ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Ցանցահէններու «Anonymous» (Անանուն) խումբը տեսանիւթ մը հրապարակած է՝ յայտարարելով, որ Թուրքիոյ կառավարութեան դէմ համացանցային պատերազմ պիտի սկսի, որովհետեւ վերջինս կը սատարէ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան՝ անկէ քարիւղ գնելով եւ անոր զինեալներուն բժշկական օգնութիւն ցուցաբերելով:
Կազմակերպութիւնը սպառնացած է յարձակիլ դրամատուներու, օդակայաններու, ռազմական հաստատութիւններու եւ պետական մարմիններու համացանցային կայքերուն վրայ:
Asbarez.com
Leave a Reply