Թրքական «Notos» ամսագրի նոր թիւը նուիրուած է հայ գրականութեան

NotosԹրքական «Notos» գրական ամսագիրը իր 55-րդ թիւը նուիրած է հայ եւ հայալեզու գրականութեան: Վկայակոչելով Ermenikulturu.com կայքը` Ermenihaber.am կը տեղեկացնէ, թէ ամսագրի 2016 թուականի առաջին համարին մէջ լայն անդրադարձ կատարուած է 1915-էն առաջ եւ ետք հայ ու հայալեզու գրականութեան զարգացումներուն, անուանի ներկայացուցիչներուն եւ անոնց ստեղծագործութիւններուն:

Ամսագրի նոր համարին մէջ տեղ գտած են ինչպէս հայաստանցի, այնպէս ալ սփիւռքահայ եւ մասնաւորապէս պոլսահայ գրողներու եւ անոնց ստեղծագործութիւններուն գասին տեղեկութիւններ: «Notos»-ը անդարադարձած է նաեւ այն հայ գրողներուն, որոնք ստեղծագործած են ոչ թէ հայերէն, այլ տարբեր լեզուներով` ֆրանսերէն, անգլերէն, պարսկերէն, յունարէն եւ այլն: Առանձին անդրադարձ եղած է նաեւ հայատառ թրքերէն գրականութեան, օրինակներուն, հեղինակներուն:

«Notos»-ի 55-րդ թիւին մէջ տեղ գտած են Մեհմեթ Ֆաթիհ Ուսլուի, Սեւան Տեղիրմենճեանի, Ազիզ Կէօքտեմիրի, Մարալ Աքթոքմաքեանի, Մուրաթ Ճանգարայի, Արարատ Շեքերեանի, Հազալ Հալաւութի, Նազան Մաքսուտեանի, Կարին Քարաքաշլըի, Վահրամ Դանիէլեանի եւ Սոնա Մնացականեանի յօդուածները:

http://www.yerakouyn.com/?p=97282

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2016
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ