մեզ, անվերջանալի զանգուածային ջարդերը, դառնութենէ բուժուելու մեր անկարողութիւնը, թերեւս այս բոլորը արդիւնքն է դար մը երկարող մեր կրած անէծքին, եւ դար մը շարունակաբար ըրած մեր ստախօսութեան: Ի՞նչ կը խորհիք: Ասիկա թերեւս հայերուն (տղամարդոց, կանանց եւ… նոյնի՛սկ երախաներուն) արտասանած անէծքն է, որոնք հեծեծանքով մեռան եւ թաղուեցան առանց դագաղի: Հաւանական է որ մեր հոգիներուն մէջ ստեղծուած փոթորկներն ըլլան: Փոթորիկներ՝ ստեղծուած մեր անբախտ քաղաքացիներուն տառապող ուրուականներուն կողմէ: Ուրուականները հայերու, յոյներու, ասորիներու, եւ յետոյ՝ ալեւիներու եւ քիւրտերու:
Թերեւս 1915-էն յետոյ կատարուած ջարդերն ըլլան պատճառը որոնք հաշուի մէջ իսկ չեն առնուած, եւ որոնց «հատուցման գիները» մնացած են անվճար: Եւ հիմա, թոռներն են որ կը հատուցանեն տարբեր մերձավայրերու մէջ…: Խլուած եւ գողցուած կեանքերու փոխարէն , կողոպտուած տուներու եւ քանդուած եկեղեցիներու փոխարէն, գրաւուած դպրոցներու եւ կալուածներու փոխարէն անոնք անիծա՛ծ են մեզի: Անիծած՝ «Աստուած ձեզի եւ գալիք բոլոր ձեր սերունդներուն պարտական դարձնէ եւ վճարել տայ այս բոլոր…:» Արդեօք սկսա՞ծ ենք մեր ցարդ գործած բոլոր անարդարութիւններուն հատուցման: Անցեալի մեղքերը ընդդիմադրելու անկարողութեան պատճառով՝ վճարումը արդեօք յանդգնութեա՞մբ կը յայտնաբերուի, թէ՝ անպարկեշտութեա՛մբ, որը մեզի համար սովորութիւն դարձած է, անարդարութեան գործադրութիւնը թոյլատրելի դարձնելու համար: Կը թուի թէ մեր ընկերութիւնը դարէ մը ի վեր անկման մէջ կը գտնուի, բորբոքելով իր շուրջը գտնուող ամեն ինչ:
Հակառակ այս դար մը երկարող անէծքի գոյութեան, 2015-ը պիտի անցնի, «Իրապէս՝ ցեղասպանութիւն եղա՞ծ էր» վիճաբանութիւնը անպատասխան մնալով: Ականատես պիտի ըլլանք երկրին ներկայ վարձակալներուն թափած անսահման ճիգերուն այս ամօթը ծածկելու, եւ յետաձգելու ընդդիմութեան տանող որեւէ մէկ քայլ: Եթէ իրենց մնար,2015 թուականը պարզապէս զանց կ’առնէին : Ցեղասպանութիւնը ուրացողներու արձանագրութիւնը կը բաղկանայ երեք թառամած առարկութիւններէ. մաքառում, թշնամիին հետ աշխատակցութիւն եւ զոհարկութիւն: «Հայերն էին որ մեզ սպաննեցին »ը թութակի մը ըրածին պէս պիտի կրկնուի գիտաժողովներու շարանով մը: Եւ մենք ալ պիտի պարենք սովորական մեր եղանակներով: Ապրիլ 24 -25ին պաշտօնական արարողութիւն մը տեղի պիտի ունենայ Անզագի Օրը տօնելու, որը ո՛չ մէկ կապ ունի ցեղասպանութեան հետ: Եւ պիտի լսենք առատ առասպելներ Տարտանելզի մէջ կատարուած քաջագործութիւններուն մասին: Բայց մեր պատմութիւնը լսող ոեւէ մէկը պիտի չգտնենք:
Մեր հանդէպ քանի՞ նոր նզովանք պէտք է կատարուի, որ մենք հակումն ունենանք .
-մեր պետութիւն- հիմնող արիւնոտ գործընթացը հաշուեյարդարի ենթարկելու,
– ծանօթանալու եւ յիշելու , թէ ինչպէ՜ս անվնասակար, արդիւնաբեր, աշխատասէր, տաղանդաւոր, խաղաղասէր ժողովուրդ մը որ Անատոլիոյ մէջ կ’ապրէր, ջնջուեցա՜ւ հոն ապրող ռամիկներու կողմէ,
– զգալու ծուծը այն բռնութեան, որ մղեց անբախտ հայերը ճչալու «Ո՛ւր էիր Աստուած» 1915-ի ամրան, երբ ամեն ինչ ցուրտ էր ու խաւար,
-գիտնալու, որ 1915-ին Օսմանեան Կայսրութեան մէջ ապրող միլիոններ հաշուող հայութիւնը այսօր իսկապէս պակսած է գրեթէ ոչինչի՛: Իսկ հոն ապրող մնացորդացն անոնց , ծածկա՛ծ է իր ինքնութիւնը, կամ՝ իսլամացած, մէկ թի աւլելով «ցեղասպանութի՞ւն էր կամ ոչ» առեղծուածը, կամ՝ «ո՞վ որուն սպաննեց» հարցումը: Եւ ականջ դնենք մեր խղճի ձայնը յստակօրէն լսելու,
– հասկնալու, որ, Հրանդ Տինքի ըսածին պէս, փետրազարդեալ մշակոյթի մը ցեղասպանութիւնն էր, եւ ահագին քաղաքակրթութեան մը կորուստն էր որ տեղի ունեցաւ,
-ըմբռնելու, որ իր ոչ-իսլամ քաղաքացիները այլեւս չեն ապրիր այս հողին վրայ, եւ ատիկա երկրին հզօրագոյն կորուստն եղաւ,
-պարփակելու, որ ցեղասպանութիւնը (այդ խաւարի օրերուն՝ հայերը «Մեծ Եղեռն» անունը կու տան) աղետ մըն էր որ պատահեցաւ ոչ միայն հայութեան, այլ նաեւ ամբողջ երկրին,
-նկատելու, որ կորուստը սպաննուած, աքսորուած եւ փախուստ տուած մեր ոչ-իսլամ քաղաքացիներուն կորուստն էր մեր քաղքենի, կայտառամիտ մտաւորականութեան, մշակոյթին ու քաղաքակրթութեան,
-արժեւորելու նզովքը գրաւուած ինչքին, կալուածներուն եւ…երախաներո՜ւն,
-ըստ արժանւոյն ըմբռնելու, գրող Եաշիր Գեմալի իմաստութիւնը որ կ’ըսէ «Ուրիշ թռչուն մը չի կրնար բարգաւաճիլ լքուած բոյնի մը մէջ: Ան որ բոյն կը կործանէ, չի կրնար բոյն ունենալ: Զրկանքը զրկանք կը ծնանի»,
-հասկնալու, որ անոնք որոնք կը դրժեն վերոյիշեալ կէտերը, կ’ընեն ատիկա իմաստութեան կորուստէ մը որ կը բխի ցեղասպանութենէն:
Հայկական ցեղասպանութիւնը Մեծ Եղեռնն է Անատոլիոյ: Մեծագոյն եւ մայր-բանադրանքը այս հողին:
Անոր անէծքը պիտի շարունակուի այնքան ատեն որ մենք կը դրժենք խօսիլ անոր մասին: Ճանչնա՛նք, հասկնա՛նք եւ նկատի՛ առնենք զանիկա…:
Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը պատեհութիւն մը կ’առաջադրէ մեր սովորութիւնները տնօրինելու, Դիմացինը հասկնալու, եւ սկսելու հաւաքական բուժման…

http://www.horizonweekly.ca/news/details/79028

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2016
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ