Թուրքիա լրագրողներու համար աշխարհի ամէնէն վտանգաւոր 5-րդ երկիր

Turkiye gazetecileriԹուրքիա- («Թուտէյզ Զաման»- Պոլիս)- Նիւ Եորքի մէջ գործող «Լրագրողներու պաշտպանութեան կոմիտէ»ի (CPJ) կողմէ հրապարակուող աշխարհի ամենաշատ լրագրողներ բանտարկող երիրներու ցանկին մէջ այս տարի Թուրքիա գրաւած է 5-րդ դիրքը, Չինաստանէն, Եգիպտոսէն, Իրանէն եւ Էրիթէրիայն ետք, այս մասին կը գրէ «Թուտէյզ Զաման»ը: Թերթը կը նշէ նաեւ, որ զեկոյցի մէջ յատուկ մտավախութիւն արտայայտուած է Թուրքիոյ վերաբերեալ, որովհետեւ համեմատած 2014 տարուան բանտարկեալ լրագրողներու թիւին, 1 Դեկտեմբեր 2015-ին անոնց թիւը կրկնապատկուած է: Թերթը կը նշէ նաեւ, որ ամենավերջին բանտարկեալները եղած են «Ժումհուրիյէթ» օրաթերթի աւագ աշխատակիցներ՝ Ճան Տիւնտար եւ Էրտէմ Կիւլ, որոնք դատուած ու բանատրկուած էին Թուրքիոյ նախագահը անարգող խօսքերով հանդէս գալու մեղադրանքով:«Զաման»ը կը հաղորդէ նաեւ, որ Թուրքիա երկու տարի անընդմէջ հանդէս գալով որպէս ամենաշատ լրագրողներ բանտարկող երկիրը, 2014-ին ազատ արձակած էր քանի մը տասնեակ լրագրողներ , սակայն 2015-ին երկու համապետական ընտրութիւններու լոյսին տակ, ինչպէս նաեւ առաւել ներգրաւուելով Սուրիոյ պատերազմին մէջ, եւ PKK-ի հետ հակամարտութիւններու սրումի պատճառով գործադրած էր նոր ձերբակալումներ, որոնք կարգին եղած են ձախակողմեան թեքումով եւ քրտամէտ լրագրողներ:Զեկոյցի մէջ նշուած է, որ առաջին տեղը գրաւող Չինաստանը ունի 49 բանտարկեալ լրագրողներ, այնուհետեւ Եգիպտոսը՝ 23, ապա Իրանը՝ 19 եւ Արիթերիան՝ 17, իսկ 2015-ին ընդհանուր բանտարկեալ լրագրողերու թիւը աշխարհի մէջ կազմած է 199:

Arevelk.am

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2015
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ