Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած «Երաշտ եւ բողբոջ» համապետական լուսանկարչական մրցոյթ

Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցԳարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ ու Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան աջակցութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնը ՀՀ հանրակրթական դպրոցներու 5-12-րդ դասարաններու աշակերտներուն մէջ կազմակերպած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցին նուիրուած «Երաշտ եւ բողբոջ» համապետական լուսանկարչական մրցոյթ:

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին տեղեկատուական համակարգի փոխանցմամբ` Դեկտեմբեր 19-ին` ժամը 13.00-ին, Երեւանի Ս. Աննա եւ Ս. Կաթողիկէ եկեղեցիներուն կից սրահին մէջ (Սայաթ Նովայ – Աբովեան փողոցներու խաչմէրուկ) տեղի պիտի ունենայ «Երաշտ եւ բողբոջ» լուսանկարչական մրցոյթի մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը, որուն ներկայ պիտի ըլլան ՀՀ Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան, ԱԺ պատգամաւորներ եւ ՔԴԿ համագործակից կառոյցներու ներկայացուցիչներ:

Մրցանակներու պիտի արժանանան 3 լաւագոյն լուսանկարներու հեղինակները` «Լաւագոյն մտայղացում», «Լաւագոյն աշխատանք», «Յատուկ մրցանակ» անուանակարգերուն մէջ, ինչպէս նաեւ լաւագոյն մասնակցութեան համար 14 լուսանկարներու հեղինակներ:

http://www.yerakouyn.com/?p=96057

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2015
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ