ԸՇԻՏ ՅԱՐՁԱԿԵՑԱՒ ՄՈՒՍՈՒԼԻ ՍԻՒՆՆԻՆԵՐՈՒ ԶՕՐԱՆՈՑԻՆ ՎՐԱՅ
Ռումբեր Ինկան Նաեւ Թուրք Զինուորներու Պաշիկայի Կայանին Վրայ
– Չորս Զինուոր Վիրաւորուեցաւ, Սիլոփի Բերուեցաւ
ԸՇԻՏ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը երէկ Մուսուլի մէջ յարձակում մը կատարեց Իրաքի փէշմէրկէ զինուորներու եւ սիւննիներու կայաններէն մէկուն վրայ, այս յարձակման ընթացքին 2 հոգի մեռաւ, 6 հոգի ալ վիրաւորուեցաւ։ Արձակուած ռումբերէն մէկ քանին ալ ինկաւ Մուսուլի Պաշիքա զինուորական ճամբարին վրայ, ուր, ինչպէս կը գրուի օրերէ ի վեր, կը գտնուի թուրք զինուորներու ոյժ մը։ Թուրքիա վերջերս նոր զօրք ղրկած էր Պաշիքա, բայց ասիկա տեղի տուած էր բուռն հակազդեցութիւններու, Թուրքիա աւելի վերջ իր ուժերուն մէկ մասը Պաշիքայէն դուրս հանած ու դէպի Հիւսիս փոխադրած էր։ Արդ՝ երէկ ԸՇԻՏ-կողմէ Իրաքի փէշմէրկէ զինուորներուն դէմ կազմակերպուած յարձակումէն բաժին մըն ալ ինկաւ Պաշիքա ճամբարին։ Ինկած ռումբերու հետեւանքով չորս թուրք զինուորներ վիրաւորուեցան, բայց անոնց առողջական վիճակը վտանգաւոր չէ, ուղղաթիռներով Սիլոփի բերուեցան ու զինուորական հիւանդանոցի մէջ դարմանումի տակ առնուեցան։
Թուրքիոյ իշխանութիւնները յայտնեցին որ թուրք զինեալ ուժերը Պաշիքա ճամբարէն անմիջապէս փոխադարձեցին ԸՇԻՏ-ի միլիթաններուն։ Թուրքիոյ Արտաքին Նախարարութիւնն ու Սպայակոյտի Նախագահութիւնը դիտել տուին որ ԸՇԻՏ-ի կողմէ գործուած այս յարձակումը կը փաստէ թէ Թուրքիոյ համար որքան կարեւոր է Պաշիքայի մէջ ապահովութեան ուժեր ունենալը։
ԸՇԻՏ-ի յարձակումը, եթէ կարելի է այսպէս ըսել, վերջին հաշուով օգտակար եղաւ Թուրքիոյ, մանաւանդ որ արտասահմանի մէջ բազմաթիւ շրջանակներ կը պնդեն որ Թուրքիա կը գործակցի ԸՇԻՏ-ի հետ։
Թուրքիոյ Սպայակոյտի Նախագահութիւնն ու Արտաքին Նախարարութիւնը բացատրութիւններ տուին Պաշիքա ճամբարին վրայ ինկած ռումբերուն մասին, ըսին որ չորս հերոս թուրք զինուորներ վիրաւորուեցան, բայց վտանգաւոր վիճակ մը չունին։ Թուրքիոյ Արտաքին Նախարարութիւնն ալ այս պատահարը առիթ նկատելով ցաւ յայտնեց որ Իրաքի իշխանութիւնները թշնամական դիրքաւորում գրաւած էին Թուրքիոյ կողմէ ղրկուած զինուորներուն դէմ, հակառակ որ Թուրքիա այն երկիրն է որ կարեւորութիւն կուտայ Իրաքի հողային ամբողջականութեան ու Իրաքի գերիշխանութեան։ Իրաքի իշխանութիւններուն Թուրքիոյ դէմ այս կեցուածքը ալ աւելի քաջալերած եղաւ ահաբեկչական կազմակերպութիւինները։ Այս առիթով Թուրքիոյ Արտաքին Նախարարութիւնը “Մեր հասարակաց թշնամին” որակականը գործածեց ԸՇԻՏ-ի մասին։
Վարչապետ Տավուտօղլու, որ երէկ Պելժիա կ՚երթար, օդակայանը մամլոյ ասուլիս սարքեց ու ըսաւ որ մտահոգիչ կացութիւն մը չկայ, բայց դիտել տուաւ որ Թուրքիոյ սահմաններուն ապահովութիւնը սահմաններուն միւս կողմերէն կը սկսի։ Մուսուլի մօտերը թուրք զինեալ ուժերու ներկայութիւնը աւելի առաջ ընդունուած որոշումներու գծով է եւ օրինաւոր է, Թուրքիոյ ներկայութիւնը Մուսուլի մէջ պիտի շարունակուի մինչեւ որ Իրաքի օրինաւոր ուժերը կրկին տիրապետեն Մուսուլին ու հաստատեն երկրի գերիշխանութիւնը, ըսաւ Տավուտօղլու:
ՄԱՐՏԻՆԻ ՄԷՋ ՈՍՏԻԿԱՆՆԵՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԴՈՒՌԸ ԿՈՏՐԵՑԻՆ…
“Տէմոքրաթ Հապէր” կայքէջը կը գրէ որ թուրք ոստիկաններ կոտրած են Մարտին նահանգի Տէրիք շրջանի մէջ հայկական Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ (Կարմիր վանք) դուռը։ Ըստ կայքէջին, ականատեսներու պատմածին համաձայն, եկեղեցւոյ դուռը կոտրած են ոստիկանութեան յատուկ ստորաբաժանման աշխատակիցները։
75-ամեայ Հաթուն Ճաճուր, որ կամաւոր ձեւով ձեւով կը հետեւի եկեղեցւոյ մաքրութեան, պատմած է որ հիւանդ թոռնիկը տարած է հիւանդանոց, իսկ երբ վերադարձած է, տեսած է, որ տունը եւ եկեղեցին տակնուվրայ ըրած են։
Անոնք կոտրած են եկեղեցւոյ ոչ միայն գլխաւոր մուտքի դուռը, այլ մնացեալ բոլոր դռները եւս, ըսած է Ճաճուր։ Ինչպէս ծանօթ է, այս օրերուն, շրջանին մէջ կը շարունակուին քիւրտ-թրքական բախումները։ Ս. Գէորգ եկեղեցին կը թուագրուի 5րդ դարով եւ Մարտինի շրջանի ամենահին աղօթատեղիներէն մէկը կը նկատուի։ Ըստ թրքական աղբիւրին, Ս. Գէորգ եկեղեցին ընդգրկուած է Եւրոպայի վտանգաւոր եօթը մշակութային յուշարձաններու պահպանութեան ծրագրին մէջ։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ՔՆՆԱԴԱՏԵՑԻՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԸՆԹԱՑՔԸ
“Թուրքիա Կ՚օգնէ ԸՇԻՏ-ի – Թուրքիա Իրաւունք Չունէր Ռուսական Սաւառնակը Վար Առնելու”
Յունաստանի Պաշտպանութեան Նախարար Փանայոթիս Գամէնոս պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան գացած ու հանդիպում մը ունեցած է Հայաստանի իր պաշտօնակից Սէյրան Օհանեանի հետ։ Ճիհան լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ թէ երկու նախարարներու կողմէ սարքուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Սէյրան Օհանեան Թուրքիան մեղադրած է ըսելով որ այս երկիրը ԸՇԻՏ-ի օգնական հանդիսացող երկիրներէն մէկն է։ Օհանեան քննադատական արտայայտութիւններ ունեցած է նաեւ Սուրիոյ սահմանին մօտ վար առնուած Ռուսական ռազմասաւառնակի կապակցութեամբ։
Օհանեան ըսած է որ “Մեր դրացիներուն հետ ունինք մտահոգիչ խնդիրներ, մեր տարածքաշրջանի մէջ կան երկիրներ, ինչպէս Թուրքիա, որոնք ԸՇԻՏ-ի օգնական կը հանդիսանան։
Վար առնուած ռուսական սաւառնակին մասին ալ խօսելով Սէյրան Օհանեան ըսած է հետեւեալը. Եթէ պատերազմական վիճակ չկայ, դրացի երկիրներ ներողամտութիւն ցոյց պէտք է տան օդային սահմաններու անվնաս խախտումներուն նկատմամբ։ Թուրքիա գրեթէ ամէն օր կը խախտէ Յունաստանի օդային տարածութիւնը։ Անգամ մըն ալ խախտեց Հայաստանի օդային տարածութիւնը։ Մենք լայնախոհութիւն ցոյց տուինք։ Թուրքիա իրաւունք չունէր Ռուսական սաւառնակին դէմ այդպէս շարժելու։
Ինչպէս հաղորդուած էր ատենին, 6-7 Հոկտեմբեր թուականներուն թրքական ուղղաթիռներ խախտած էին Հայաստանի օդային տարածութիւնը, Հայաստանի Արտաքին Փոխ Նախարար Շաւարշ Քոչարեան յայտնած էր որ այդ խախտումին պատասխանելով Հայաստան իր զինուորական օդանաւները ղրկած էր դէպի սահման։
Նմանօրինակ արտայայտութիւն ունեցաւ նաեւ Յունաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը, որ պնդեց թէ Թուրքիա չկրցաւ փաստել թէ ռուսական սաւառնակը խախտած էր Թուրքիոյ օդային տարածքը։ Առկայ փաստերը ցոյց կուտան որ օդանաւը վար առնուած էր Սուրիոյ տարածքին վրայ։ Սաւառնակին օդաչուն ալ սպաննուեցաւ երբ օդանաւէն ցատկած էր անկարգելով, ասիկա դէմ էր միջազգային համաձայնութիւններու։ Թուրքիա պարբերաբար կը խախտէ մեր ալ օդային ու ծովային տարածքները, ատկէ զատ Թուրքիա օգնական է ԸՇԻՏ-ի, շատ յստակ կերպով յայտնի է որ Թուրքիա կը գործածուի քարիւղի, զէնքի ու թմրեցուցիչի մաքսանենգութեան մէջ։ Թուրքիա, եթէ կ՚ուզէ քայլ յարմարցնել միջազգային կանոններու, պէտք է վերջ տայ իր այս ընթացքին, ըսաւ Յունաստանի Պաշտպանութեան Նախարար Փանայոթիս Գամէնոս։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՑՄԱՀ ԲԱՆՏԱՐԿԵԱԼՆԵՐԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ՀԱՑԱԴՈՒԼ ՀՌՉԱԿԵՑԻՆ
Երեւանի “Նուպարաշէն” բանտին մէջ իրենց պատիժը կը կրեն 28 ցմահ բանտարկեալներ, որոնք հացադուլ հռչակեցին, պահանջելով որ դատախազութիւնը կրկին վերատեսութեան ենթարկէ իրենց դատական թղթածրարները։ Հացադուլաւորները մեկուսացուած են։ Նախապէս, 12 Հոկտեմբերին, նոյն բանտին մէջ հացադուլ հռչակած էին աւելի քան 50 բանտարկեալներ, որոնք չորս օր վերջ դադրեցուցած էին իրենց հացադուլը։ Անոնք կը պահանջէին թղթածրարներու վերանայում։
Օրին, Դատական Նախարար Արփինէ Յովհաննիսեանի յանձնարարութեամբ, Նախարարի տեղակալ Սուրէն Քրմոյեան ու Առողջապահութեան Նախարարութեան տեղակալներէն Ռաֆայէլ Յովհաննիսեան այցելած էին “Նուպարաշէն” բանտ եւ տեսակցած էին հացադուլաւորներուն հետ։
Քրմոյեան ու Յովհաննիսեան ծանօթացած էին դատապարտեալներու հարցերուն, քննարկած էին այդ հարցերը լուծելու կարելիութիւնները եւ յորդորած էին որ հացադուլաւորներ վերջ տային պայքարի այդ ձեւին ու հեռու մնային ծայրայեղական քայլերէ եւ գործողութիւններէ։ Բացի ատկէ, անոնք ցմահ բանտարկեալներուն ըսած էին որ առկայ են անոնց վիճակը բարելաւելու մասին օրէնսդրական կարգ մը նախաձեռնութիւններ։
Ռուս Աշխարհահռչակ Դաշնակահարը Ըսաւ Որ
“ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՄԵՐԳ ՉԻ ՍԱՐՔԵՐ ՄԻՆՉԵՒՈՐ ԹՈՒՐՔԻԱ ՉՃԱՆՉՆԱՅ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ”
Ռուս աշխարհահռչակ դաշնակահար Եվկէնի Կիսին ամերիկեան հեղինակաւոր “Նիւ Եորք Թայմս” թերթին հարցազրոյց մը տալով, յայտարարեց թէ կը հրաժարի համերգներ սարքելէ Թուրքիոյ մէջ, քանի որ թուրք կառավարութիւնը տակաւին ցեղասպանութիւն չէ որակած 1915ին հայերու զանգուածային սպանութիւնները։ Հայաստանեան լրատու աղբիւրներ, թարգմանաբար հրատարակելով այդ հարցազրոյցը, կը նշեն որ Կիսին հետեւեալը ըսած է հայկական հարցի մասին. “Ես կը հաւատամ որ երբ կարգ մը ղեկավարներ կը տեսնեն որ զանազան արուեստագէտներ կը հրաժարին իրենց երկիրներուն մէջ համերգներ սարքելէ, աւելի գիտակից կը դառնան։ Այս մէկը ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ նաեւ մտաւորականներու”։
Կիսին աւելցուց որ ինք չի դատապարտեր իր այն գործընկերները, որոնք համերգներ կը սարքեն մենատիրական երկիրներու մէջ։
“Ատիկա անոնց ընտրութիւնն է”, նշեց ռուս աշխարհահռչակ երաժիշտը, որ այսօր, 16 Դեկտեմբերին հրեայ երգահաններուն նուիրուած համերգ մը կը սարքէ “Քառնէկի” սրահին մէջ։
Ան 2015ի Ապրիլին Կիսին այցելած էր Հայաստան եւ լրագրողներուն ըսած էր որ կոչով մը պիտի դիմէ համաշխարհային արուեստագէտներուն եւ մշակոյթի գործիչներուն, որպէսզի անոնք միջազգային հանրութեան յորդորեն ճանչնալ ու դատապարտել հայոց ցեղասպանութիւնը։
ԱՐԺԱՆԹԻՆԵԱՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՄԵՐԺԵՑ ԹՐՔԱԿԱՆ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ…
Հայկական աղբիւրներ կը հաղորդեն թէ արժանթինեան “Ռասինկ” ֆութպոլի խումբը մերժեց թրքական “Թըրքիշ Էրլայնզ” օդանաւային ընկերութեան կողմէ՝ խումբը հովանաւորելու առաջարկը։ Ակումբի նախագահ Վիքթոր Պլանքօ հաստատեց մերժումը։ Արժանթինահայութիւնը ողջունեց այս քայլը, իսկ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Երիտասարդական Դաշնակցութիւնը յայտարարեց թէ “Անգարա կը փորձէ միջազգային իր վարկը բարելաւել Թուրքիոյ Օդային Գիծեր ընկերութեան ծանուցումներուն միջոցաւ, սակայն այդ փորձը փաստօրէն ձախողած է Արժանթինի մէջ”։
Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ Ալֆոնսօ Թապաքեան յիշեցուց որ արժանթինեան այլ խումբ մը՝”Սան Լորանզօ Տէ Ալմակօ” եւս մերժած է հովանաւորութեան մասին ատրպէյճանական առաջարկ մը։ահռչակ դաշնակահար Եվկէնի Կիսին ամերիկեան հեղինակաւոր “Նիւ Եորք Թայմս” թերթին հարցազրոյց մը տալով, յայտարարեց թէ կը հրաժարի համերգներ սարքելէ Թուրքիոյ մէջ, քանի որ թուրք կառավարութիւնը տակաւին ցեղասպանութիւն չէ որակած 1915ին հայերու զանգուածային սպանութիւնները։ Հայաստանեան լրատու աղբիւրներ, թարգմանաբար հրատարակելով այդ հարցազրոյցը, կը նշեն որ Կիսին հետեւեալը ըսած է հայկական հարցի մասին.
“Ես կը հաւատամ որ երբ կարգ մը ղեկավարներ կը տեսնեն որ զանազան արուեստագէտներ կը հրաժարին իրենց երկիրներուն մէջ համերգներ սարքելէ, աւելի գիտակից կը դառնան։ Այս մէկը ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ նաեւ մտաւորականներու”։
Կիսին աւելցուց որ ինք չի դատապարտեր իր այն գործընկերները, որոնք համերգներ կը սարքեն մենատիրական երկիրներու մէջ։
“Ատիկա անոնց ընտրութիւնն է”, նշեց ռուս աշխարհահռչակ երաժիշտը, որ այսօր, 16 Դեկտեմբերին հրեայ երգահաններուն նուիրուած համերգ մը կը սարքէ “Քառնէկի” սրահին մէջ։
Ան 2015ի Ապրիլին Կիսին այցելած էր Հայաստան եւ լրագրողներուն ըսած էր որ կոչով մը պիտի դիմէ համաշխարհային արուեստագէտներուն եւ մշակոյթի գործիչներուն, որպէսզի անոնք միջազգային հանրութեան յորդորեն ճանչնալ ու դատապարտել հայոց ցեղասպանութիւնը։
Leave a Reply