«Պէտք չէ մոռնալ, որ մկրտուիլ փափաքող իսլամացածներուն շատերն իսկապէս հայկական արիւն ունին»: «Արեւելք»ին յայտնեց Գերմանիոյ Հեսըն եւ Ռհայնլանտ-Փֆալց նահանգներու հայ համայնքերու հոգեւոր հովիւ` Տ. Սերովբէ վարդապետ Իսախանեանը:
«Արեւելք»ի հետ ունեցած զրոյցին ան նշեց, թէ ինք որպէս Գերմանիոյ հայկական համայնքի հոգեւոր հովիւ տարբեր առիթներով առնչուած է իսլամացած հայերու խնդրին հետ, յատկապէս երբ վեջին 50- 60 տարիներու ընթացքին Եւրոպա եկած բազմահազար Թուրքիոյ քաղաքացիներուն մէջ եղած են բազմաթիւ քրիստոնեաներ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ իսլամացած եւ իրենց անցեալին մէջ հայկական արմատ ունեցող հայեր: Ան տեղեկացուց, որ այլ հոգեւորականներու կողքին, ինք եւս առաջնորդ Սրբազանին կողմէ տրուած արտօնութեամբ մկրտած է երկու իսլամացած հայ կիներ: Ինչպէս նաեւ նշեց, որ Գերմանիոյ մէջ մկրտուողներէն մէկը եղած է յայտնի երգիչ Եաշար Քուրթը, որ մկրտուած է Արշակ անունով: Խօսելով մկրտութիւն կատարելու` իրենց որդեգրած սկզբունքին մասին, ան ըսաւ. «Անոնք, որոնք որոշակի թուղթերով կը փաստեն իրենց հայ արմատ ունենալը, մեր կողմէ որոշակի նախապատրաստական հանգրուան մը անցընելէ ետք քրիստոնեայ մկրտուած են»: Վարդապետը կարեւորեց այս փափուկ եւ շատ զգայուն նիւթի հանդէպ զգուշաւոր ըլլալու հանգամանքը եւ յայտնելով իր տեսակէտը, նկատել տուաւ, որ այս հարցը նեղ պրիսմակով արծարծուելիք հարց մը չէ, այլ էական եւ համազգային խնդիր է, որուն դիմաց պէտք է ցուցաբերել ազգային մօտեցումներով ամրացուած ընդհանուր մարտավարութիւն մը:
Անդրադառնալով ամբողջ հայութեան յուզող Կիլիկեան կաթողիկոսութեան Սիսի կաթողիկոսարանի դատի հարցին, այդ կապակցութեամբ Պոլսոյ պատրիարքարանի իրաւասութիւններուն եւ միւս կողմէ Անթիլիասի պատմական արժէք ներկայացնող կաթողիկոսարանին վերատիրանալու խնդիրներուն, Իսախանեան վարդապետ յայտնեց, որ ինք իրաւունք չի տար ինքզինքին այդ ուղղութեամբ արտայայտուելու, հարցին ե՛ւ զգացական ե՛ւ իրաւական հանգամանք ունենալուն համար: Ան այս առումով ըսաւ «Կը խորհիմ, որ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եւ անձնապէս Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետը երկար մտածած եւ քննարկումներ ունեցած են հայ կամ օտար իրաւաբաններու հետ, հաշուարկներ կատարած են, նախքան նման իրաւական պահանջք մը ներկայացնելը»: Ան մատնանշելով, որ Սիսի Կաթողիկոսարանը «միայն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նստավայրը չէ եղած, այլ մինչեւ 1441 թուական եղած է նաեւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան նստավայր» նշեց, թէ «Պոլսոյ մէջ այսօր ինչքան ալ փոքրացած՝ ունինք պատմական Պոլսոյ աթոռը, որ ունեցած է փառահեղ պատմութիւն եւ ցանկալի է, որ մեր նուիրապետական աթոռներուն միջեւ եթէ ոչ բացայայտ եւ հրապարակային, ապա ներքին համաձայնութիւններ գոյանան այս խնդրին առընթեր»:
Պատասխանելով «Արեւելք»ի հարցին, կապուած Թուրքիոյ ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի ամբողջ տարածաշրջանին մէջ գրանցուող ցնցումներուն կամ շրջանին համար գծուող նոր քարտէզներուն վերաբերեալ Վարդապետը ըսաւ, թէ ծանօթ չըլլալով, թէ ազգային, քաղաքական, կամ եկեղեցական գործնական ինչ ծրագիրներ կան այդ առումով ինք որպէս հոգեւորական ճիշդ եւ տեղին կը համարէ Արեւմտեան Հայաստանի հարցին արծարծ պահելը, այդ մասին անընդհատ խօսելով, ուխտագնացութիւններ կազմակերպելով եւ այլ նախաձեռնութիւններ ընելով եւ կը յորդորէ իւրաքանչիւր հայու նոյնը ընել, նշելով. «Այսօր որոշակի քաղաքական վերիվայրումներ կան Թուրքիոյ մէջ եւ տայ Աստուած, որ հարցերը այնպէս դասաւորուին, որ մենք կարենանք տագնապներուն եւ վերիվայրումներուն մէջ մեր Հայ ժողովուրդի շահերը պաշտպանել եւ իրաւականօրէն պահանջք ներկայացնել եւ նոր ծաղկում ապրիլ» եզրափակեց ան:
Arevelk.am
Leave a Reply