Ուրֆայի հայկական որբանոցը կրօնական վարժարանի վերածուած է՝ դահիճի անունով

Ուրֆայի Հայկական ՈրբանոցըԵՐԵՒԱՆ, «Արեւելք».- Ուրֆայի մէջ գտնուող հայկական որբանոց մը (1919-1921), որ 1960ին իսլամական կրօնական վարժարանի մը վերածուած է, կը կրէ Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն Ուրֆայի կառավարիչ՝ Նուսրեթի անունը։

Այս մասին տեղեկութիւն փոխանցած «Թուրնեսօլ» կայքը կը գրէ, թէ Ցեղասպանութեան մասնակից ըլլալով, Նուսրեթ աւելի ուշ դատուած եւ մահուան դատապարտուած է:

Աղբիւրը այս տեղեկութիւնը ստացած է անունը տալ չուզող իսլամացուած հայէ մը, որ նշած է նաեւ, որ Նուսրեթ պէյ նահատակ ճանչցուած կրօնաւոր մըն է շրջանին մէջ:

Ըստ թրքական աղբիւրին՝ այդ շրջանին որբանոցին մէջ գլխաւոր հիւանդապահի պաշտօն վարած Մերի Քերըլայն Հոլմզ իր յուշերուն մէջ գրած է, որ որբանոցին մէջ պահուած են մինչեւ 12 տարեկան որբուհիներ, որոնցմէ ոմանք բռնաբարուած են օսմանցի սպաներու կողմէ:

Կրօնական դպրոցի պատասխանատուները կը յայտնեն, թէ հայկական որբանոցը բռնի կերպով խլուելէ ետք, նախ գործածուած է իբրեւ գորգի գործարան, ապա իսլամական դպրոցի վերածուած է:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2015
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ