ՄԱՐՄԱՐԱ-ի լրահոս

ՄարմարաՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԵՐԵՔ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐ ՈՒՆԻ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԵՏ ՀԱՇՏՈՒԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Ներողութիւն Խնդրուի, Պատասխանատուները Պատժուին, Հատուցում Վճարուի

“Ճումհուրիյէթ” թերթի աշխատակից Տույկու Կիւվէնչ տեսակցութիւն մը ունեցած է Ռուսաստանի Անգարայի Դեսպան Անտրէյ Գարլովի հետ։ Նիւթը բնականաբար Ռուսաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ ստեղծուած օդանաւի տագնապն է։ Թուրքիա բաւական ճիգ կը վատնէ որպէսզի Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները վերադարձնէ նախկին կարգավիճակին, բայց Ռուսաստան շատ հեռու է

Թուրքիոյ առաջարկներուն ականջ տալէ ու կը սպասէ աւելի լուրջ միջոցառումներու։

Որո՞նք են այդ միջոցառումները։ Դեսպան Գարլովի համաձայն Ռուսաստան կը սպասէ որ ներողութիւն խնդրուի, պատասխանատուները պատժուին ու հատուցում վճարուի։ Մինչեւ որ այս երեք պայմանները չյարգուին, Ռուսաստան կարեւորութիւն պիտի չտայ Թուրքիոյ առաջարկներուն ու յայտարարութիւններուն, ըսաւ Դեսպանը։

Ռուսաստան կը պնդէ որ Ռուսական սաւառնակի վար առնուելու ընթացքին օդաչուներէն մէկը, որ անկարգելով ցատկած էր, վարէն սպաննուեցաւ Ալփասլան Չէլիք անուն թուրք քաղաքացիին կողմէ։ Ռուսաստան կը պահանջէ որ այդ թուրքը պատժուի ու հատուցում վճարուի։

ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՖՈՒԹՊՈԼԸ

Ռուսաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ ստեղծուած օդանաւի տագնապը իր անդրադարձը կրնա՞յ ունենալ նաեւ մարզական կալուածէ ներս։ Այս հարցումը այժմէական դարձաւ երբ հաղորդուեցաւ որ ԻՒԷՖԱ-ի ֆութպոլի հանդիպումներու շարքէն Ֆէնէրպահչէ Ռուսական Լոքոմոթիվ խումբի հետ հանդիպում պէտք է ունենայ 16 Փետրուարին Գատըգիւղի Շիւքրիւ Սարաճօղլու մարզադաշտին վրայ։ Սա շրջանին երբ Ռուսաստանի իշխանութիւնները գրեթէ ամէն մարզէ ներս պատժամիջոցներ կը կիրարկեն Թուրքիոյ դէմ, Ռուսական կողմը որեւէ վերապահութիւն պիտի յայտնէ՞ արդեօք այս հանդիպման կապակցութեամբ։

Լոքոմոթիվ խումբի մամլոյ բանբեր Գիրիլ Գոթով յայտարարութիւն մը ըրաւ Ֆէնէրպահչէի Հեռատեսիլի Կայանին ու հեռու մնաց որեւէ վերապահութիւն յայտնելէ, ընդհակառակը ըսաւ որ ասիկա շատ հետաքրքրական մրցում մը պիտի ըլլայ, իրենք նախապէս Պէշիկթաշի հետ մրցելու համար եկած էին Թուրքիա, ուստի լաւ գիտեն Թուրքիոյ պայմանները։ Գալով քաղաքական լարուածութեան, Գոթով ըսաւ որ կը կարծէ թէ քաղաքական տագնապը չի կրնար ազդել մարզական կեանքի վրայ, մարզական կեանքը ժողովուրդները իրարու կը մօտեցնէ։ Ան յոյս յայտնեց որ մինչեւ մրցումի թուականը քաղաքական հարցն ալ լուծում կը գտնէ ու ամէն ինչ կ՚ընթանայ բնականոն պայմաններու մէջ։

ՐԱԿԸՊ ԶԱՐԱՔՕԼՈՒԻ ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ՊԵՐԼԻՆԻ ՄԷՋ

Երբ հարիւրամեակը կը փակուի, Թուրքիա ի՞նչ կորսնցուց

Թուրք ազատամիտ հրապարակագիր ու մտաւորական Րակըպ Զարաքօլու, որ ներկայիս Եւրոպայի մէջ կը մնայ, Պերլինի Շարլոթէնպուրկի քաղաքապետութեան սրահին մէջ Հայոց Եկեղեցիի ու Մշակութային Կեդրոնի կողմէ կազմակերպուած հաւաքոյթի ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ ու իր խօսքերուն սկսաւ ողջունելով սա լեզուներով.

“Բարեւ ձեզ, Շլօմօ, Շալօմ, Գալիմէրա, Սէր Չավա”։

“Ձեզ կ՚ողջունեմ 1915ի ցեղասպանութեան զոհուած ժողովուրդներու լեզուով”, ըսաւ Զարաքօլու իր բանախօսութեան սկսելէ առաջ։

Բանախօսութեան թէման հետեւեալն էր. “2015 թուականը ի՞նչ բերաւ”։ Զարաքօլու ըսաւ որ հարիւրամեակը լաւ առիթ մըն էր որպէսզի Թուրքիա երես առ երես գար իր պատմութեան հետ, բայց մէկդի ըրէք ներողութիւն խնդրելը կամ հատուցում վճարելը, Հայ ժողովուրդին նկատմամբ յարգանք իսկ չկրցան ցոյց տալ։ Հայ ժողովուրդը բան մը կորսնցո՞ւց ասկէ։ Ո_չ։ Դարձեալ Թուրքիան է որ կորսնցուց։

Ըստ Զարաքօլուի, Թուրքիա, որ կը յամառի իր կեցուածքը չփոխելու, քայլեր առաւ ոչ թէ դէպի ժողովրդավարութիւն, այլ դէպի առաւել եւս ամբողջատիրութիւն։ Հայկական ցեղասպանութեան ուրացումը այս ամբողջատիրութեան մէկ գաղափարախօսութիւնը դարձաւ։ Մինչդեռ Թուրքիոյ ժողովրդավարացման պայմաններէն մէկը Հայկական ցեղասպանութեան ճանաչումն ու ներողութիւն խնդրելն է։ Մինչդեռ ցեղասպանութեան ճանաչումը այլեւս կենսական անհրաժեշտութիւն մը դարձած է ոչ թէ զոհուած ժողովուրդներու տեսանկիւնէն, այլ Թուրքիոյ Հանրապետութեան գոյատեւման տեսանկիւնէն, ըսաւ Զարաքօլու։ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը նոյն սխալները յամառօրէն կը կրկնէ։ Մինչդեռ անհրաժեշտ դարձած է որ հասուննայ “Անգամ մըն ալ երբեք” ըսելու մտայնութիւնը։ Թուրքիոյ հանրապետութիւնը իր այս պնդումով անուղղակիօրէն ըսել կ՚ուզէ որ եթէ պէտք ըլլայ, դարձեալ կ՚ընենք նոյնը։ Թուրքիա հարիւր տարի վերջ ոստում մը ըրած է դէպի Թալաթ-Էնվէր, Ճէմալ եռեակի արկածախնդրական քաղաքականութիւնը։

Զարաքօլու, որ իր երկար բանախօսութիւնը զարգացուց այս վերլուծումներով, ըսաւ որ հարիւր տարի առաջ սկսած ցեղասպանութիւնը 2015 թուականին այլեւս իր վերջնական հանգրուանին հասաւ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ վերապրող երրորդ կամ չորրորդ սերունդէ հայերու, սուրիանիներու եւ եզիտիները արմատին չորցուիլովը։ Հայերն ու Եզիտիները հանգիստ կեանք մը կ՚ապրէին Սուրիոյ ու Իրաքի մէջ, այդ ալ վերջացաւ։

Զարաքօլու ամբաստանեց Արեւմտեան երկիրները որոնք հակառակ Պերլինի համաձայնութեան, ոչինչ ըրին Հայերու համար։ Զարաքօլու երկար նախադասութիւններով վերլուծեց նաեւ Թուրքիոյ այժմու քաղաքականութիւնը զոր “Ճիհատապաշտութիւն” կը կոչէր։

Զարաքօլու յիշեցուց սակայն որ այս տարի 24 Ապրիլին Էջմիածնի մէջ ցեղասպանութեան զոհերը զոհ ըլլալէ դադրեցան, ու սրբութեան տիտղոսին արժանացան։ Ասիկա խորհրդանշական ձեռնարկ մըն էր որ զոհը կը սրբացնէր։ Անոնց գերեզմանները բաց չեն, անոնք թաղուած են ամբողջ ժողովուրդի մը սրտին մէջ։ Իսկ Թուրքիա պիտի շարունակէ մնալ մարդկութեան դէմ գործուած ծանր յանցանքի մը տակ։

Զարաքօլու իր բանախօսութիւնը աւարտեց ըսելով.

Շնորհակալութիւն, Էֆխարիսթօ, Թավտի, Թոտա, Սփաս…

ՊՆԴՈՒՄ ՄԸ ՈՐ ՏԱԿԱՒԻՆ ՉԷ ՍՏՈՒԳՈՒԱԾ

Ռուսերը եօթը հազար զինուոր պիտի տեղադրեն Թուրքիա-Հայաստան սահմանին վրայ

“Խապար արմանի” կայանը որ արաբերէն հաղորդումներ կ՚ընէ, հաղորդեց թէ Ռուսաստան, ընդառաջելով Հայաստանի կոչին, 7 հազար զինուոր պիտի տեղադրէ Թուրքիա-Հայաստան սահմանագծի վրայ։ Ռուսական այս ուժը օժտուած է հրթիռներով ու հրասայլերով։
Լրատու կայանը աղբիւր ցոյց չտուաւ իր այս հաղորդումին համար։ Իսկ Ռուսաստանի ու Հայաստանի կողմէ որեւէ լուսաբանութիւն չկատարուեցաւ։

ՊԱԼՈՒՔԷՆԻ ԾԱՆՐ ՄԵՂԱԴՐԱՆՔԸ

“Թուրքերը կը հեռացնեն, որպէսզի քիւրտերը սպաննեն”

Հարաւ-Արեւելեան նահանգներու, մանաւանդ Տիյարպաքըրի մէջ ներքին պատերազմ մը կը շարունակուի։ Թէեւ ոչ մէկը կ՚ուզէ գործածել այս “Ներքին պատերազմ” ասութիւնը, բայց իրականութիւն է, ամէն օր բախումներ կան, ամէն օր սպաննուած “ահաբեկիչներ” կան, ամէն օր նահատակուած զինուորներ ու ոստիկաններ կան, ամէն օր զարնուած երիտասարդներ, մինչեւ իսկ մանուկներ կան։ Թուրքիոյ մէջ մարդիկ հիմա ամէն իրիկուն անձկութեամբ կը հետեւին օրուան լուրերուն որպէսզի տեսնեն որ այդ օր քանի՞ հոգի սպաննուեցաւ բախումներու հետեւանքով։ Տիյարպաքըրի ու մերձակայ շրջաններու, մանաւանդ Սուր գաւառակի մէջ շարունակ փողոց ելլելու արգելքներ կը հռչակուին։ Կրթական Նախարարութիւնն ալ կրակին վրայ վառելանիւթ թափեց երբ սկսաւ Շըրնաքի Ճիզրէ ու Սիլոփի գաւառակներու դպրոցներէն ետ քաշել Թուրք ուսուցիչները, որոնք հիմա խումբ առ խումբ կը հեռանան։

Հէ-Տէ-Փէի Խմբակի Նախագահի Տեղակալ Իտրիս Պալուքէն երէկ այս մասին շատ խիստ խօսեցաւ Խորհրդարանի մէջ սարքուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին եւ պնդեց որ Ա-Գէ-Փէ իշխանութիւնները թուրք ուսուցիչները կը հեռացնեն յիշեալ շրջաններէն որպէսզի սպաննուին միայն Քիւրտերը։ Պալուքէն ըսաւ որ Կրթական Նախարարութիւնն ու Առողջապահութեան Նախարարութիւնը այս կերպով յստակօրէն ընդունեցին որ քիւրտերու դէմ ներքին պատերազմ մը յայտարարուած է եւ թէ այդ պատերազմը ինչպիսի համեմատութիւններու հասած է։

Պալուքէն ըսաւ որ Ա-Գէ-Փէի այժմու կառավարութիւնը պատերազմի կառավարութիւն է եւ կառավարութիւնը կ՚ուզէ որ քիւրտերը սպաննուին։ Միայն քիւրտերը սպաննուին, այս պատճառաւ ալ շրջանէն կը հեռացուին թուրք աշխատաւորները։ Ասիկա բացայայտօրէն ցեղապաշտութեան կիրարկում է։ Այս փաստաթուղթերը պատմութեան մէջ ամօթալի էջեր պիտի բանան։ Մայր ընդդիմադիր Ճէ-Հէ-Փէ կուսակցութիւնն ալ ձանձրոյթը չի ստանձներ գալու ու նայելու թէ ինչ կ՚անցնի կը դառնայ։ Այս կերպով ան ալ իր հաւանութիւնը յայտնած կ՚ըլլայ գործադրուած սպանդին։ Բոլոր կուսակցութիւններն ու ժողովրդավար մարմինները պէտք է շարժման անցնին որպէսզի դէմ գան Քիւրտիստանն ու քիւրտաբնակ նահանգները ամայացնելու, հոնտեղինները սպաննելու ձեռնարկներուն։

ԹՈՒՐՔ ՄԸ ՈՐ ԿԸ ՀՐԱԺԱՐԷՐ ՃԱՆՉՆԱԼ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ, ՀԵՌԱՑՈՒԵՑԱՒ ՊԵԼԺԻԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵՆԷՆ

Հայկական աղբիւրներ կը հաղորդեն թէ Պելժիոյ մարդասիրական ժողովրդական կեդրոն կուսակցութիւնը վերջնական որոշում մը կայացուց ու իր շարքերէն հեռացուց ազգութեամբ թուրք անդամ Մահինուր Էօզտէմիրը, որ հրաժարած էր ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը։

Թուրք անդամը կուսակցութենէն վերջնականապէս հեռացնելու մասին որոշումը ընդունուած է բարոյախօսական յանձնաժողովի որոշման համաձայն։

Կուսակցութեան առաջնորդ Պէնուա Լութկէն ողջունեց այս որոշումը, նշելով որ քաղաքական յանձնառութիւնը կը պահանջէ յստակութիւն ու լիակատար հաւատարմութիւն այն արժէքներու նկատմամբ, զորս որդեգրած է կուսակցութիւնը։

Մահինուր Էօզտէմիր որ առաջին երեսփոխանն է որ Պելժիոյ Խորհրդարան մուտք գործած է լաչակով, 2015ի գարնան պոյքոթի ենթարկած էր Խորհրդարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու ի յիշատակ մէկ վայրկեան լռութեան պահը, յայտնելով որ “Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Եւրոխորհրդարանի ընդունած բանաձեւը պարտադիր բանաձեւ մը չէ”։ Յետագային ան հրաժարած էր նաեւ ստորագրել իր կուսակցութեան ղեկավար Լութկէնի կողմէ առաջարկուած յուշագիրը, որով 1915ի դէպքերը կը ճանչցուէին որպէս ցեղասպանութիւն եւ այդ պատճառով ալ ան հեռացուած էր կուսակցութեան շարքերէն։

Աւելի ուշ Էօզտէմիր բողոքած էր կուսակցութեան որոշման դէմ։ Պահանջած էր որ Մարդասիրական Ժողովրդավարական կեդրոն կուսակցութիւնը չեղեալ նկատէր զինքը հեռացնելու որոշումը, զայն մեկնաբանելով որպէս ապօրէն քայլ եւ խտրականութեան դրսեւորում։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2015
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ