Հայ եւ քիւրտ երիտասարդներու բողոքի հաւաքը Թուրքիոյ հիւպատոսարանին առջեւ

Բողոքի ՀաւաքԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Շաբաթ, դեկտեմբեր 19ին, Լոս Անճելըսի մօտ Թուրքիոյ հիւպատոսարանին առջեւ տասնեակներով հայ եւ քիւրտ երիտասարդներ բողոքի հաւաք մը կատարեցին՝ դատապարտելով Թուրքիոյ փոքրամասնութեանց դէմ շարունակուող հալածանքը եւ Անգարային որդեգրած ծայրայեղական քաղաքականութիւնը։

Քրտական Ռոճովայի զօրակցութեան մարմինին եւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան համատեղ ջանքերով կազմակերպուած սոյն ցոյցին ընթացքին, դատապարտուեցաւ յատկապէս քիւրտ մարդկային իրաւանց պաշտպան Թահիր Էչիի վերջերս տեղի ունեցած սպանութիւնը՝ անիկա նմանցնելով «Ակօս»ի խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան։

«Բոլորս Հրա՛նդ ենք», «Բոլորս Էլչի՛ ենք» եւ «Բոլորս հո՛ս ենք» պոռացող ցուցարարները պարզեցին Հրանդ Տինքի, ապրիլ 24ին Թուրքիոյ բանակին մէջ սպաննուած Սեւակ Պալըքճըի, Թահիր Էլչիի եւ Թուրքիոյ իշխանութեանց այլ զոհերու լուսանկարները եւ պահ մը լռութեամբ յարգեցին անոնց յիշատակը:

Անոնք նաեւ լուսարձակի տակ առին Թուրքիոյ մէջ ներդրումները ետ քաշելու նպատակով՝ ՀԵԴի սկսած #DivestTurkey արշաւն ու այն իրողութիւնը, որ Անգարա կը շարունակէ ահաբեկչական եւ ծայրայեղական կազմակերպութիւններուն նեցուկ կանգնիլ։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2015
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ