72 հայեր Մուսուլէն խոյս տալով՝ հաստատուած են Եոզկաթ

70 Հայեր ՄուսուլէնԸստ «Արեւելք»ի՝ Իրաքի մէջ ծաւալած դէպքերուն հետեւանքով, 72 հայորդիներ հաստատուած են Եոզկաթ:

«Արեւելքի» աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ հայորդիները Եոզկաթ հասած են մասնաւորապէս իրաքեան Մուսուլ եւ շրջակայից քաղաքներէն՝ խոյս տալով «Իսլամական պետութեան» սպառնալիքներէն: Մեր աղբիւրը հաղորդեց, որ չորեքշաբթի, 16 դեկտեմբերին, Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Սելինա Տողան իր պատկանած կուսակցութեան անդամներու պատուիրակութեամբ մը հասած է Եոզկաթ՝ մօտէն ծանօթանալու փախստական դարձած հայորդիներու ընդհանուր վիճակին:

«Արեւելք» կը նշէ, որ հայ փախստականները , որոնք արդէն երկու առիթներով նախնական օժանդակութիւններ ստացած են ՄԱԿի գաղթականներու յանձնախումբէն, յառաջիկային նոյնպէս օժանդակութիւններ պիտի ստանան կառավարական մարմիններէ:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2015
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ