Կարօ Փայլան Թուրքիոյ մեճլիսէն պահանջած է շնորհաւորել քրիստոնեաներուն Սուրբ Ծնունդը

Կարօ ՓայլանԹուրքիոյ քրդամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն ընտրուած հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան թրքական մեճլիսի ամբիոնէն պահանջած է կարեւորել ու չմոռնալ հանրապետութեան տարածքին բնակող հնագոյն ժողովուրդներուն` քրիստոնեաներուն տօնը` Սուրբ ծնունդը:

Ըստ «Արմէնփրես»-ի՝ թրքական Ensonhaber.com-ը կը փոխանցէ, որ Կարօ Փայլան ըսած է. «Այսօր քրիստոնէական ընտանիքին Սուրբ Ծնունդն է, սակայն մեր մեճլիսը զայն չէ շնորհաւորած: Կար ժամանակ, երբ այս հողերուն վրայ քրիստոնեաները շատ էին, բնակչութեան 40 տոկոսը կը կազմէին: Այսօր մենք հազարէն մէկն ենք: Սակայն այդ ամէնը մեր ցանկութեամբ չեղաւ, մենք չհեռացանք, մեզ պակսեցուցին այս հողերէն:

«Սակայն նոյնիսկ եթէ քիչ ալ ըլլանք, մէկ ալ ըլլանք, մեճլիսը պէտք է կարեւորութիւն տայ Սուրբ Ծնունդին: 1915 թուականէն առաջ այս հողերուն վրայ Սուրբ Ծնունդը կարեւոր տօն կը համարուէր: Այդ օրերուն արձակուրդ կը յայտարարուէր, ինչպէս այժմ իսլամական տօներուն ժամանակ: Այս տեսանկիւնէ անհրաժեշտ է կարեւորել նաեւ անոնց տօնը, որոնք այժմ այս հողերուն վրայ փոքրաթիւ մնացած են»:

http://www.yerakouyn.com/?p=96723

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2015
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ