ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐԷ ԾՆՈՒՆԴ ԱՌՆՈՂ ԲԱՆԱՎԷՃԵՐ
Սպայակոյտի նախագահութիւնը յանցագործական գործի՞ք կը նկատէ Աստուածաշունչը – Կրօնից տեսչութիւնը ի՞նչ կը մտածէ ազգականներու միջեւ սեռային կապի մասին
Ա-Գէ-Փէ իշխանութեան կարգադրութիւններուն մէջ կրօնքի ազդակը հինէն ի վեր ծնունդ տուած է ու կը շարունակէ տալ խնդրայարոյց բանավէճերու։ Այս կարգէն նոր հարց մը քանի մը օրէ ի վեր կը զբաղեցնէ Քրիստոնեայ շրջանակները, որոնք վիրաւորուած են Թուրքիոյ Սպայակոյտի Նախագահութեան կողմէ Քրիստոնեաներու Սուրբ Գիրքին՝ Աստուածաշունչին մասին կատարուած ժխտական հաղորդագրութենէ մը։ Արդարեւ Սպայակոյտի Նախագահութիւնը անցեալ օր հրատարակած էր հաղորդագրութիւն մը ուր ըսուած էր որ Պիթլիսի Մութքի դաշտային շրջանին մէջ 27 Դեկտեմբերին կատարուած զինուորական գործողութեան մը ընթացքին երեւան հանուած էր ՓՔՔ-ցիներու թաքստոց մը ուր ձեռք անցուած էին մեծ թիւով պայթուցիկներ, քրտերէն Աստուածաշունչեր եւ կազմակերպութեան քարոզչական նիւթեր։
Սպայակոյտի Նախագահութեան այս հաղորդագրութիւնը, որ Աստուածաշունչն ալ կը դասէր պայթուցիկներու ու ահաբեկչական նախանիւթերու կարգին, հարցման նշաններ ու անհանգստութիւններ յառաջացուցած էր Քրիստոնեաներու մտքին մէջ, որոնք այսպիսի յայտարարութիւն մը նուաստացուցիչ կը գտնէին միլիառաւոր Քրիստոնեաներու հաւատքին աղբիւրը դարձած Աստուածաշունչին համար։
Երէկ “Թարաֆ” կը հաղորդէր որ Բողոքական Եկեղեցիներու Միութիւնը շարժման անցաւ բողոքելու համար Սպայակոյտի Նախագահութեան վերոյիշեալ հաղորդագրութեան դէմ։ Միութեան անունով խօսեցաւ Պատուելի Իհսան Էօզպէք որ յայտնեց թէ Սպայակոյտի Նախագահութեան հաղորդագրութիւնը հարցման նշաններ ստեղծած է Քրիստոնեաներու մտքին մէջ։ Ան ըսաւ որ Աստուածաշունչը մեր երկրին մէջ ինչ լեզուով ալ ըլլայ, արգիլուած բան մը չէ եւ ինչպէս ամէն տեղ, հոս ալ ազատօրէն կը վաճառուի, կը կարդացուի, վրան կը խօսուի, մինչդեռ Սպայակոյտի Հաղորդագրութեան մէջ այնպէս մը խօսուած է որ կարծես թէ ՓՔՔ-ի որջին մէջ գտնուած ահաբեկչական նախանիւթերէն մէկն ալ քրտերէն Աստուածաշունչն է։ “Ձեռք անցուած է” բացատրութիւնն ալ արդէն կը ստեղծէ այն պատկերը թէ ձեռք անցուած Աստուածաշունչերը յանցագործական նախանիւթեր էին։ Հակառակ որ հոն բազմաթիւ ուրիշ գիրքեր ալ գտնուած էին, անոնցմէ միայն Աստուածաշունչի յիշուած ըլլալն ալ այն տպաւորութիւնը կը թողու որ Սպայակոյտի Նախագահութիւնը Աստուածաշունչը յանցագործական գործիք նկատած է։ Պէտք է հարց տալ թէ Սպայակոյտի Նախագահութիւնը ինչո՞ւ պահանջքը զգացած է այսպիսի լուսաբանութիւն մը ընելու եւ թէ ասիկա ի՞նչ կը շահեցնէ երկրին։ Միլիառաւոր մարդիկ կը հաւատան Սուրբ Գիրքին ու կը կարդան զայն, իրենց կեանքը կը կանոնաւորեն Սուրբ Գիրքին համաձայն, ուստի այսպիսի Գիրքի մը նկատմամբ նուաստացուցիչ այս հաղորդագրութիւնը ոչ միայն իրաւունքներու խախտում մըն է, այլ նաեւ է վանողական արարք, ըսած է պատուելի Իհսան Էօզպէք։
ԿՐՕՆԻՑ ՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆՆ ԱԼ ԾԱՆՐ ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆՇԱՒԱԿ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ
Մամուլը, մանաւանդ ընկերային կայքէքերը այս օրերուն քննադատութեանց նշաւակ դարձուցած են նաեւ Թուրքիոյ Կրօնից Տեսչութիւնը որ իրերայաջորդ քանի մը նիւթերով ճամբայ բացաւ ծանր բանավէճերու ու ենթարկուեցաւ մահմետական աշխարհէ ներս մահմետականութեան վնաս պատճառող վճիռներ արձակելու մեղադրանքին։
Առաջին դժգոհութիւնը ծնունդ առաւ երբ Կրօնից Տեսուչը յայտարարեց որ Ալէվիներու Ճէմ աղօթատեղիները Կրօնական Տեսչութեան կարմիր գիծն են։ Կրօնից Տեսուչը այս կերպով այն տպաւորութիւնը կը թողուր որ ան Ալէվիներու աղօթատեղիները չէր ճանչնար որպէս աղօթատեղի։ Այս մասին անհանգստութիւններ դրսեւորուեցան Ալէվիներու աշխարհէն, նոյնիսկ գտնուեցան անձեր որոնք պահանջեցին որ Կրօնից Տեսուչը պաշտօնանկ հռչակուի։ Բայց աւելի ծանր մեղադրանքներ ալ յաջորդեցին։ Ընկերային մէտիայի էջերուն մէջ սկսան շրջիլ տարաձայնութիւններ, ըստ որոնց Կրօնից Տեսչութիւնը իբրեւ թէ հարցումի մը պատասխանելով յայտարարած է որ եթէ հայր մը իր աղջկան նայելով սեռային ախորժակ զգայ, ատիկա յանցանք չէ եւ պատճառ չի նկատուիր որպէսզի ան իր կնոջմէ զատուի։ Այս տգեղ ու տարօրինակ պնդումով կարծես Կրօնից Տեսչութիւնը պաշտպանած կ՚ըլլար նաեւ ազգականներու միջեւ ամուսնութիւնը կամ սեռային կապը։
Կրօնից Տեսչութիւնը ժխտեց այս տարաձայնութիւնները եւ նկատելով որ նմանօրինակ տարաձայնութիւններ ծնունդ կ՚առնեն Տեսչութեան Կրօնական Հարցումներու Պատասխանելու Բեմահարթակէն, առ այժմ փակեց այդ բեմահարթակը ու հաղորդեց թէ կրօնից Տեսչութեան եւ անոր կապուած մարմիններուն կողմէ նմանօրինակ պատգամներ չեն արձակուած։ Կրօնական Գործերու Բարձրագոյն Խորհուրդի Նախագահ Տքթ. Էքրէմ Քէլէշն ալ յայտարարութիւն մը ըրաւ ու խստիւ մերժեց ամբաստանութիւնները, ըսաւ որ Բարձրագոյն Խորհուրդը այսպիսի պատգամ մը արձակած չէ եւ չի ալ կրնար արձակել։ Այժմ լայն քննութիւն մը պիտի կատարուի որպէսզի ստուգուի թէ որո՞նք են նմանօրինակ տարաձայնութիւններ ստեղծողները, որոնք, այսպիսի անբարոյ ու անամօթ կացինահարումներով վնաս կը պատճառեն մահմետականութեան։
ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻ ԱՅՇԷ ՉԷԼԻՔԻ ՈՂԲԱԳԻՆ ՃԻՉԸ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԵԱՆ Ի ՆՊԱՍՏ ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԻՒՆ ՆԿԱՏՈՒԵՑԱՒ
Տիյարպաքըրի դատախազը հարցաքննութիւն բացաւ
– Պէյազ Շովի հանդիսավար Պէյազըտ Էօզթիւրք ներողութիւն խնդրեց
Երկու օր առաջ մամուլը գրած էր որ Քանալ-Տէ հեռատեսիլի կայանի “Պէյազ Շով” յայտագրի ընթացքին Տիյարպաքըրէն Այշէ Չէլիք անուն ուսուցչուհի մը հեռաձայնով կապուած էր յայտագրին ու ցնցած էր բովանդակ Թուրքիան, հարց տալով թէ “Դուք գիտէ՞ք թէ ինչեր կը պատահին Արեւելեան Նահանգներու մէջ”։ Խաղաղութեան ի նպաստ աղիողորմ ճիչ մըն էր ասիկա, որով կը պահանջուէր որ մանուկները չսպաննուին այլեւս այս կռիւներու ընթացքին։ Շատեր ըսին որ ուսուցչուհի Այշէ Չէլիք կարգի հրաւիրած էր մեր բոլորը։
Բայց մէկ օր վերջ պատկերը հիմնովին փոխուեցաւ։ Տիյարպաքըրի Դատախազութիւնը ահաբեկչական կազմակերպութիւններու քարոզչութիւնը ընելու յանցագործութիւն տեսաւ Այշէ Չէլիքի յայտարարութիւններուն մէջ, պնդելով նաեւ որ անիկա ուսուցչուհի ալ չէ եւ հանրային կարծիքը խաբեց ինքզինք որպէս ուսուցչուհի ներկայացնելով։ Ան Կրթական Նախարարութեան դպրոցներէն ո_չ մէկուն մէջ կ՚ուսուցչագործէ, անցեալի մէջ որպէս գծագրութեան ուսուցիչ աշխատած է Ֆէթհուլլահ Կիւլէնի Զուգահեռ կառոյցներու մաս կազմող ժողովրդական տան մը մէջ։ Ան յետին նպատակով է որ մասնակցած էր Պէյազի յայտագրին ու ահաբեկչութեան քարոզչութիւնը ըրած էր, ըսուեցաւ Անատոլու Գործակալութեան կողմէ հրատարակուած լրատուութեան մը մէջ։
ՊԷՅԱԶԸՏ ՆԵՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԽՆԴՐԵՑ
Պէյազըտ Էօզթիւրք, որ Պէյազ Շովի հանդիսավարն է, ցաւ յայտնեց պատահածին համար ու ներողութիւն խնդրեց դիտորդներէն։ Ան ըսաւ որ ինք յանկարծ շատ յուզուած էր երբ հեռաձայնէն իմացած էր որ մէկը կը պաշտպանէր մանուկներու կեանքի անվտանգութիւնը։ Շուարած էր, իր ներքին ձայնը մտիկ ընելու հետեւանքով լաւ ալ չհետեւեցաւ Այշէ ուսուցչուհիին ըսածներուն։ Հաւատացած էր որ ան իրապէս ուսուցչուհի է, մինչդեռ չէ եղեր։ “Ես ներողութիւն կը խնդրեմ եթէ ոմանց զգացումները վիրաւորեցի այս յայտագրի ընթացքին, բայց ես ոստիկանի զաւակ եմ ու այս ժողովուրդին ծոցէն հասած եմ, միշտ ջանացի հեռու մնալ քաղաքականութենէ, կը սիրեմ իմ գործը ու պիտի շարունակեմ”, ըսաւ ան։
Գանալ Տէ հեռատեսիլի կայանն ալ ներողութիւն խնդրեց կենդանի հաղորդումի ընթացքին պատահած այս “արկած”ին համար։
ՏԷՄԻՐԹԱՇ ՏԷՐ ԿԱՆԳՆԵՑԱՒ ԱՅՇԷ ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻԻՆ
Միւս կողմէ Հէ-Տէ-Փէի Համանախագահ Սէլահատտին Տէմիրթաշ տէր կանգնեցաւ Այշէ Չէլիք ուսուցչուհիին։ Ան ըսաւ որ կին մը հեռատեսիլի կապուելով “Մանուկները թող չմեռնին այլեւս” կ՚ըսէ, խաղաղութեան ի նպաստ կը խօսի, պետական համակարգը անմիջապէս շարժման կ՚անցնի անոր դէմ։ Մէկը ինչո՞ւ այսքան յարձակումի ենթարկուի խաղաղութիւն ուզեց ըսելով։ Որովհետեւ պետութիւնը կ՚ուզէ որ խաղաղութիւն ուզողները թող տեսնեն թէ իրենց գլխուն ինչեր կրնան գալ, ըսաւ Տէմիրթաշ։
ԿՏԱԿԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՈՒՐԱՐԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ Ս. ԹԱԳԱՒՈՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Երէկ, 10 Յունուար 2016 Կիրակի, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Կտակի Ս. Պատարագ։ Արարողութեան հանդիսապետեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Գերշ. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեան։ Ի ժամ Ս. Պատարագի, Բրկ. Արեգ Դպ. Թաշճեանին շնորհեց ուրարակրութեան արտօնութիւն։
Ս. Պատարագի աւարտին, Ֆէսճեան, Սէրթշիմշէք, Չոլաքեան եւ Մեծարեան ընտանիքներու հանգուցեալ անդամներու հոգւոցն ի հանգիստ հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի ունեցաւ։
“Նէշընըլ Ռէվիւ”ի ՀԱՄԱՁԱՅՆ՝ ԱՄԵՐԻԿԱ ՊԷՏՔ Է ԽՈՍՏՈՎԱՆԻ ՓՈՒԹԻՆԻ ՃՇՄԱՐՏԱՑԻՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՐՑԻ ՄԷՋ
Ամերիկեան հեղինակաւոր պարբերականներէն “Նէշընըլ Ռէվիւ”ն յօդուած մը հրապարակեց Սուրիոյ հարցի մասին ու գրեց որ Ուաշինկթըն ստիպուած է խոստովանելու անցանկալի ճշմարտութիւնը, որ է հետեւեալը. Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին Սուրիոյ հարցի մէջ ճիշդ մօտեցում կը դրսեւորէ։
“Հասկնալի է որ ամերիկեան վարչակազմի համար դժուար է հրապարակաւ աջակցիլ Ռուսաստանին ու Իրանին, սակայն նուազագոյնը, զոր Ամերիկա կրնայ ընել, ատիկա լուռ աջակցութիւնն է”, կը գրէ յօդուածի հեղինակ Ճէյ Հալլէն ու կ՚աւելցնէ. “Ատիկա կը նշանակէ որ Ամերիկա պէտք է դադրի անդադար քննադատելէ Ռուսաստանը՝ Սուրիոյ մէջ գործողութիւններու համար եւ պէտք է հրաժարի այն գործողութիւններէն, որոնք կրնան խանգարել Ռուսաստանը”։
Վլատիմիր Փութինի գործողութիւններուն հաւանութիւն տալը մէկն է այն երեք անյարմար ճշմարտութիւններէն, զորս Պարաք Օպամայի վարչակազմը պէտք է ընէ սուրիական հակամարտութեան լուծման համար։
Երկրորդը հետեւեալն է. եթէ Սատտամ Հիւսէյին ու Մուամմէր Գատտաֆի մնային իշխանութեան գլուխ, Մերձաւոր Արեւելքը աւելի անվտանգ ու կայուն պիտի ըլլար։ Երրորդն այն է որ իրական արտաքին քաղաքականութիւնը այժմ գաղափարախօսութենէն աւելի կարեւոր է։ Սուրիական ճգնաժամը հասած է այնքան լուրջ մակարդակի մը, որ Ամերիկա այլեւս չի կրնար ինքզինքին արտօնել ու ընդունիլ գաղափարապէս գրաւիչ որոշում մը։ Մեկնելով այս ճշմարտութիւններէն, հեղինակը կ՚եզրակացնէ որ անհրաժեշտ է կանգնիլ Սուրիոյ Նախագահ Պէշար Էսատի կողքին։
“Էսատին աջակցիլը կը նշանակէ խոստովանիլ որ անկարելի է հասնիլ ամերիկեան գաղափարախօսական նպատակներուն եւ միայն իրապաշտութիւնն է որ պիտի օգնէ հասնիլ ամերիկեան ռազմավարական նպատակներուն”, կ՚եզրակրացնէ յօդուածագիրը։
ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆՑԻՆԵՐ ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՏՈՒՐՔ ՄԱՏՈՒՑԱՆԵՑԻՆ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ՀԻՄՆԱԴԻՐ ՏԻԳՐԱՆ ԷՖ. ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
Շաբաթ օր աւանդական շուքով ու յարգանքով ոգեկոչուեցաւ Գարակէօզեան տան հիմնադիր Տիգրան Էֆ. Գարակէօզեան։
Առաւօտեան նախ այցելութիւն տրուեցաւ Շիշլիի գերեզմանատուն, Գարակէօզեան գերդաստանի ընտանեկան դամբարան եւ կատարուեցաւ Հոգեհանգստեան յատուկ Պաշտօն, ձեռամբ՝ Արժ. Տ. Մինաս Քհնյ. Ճիհանկիւլեանի։ Ներկայ էին վարժարանի Խնամակալութեան Ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ խնամակալութեան անդամներ, տնօրէնուհի Արուսեակ Գոչ-Մոնէ եւ ուսուցչական կազմը, նախկին շրջանաւարտներ, աշակերտներ ու համակիրներ։ Դամբարանը ծածկուեցաւ ծաղկեպսակներով, իսկ ներկաները յարգանքի իրենց տուրքը մատուցանեցին այս մեծանուն բարերարի յիշատակին։ Յետոյ բոլորը միասնաբար առաջնորդուեցան վարժարան, ուր տարբեր սրահներուն մէջ գործադրուեցաւ օրուան յայտագիրը։ Գարակէօզեանի ընտանիքը, ինչպէս նաեւ հիւրեր ու հրաւիրեալներ միասնաբար ճաշակեցին ողբացեալ հիմնադրի ամէնէն սիրած ճաշը՝ լուբիան, յետոյ հետեւեցան տարբեր ելոյթներու։ Այսպէս “Վահան Գարթալլըօղլու” սրահին մէջ վարժարանի աշակերտները երգերով յիշատակեցին իրենց ողբացեալ հիմնադիրը, անոնց յաջորդեց տեսաերիզի ցուցադրութիւն մը, ուր նախկին սաները իրենց յուշերը կը պատմէին վարժարանի մասին։ Խօսք առաւ տնօրէնուհի Արուսեակ Գոչ-Մոնէ, որ նշեց թէ այս մէկտեղումը բոլորի համար ո_չ միայն ոգեկոչում մըն է, այլ նաեւ առիթ է անգամ մը եւս անդրադառնալու վարժարանի առաքելութեան ու գործունէութեան։ Տիկին Արուսեակ սապէս շարունակեց իր խօսքը. “Այս տարուան հանդիսութիւններու նպատակն էր որպէս առանցքային կեդրոն ընդունիլ աշակերտները։ Հանդիսութեան մէկ բաժինը իրականացուցինք տղոց հետ մասին, փափաքեցանք աշակերտներու մօտ արթնցնել իրենց վարժարանի պատմականին հանդէպ հետաքրքրութիւն, փափաքեցանք որ այս օրը տղոց համար չըլլայ միայն անուն մը յիշատակելու օր մը, այլ անոնք ջանան հասկնալ թէ 103 տարի առաջ ինչպիսի պայմաններու մէջ է որ հիմնուեցաւ այս Տունը, ի՞նչ էին այդ տարիներու աշակերտներու երազները, յուզումները։ Այս ամէնը կարեւոր են, որպէսզի աշակերտները լաւապէս ըմբռնեն ներկան ու կերտեն ապագան”։
Տնօրէնուհին շեշտեց նաեւ որ այսօր առիթ է որպէսզի բոլոր մասնակիցները միասնաբար ակնարկ մը նետեն Գարակէօզեանի պատմական անցեալի վրայ ու տեսնեն որ վարժարանը պատուաբեր աշխատանքով լիովին արդարացուցած է իր առաքելութիւնը։ Շնորհակալ ենք բոլոր անոնց, որոնք իրենց վաստակը բերին այս վարժարանի գոյատեւման, եզրակացուց Տնօրէնուհին։
Տնօրէնուհիին յաջորդեց Ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլի ելոյթը։ Ան նշեց թէ ինք վեց տարի ուսանած է այս վարժարանի մէջ եւ արդէն 15 տարիէ ի վեր կը պաշտօնավարէ որպէս խնամակալ։ “Դարեր ալ անցնին, այնպիսի անուններ, ինչպիսին են Տիգրան Էֆ. Գարակէօզեան, Գազազ Արթին Ամիրա Պէզճեանի եւ ուրիշներ, միշտ պիտի յիշուին։ Կեանքի մէջ դրամ թողուլը կարեւոր չէ, կարեւորը աշխատանք ու բարի անուն թողնելն է”, ըսաւ Ատենապետ Կիւլմէզկիլ ու շնորհակալութիւն յայտնեց տնօրէնուհիին եւ ուսուցչական կազմին՝ այս հաւաքոյթը կազմակերպելու համար։
Օրուայ յայտագիրը շատ բովանդակալից էր։ Ելոյթներուն յաջորդեցին շրջանաւարտներու յուշերը պատմող տեսաերիզի մը ցուցադրութիւնը, “Գարակէօզեանէն հետքեր” անունով բաժինը, ուր լուսանկարներ հրատարակուած էին վարժարանի արխիւէն, “Վարժարան մը հիմնել՝ 80 տարի վերջ Գարակէօզեանը” կարգախօսի ներքեւ աշակերտներու ձեռագործ աշխատանքները, “Նամակներ անցեալէն” անունի տակ աշակերտներու շնորհակալական նամակները՝ ուղղեալ հիմնադիր Ողբ. Տիգրան Էֆ. Գարակէօզեանին, հին լուսանկարներու ցուցադրութիւնը, ուր վարժարանի նախկին սաները փորձեցին գտնել իրենք զիրենք, Տնօրէններու օրագրութիւններէն յիշարժան էջեր, նաեւ յուշամատեանի մը մէջ տպաւորութիւններ գրի առնելը։ Հարցազրոյցներու ձեւով ներկայացուեցան նախկին շրջանաւարտներու հետ տեսաերիզներ. այդ շրջանաւարտներն էին Անդրանիկ Տուբինեան, Արթին Քիլէճի, Թէքին Տէմիրճեան, Զաքարիա Միլտանօղլու, Մուրատ Պիլիր եւ Արմենակ Էօզգալայճը։
Աւարտին, բոլորը անցեալի յուշերը վերաթարմացնելով իրենց սրտին մէջ, բաժնուեցան իրենց համար հարազատ այս բոյնէն։
Վ. Ս.
Leave a Reply