Ախալքալաքի մէջ ցուցահանդէս նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան

Ախալքալաքի Մէջ ՑուցահանդէսՉորեքշաբթի, դեկտեմբերի 9ի կէսօրին, «Զօրի Զօրեան» երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ՝ Ախալքալաքի մշակոյթի տան դիմաց տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած ցուցահանդէս:

Ցուցահանդէսի նկարներուն մէջ ներկայացուած էին Ցեղասպանութեան արհաւիրքը ապրած հայ ժողովուրդի նկարները եւ այդ ոճրագործութիւնը դատապարտող խորագիրներով պաստառներ, իսկ ցուցահանդէսի հերթապահ երիտասարդները այցելուներուն ներկայացուցին ցուցահանդէսի նպատակը եւ Դեկտեմբերի 9ին զայն կայացնելուն պատճառը. «1948ին՝ այս օրը, ՄԱԿը ընդունեց ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու եւ զայն պատժելու մասին պայմագրութիւն, որ ինքնին կը ներկայացնէ, միջազգային իրաւունքի տեսակէտեն, ցեղասպանութիւնը բնորոշող, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութիւնը կանխող եւ անոր համար պատիժ սահմանող փաստաթուղ»չ:

Այնուհետեւ ցուցահանդէսի կազմակերպիչները եւ մասնակիցները մասնակցեցան Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուած աղօթքին եւ մոմավառութեամբ:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2015
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ