«Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի վերադարձի դատը առաջին գործնական քայլն է Հայ Դատի իրաւական հետապնդումին» յայտնեց Արամ Ա.

Արամ Ա.Ուրբաթ, 11 դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտուն, Արամ Ա. Կաթողիկոս հարցազրոյց ունեցաւ Գերմանիոյ ամէնէն կարեւոր օրաթերթէն Ֆրանքֆուրթըր Ալմայնի հետ։

Հարցազրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի գծով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանի մօտ բացած դատին կարեւորութիւնը շեշտելով ըսաւ. «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն առընթեր, իրաւական գործընթացի նախաձեռնութիւնը հրամայական անհրաժեշտութիւն է 100 տարիներ յետոյ։ Այս ծիրէն ներս, Սիսի Կաթողիկոսարանի դատը իրաւական գործընթացին առաջին քայլն է, որուն պէտք է յաջորդէ եկեղեցապատկան ու ազգապատկան կալուածներու վերադարձի պահանջքը»։ Այլ հարցումի մը պատասխանելով Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ.- «Եթէ Թուրքիոյ ներկայ իշխանութիւնը նախանձախնդիր է եւ լուրջ հայ եւ թուրք ժողովուրդներու բարի դրացնութեան ու շինիչ յարաբերութեան, պէտք է արդարութիւնը վերահաստատէ՝ ճանչնալով 1915-ին հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնը եւ վերականգնելով հայ ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքները»։

Նորին Սրբութիւնը յիշեալ թերթի Միջին Արեւելքի պատասխանատու տնօրէնին հարցումին պատասխանելով, լայնօրէն անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի դիմագրաւած տագնապներուն ու այս ծիրէն ներս շրջանի հայ համայնքներուն։ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, թէ «հակառակ ամենօրեայ դժուարութիւններուն, սուրիահայութիւնը կը մնայ կազմակերպ գաղութ ու պիտի շարունակէ կառչած մնալ իր իրաւունքներուն ու աւանդութիւններուն»։

Արամ Ա. Կաթողիկոս կրօնական ծայրայեղականութիւնը նկատեց «չարիք նոյնինքն տուեալ կրօնի համար։ Այս չարիքը սահման, կրօն, մշակոյթ կամ ազգութիւն չի ճանչնար, ան համամարդկային չարիք է. հետեւաբար համամարդկային ճիգով հաւաքական ռազմավարութիւն մը պէտք է մշակել զայն արմատախիլ ընելու մարդկային ընկերութենէն»։

Յայտնենք, որ յիշեալ թերթի Միջին Արեւելքի տնօրէնը մօտէն հետաքրքրուած ըլլալով Կիլիկիոյ Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատով, վաղը կը մեկնի Պոլիս նոյն հարցին մասին հարցազրոյց ունենալու դատի գլխաւոր թուրք փաստաբանին հետ։

http://www.yerakouyn.com/?p=95723

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2015
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ