45.000 Քրիստոնեայ փախստականներ, որոնք փախուստի դիմած են Սուրիայէն եւ Իրաքէն, կը ստիպուիՆ իրենց կրօնական ինքնութիւնը թաքցնել, Թուրքիոյ կարգ մը նահանգներու, ինչպէս Եոզկաթ, Աքսարայի եւ Չորումի մէջ, այս մասին կը տեղեկացնէ «Հիւրրիյէթ»ը: Թերթը կը տեղեկացնէ նաեւ, թէ ծագումով հայ, ասորի եւ գաղթէացի Թուրքիա փախած քրիստոնեաները դիմած են ՄԱԿ-ին, որպէսզի կարենան այնուհետեւ իրենց ճանապարհը շարունակել դէպի Ամերիկա, Գանատա, կամ Աւստրիա եւ ստացած են ժամանակաւոր կեցութեան արտօնութիւն Թուրքիոյ մէջ, մինչեւ 2023-ը: Կը յիշուի, որ քրիստոնեայ փախստականները հիմնականին մէջ հաստատուած են Անատոլուի փոքր քաղաքներուն` Եոզկաթի, Աքսարայի, Չորումի, Ամասիոյ, Քիրշէհիրի, Էրզրումի եւ Աֆյուն Գարահիսարի մէջ: «Հիւրրիյէթ» կը տեղեկացնէ, որ հակառակ Ասորի ու Հայ պատրիարքարաններու, Պոլսոյ Ասորի առաքելական ուղղափառ եկեղեցւոյ եւ շարք մը ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու կողմէ եղած նիւթական օժանդակութիւններուն, քրիստոնեայ փախստականներու հարցը կ’երթայ աւելի հեռուն, յատկապէս հայերու պարագային: Հայ փախստականներու մեծամասնութիւնը վերադարձած է դէպի այն հողերը, ուրկէ իրենց պապերը ստիպուած էին հեռանալ 100 տարիներ առաջ: «Հիւրրիյէթ»ին հայ ընտանիքներ պատմած են, թէ իրենք Եոզկաթի մէջ հանրային վայրերու մէջ կը ստիպուին իսլամ ձեւանալ եւ միայն տուներէ ներս աղօթել: Անոնց զաւակները դպրոց չեն յաճախեր` թրքերէն չիմանալնուն պատճառով: Աշխատանքի վերաբերեալ անոնք թերթին յայտնած են, որ իրենց ժամանակաւոր շինարարական աշխատանք կը տրուի միայն, եւ որու դիմաց կը ստանան օրական 25 լիրա, մինչ թուրք բանուորը նոյն գործին համար կը ստանայ 100 լիրա եւ իրենք չեն կրնար աւելին պահանջել: Թերթը կը նշէ նաեւ, որ Ժողովրդական հանրապետական կուսակցութեան (CHP) հայազգի երեսփոխան Սէլինա Տողան, որ նաեւ հայկական ծագում ունի, այցելած է հայ ընտանիքներուն Եոզկաթի մէջ տեղեկագիր-զեկոյց մը պատրաստելու նպատակով CHP-ի գաղթականներու եւ փախստականներու յանձնաժողովի հետազօտութիւններուն համար:
Arevelk.am
Leave a Reply