Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան խնդրին առնչութեամբ՝ թրքահայ համայնքի կեանքին մէջ բաւական հակասական վիճակ է: Այս մասին Armenpress.am-ին յայտնած է Պոլսոյ հայկական «Ժամանակ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գոչունեան:
Անոր խօսքով` այդ հակասական բարդ իրավիճակի պայմաններուն ի յայտ եկած է լրացուցիչ ազդակ` կապուած աթոռակից պատրիարք ընտրելու վարկածին հետ: «Սթամպուլի մէջ աթոռակից պատրիարքի ընտրութիւն պէտք չէ ըլլայ: Աթոռակից պատրիարքի ընտրութեան բանաձեւումը մեր ազգային Սահմանդրութեան ոգիին եւ տառին համահունչ չէ, անիկա ապօրինի է: Սթամպուլահայութիւնը կարիք ունի նոր պատրիարք ընտրելու: Ազգային սահամանադրութեամբ յստակ բանաձեւուած է, թէ որ պարագային հնարաւոր է նոր պատրիարքի ընտրութեան դիմել: Աթոռակից պատրիարք ընտրելու տարբերակը օրակարգ բերուած է արհեստականօրէն, որպէսզի բուն պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը վիժեցուի»,- ըսած է Արա Գոչունեան:
Ան ափսոսանք յայտնած է, որ այդ հաշուարկները արդարացան: Մօտ 10 տարի է Պոլսոյ պատրիարքական աթոռը թափուր է: Անոր խօսքով` ներկայիս պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը վերակենդանացնելու հաշուարկները յուսադրող չեն: «Ի վերջոյ, այդ ընտրութեան հասնիլը հնարաւոր պէտք է ըլլայ ոչ միայն պետական արտօնութեամբ, այլեւ ներքին ընդհանուր համաձայնութեամբ, որ չկայ: Համաձայնութեան գալու պակասն է, որ խոչընդոտներ կը ստեղծէ պետութենէն միանշանակ բանաձեւումով ընտրութեան արտօնութիւն ստանալու համար»,¬ ընդգծած է Արա Գոչունեան:
Ան յոյս յայտնած է, որ այս դժուար շրջանը պիտի յաղթահարուի եւ պատրիարքական աթոռը կրկին պիտի ունենայ արժանաւոր գահակալ: Ըստ անոր` դժուարութիւնները որքան ալ մեծ ըլլան, համբերութիւնները սպառելու սահմանին ըլլան, իրենք համոզուած են, որ Սահմանադրութեան կարգով նախատեսուած լուծում պիտի գտնուի պատրիարքութեան ընտրութեան հարցով:
«Պոլսոյ պատրիարքական աթոռը մօտաւոր 550 տարուան պատմութիւն ունի եւ այդ ընթացքին աթոռակից պատրիարքի ընտրութիւն չէ եղած: Հիմա ալ ոչ մէկ պատճառ գոյութիւն ունի աթոռակից պատրիարք ընտրելու: Մաղթենք, որ բանիմացութիւնը յաղթէ»,- ընդգծած է Արա Գոչունեան:
http://www.yerakouyn.com/?p=96274
Leave a Reply