«Արմէն» ճամբարի ամբողջական վերադարձը պահանջող նամակ՝ Տաւութօղլուին

Հրանդ Տինք եւ կինը՝ ՌաքելՆԻՒ ՃԸՐԶԻ.- Հոկտեմբեր 27, 2015ին մասնակի արդարութիւն մը իրականացուեցաւ երբ, Պոլսոյ Թուզլա շրջանը գտնուող «Պոլսոյ Պատանեկան Տան»՝ «Արմէն» ճամբարի («Քեմփ Արմէն») կալուածին մէկ մասը վերադարձուեցաւ իր օրինական տիրոջ՝ Կետիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ:

«Քեմփ Արմէն»ը տունն էր 1500է աւելի որբերու, որոնց «տունդարձ»ը Անատոլուի խորերէն եւ հայեցի ու քրիստոնէական դաստիարակութիւնը կը պարտինք Հրանդ Կիւզէլեան անուն հայ աւետարանական հերոսին: Հոն էր որ նահատակ թղթակից Հրանդ Տինք եւ կինը՝ Ռաքել, հանդիպած եւ ամուսնացած էին: Ճամբարը Մայիս 2015ին քանդուելու իրավիճակի մէջ կը գտնուէր:

Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան տնօրէն Զաւէն Խանճեան վերջերս յատուկ նամակով մը՝ ուղղուած Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուի, շնորհակալութիւն յայտնեց կառավարութեան դրական միջամտութեան եւ դերին՝ «Քեմփ Արմէն»ի մասնակի վերադարձին առումով: Ապա Խանճեան կոչ ըրաւ վարչապետին՝ կալուածին հողերը ամբողջութեամբ վերադարձնելու իր իրաւատիրոջ՝ Հայ աւետարանական եկեղեցիին, որ օրինաւոր կերպով գնած եւ ձեռք բերած էր կալուածը ու կառուցած զայն՝ ճամբարի մանուկներու քրտնաջան աշխատանքով:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2015
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ