«Հորիզոն» պիտի հրատարակէ պատմաբան Եայիր Օրոնի Մուսա տաղի հերոսամարտի մասին մենագրութիւնը

Եայիր ՕրոնԴեկտեմբեր 12-ին, հրեայ պատմաբան Եայիր Օրոն այցելեց «Հորիզոն»ի խմբագրատուն, ուր 1 ժամուան վրայ երկարող հարցազրոյց մը ունեցաւ «Հորիզոն»ի աշխատակից Տիանա Սքայայի հետ։ Հարցազրոյցի տեսանիւթը շուտով պիտի հրապարակուի «Հորիզոն»ի կայքէջին վրայ։ Հարցազրոյցի ընթացքին Օրոն խստօրէն դատապարտեց Իսրայէլի կառավարութեան բացասական դիրքորոշումը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով եւ կոչ ուղղեց Գանատայի եւ Իսրայէլի կառավարութիւններուն, որղէսզի իրենց կրթական ծրագիրներուն մէջ ներառնեն 20-րդ դարու ցեղասպանութիւններու պատմութիւնը։

Ցեղասպանագէտ Եայիր Օրոն, այս առիթով պայմանադրութիւն գոյացուց «Հորիզոն»ի վարիչ խմբագիիր Վահագն Գարագաշեանի հետ. որ իր Մուսա Տաղի հերոսամարտի մասին անգլերէն մենագրութիւնը՝ «Ֆրանց Վերֆէլի Մուսա Տաղի 40 օրերը վէպի ազդեցութիւնը Բ. Աշխարհամարտի հրէական դիմադրութեան վրայ» հրատարակուի «Հորիզոն»ի կողմէ։ Պատմաբան Օրոն շեշտեց, թէ յատկապէս Վարշաւիոյ հրէական թաղամասերուն մէջ, Վերֆէլի վէպը բռնութեան դէմ ծառացումի խթան եւ դիմադրութեան ներշնչարան հանդիսացած է հրեայ ժողովուրդին երկրորդ աշխարհամարտի օրերուն։ Ծրագրուեցաւ նաեւ մենագրութիւնը թարգմանել եւ հրատարակել հայերէն եւ թրքերէն լեզուներով։

Horizonweekly.ca

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2015
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ