Ժողովուրդներու ժողովրդավար համագումարը Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կոչ կ՛ընէ

Ժողովուրդներու Ժողովրդավար ՀամագումարըՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ ձախակողմեան կազմակերպութեանց եւ կուսակցութեանց համախմբում մը հանդիսացող՝ Ժողովուրդներու ժողովրդավար համագումարը (ԺԺՀ), Ցեղասպանութեան զոհերը յիշատակելու եւ ցեղասպանութիւնը կանխարգիլելու օրուան (Դեկտեմբեր 9) առթիւ կոչ մը հրատարակած է։ ԺԺՀի բանբերներ Սեպահաթ Թունճելի եւ Էրթուղրուլ Քիւրքճիւի ստորագրութեամբ հրատարակուած կոչին մէջ ըսուած է. «Որպէսզի Թուրքիա աշխարհի եւ ներկայ ժողովուրդներուն հետ խաղաղութեամբ եւ հաւասարութեամբ միասնաբար ապրի, պէտք է երես առ երես գայ իրականութեան հետ եւ զոհերու ժառանգորդներէն ներողութիւն խնդրէ»։

ԺԺՀ իր յայտարարութեան մէջ կը յայտնէ, թէ Թուրքիոյ մէջ տակաւին կը շարունակուի 1915ին հայերու եւ ասորիներու դէմ գործադրուած ցեղասպանական մտայ-նութիւնը. անիկա կը յիշեցնէ, որ Դեկտեմբեր 9, 1948ին, ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին կողմէ ընդունուած «Ցեղասպանութեան յանցանքը կանխարգիլելու համաձայնագիր»ը ստորագրած երկիրներուն մէջ Թուրքիան ալ կայ՝ կոչ ուղղելով, որ Անգարա առերեսուի իրականութեան հետ եւ ներողութիւն խնդրէ։

Կոչին մէջ ըսուած է. «Ցեղասպանութեան հետ երես առ երես չգալու պատճառով, վիրաւորանքը կը շարունակուի։ Հայեր, ալաուիներ, չերքեզներ, ասորիներ, յոյներ, պուլկարներ, քիւրտեր, ինչպէս նաեւ թուրքեր, անխղճօրէն ցեղասպանութիւններու, սպանութիւններու, ցեղային մաքրագործումներու, աքսորներու եւ տեղահանութիւններու զոհ գացին։ Տակաւին այս իրականութիւնները չեն պարզուած եւ այդ պատճառով ալ վիրաւորանքը կը շարունակուի։ 1915ին, Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին, իրենց ինքնութեան եւ կրօնքի տարբերութեան պատճառով հայերու եւ ասորիներու դէմ գործադրուած ծրագրեալ սպանութիւնները մարդկային յանցագործութիւններ էին։ Ապրիլ 24, 1915ին Պոլսոյ մէջ հայ մտաւորականներու ձերբակալութեամբ սկսած Ցեղասպանութեան գործընթացը երկու տարուան ընթացքին՝ օսմանեան հողերէն մինչեւ Հալէպ, Տէր Զօր սրբեց ու տարաւ Անատոլուի բոլոր հայերն ու ասորիները, որոնք հազարաւոր տարիներէ ի վեր կ՛ապրէին իրենց հարազատ հայրենիքին մէջ։ Ցեղասպանութիւն գործադրուեցաւ, որպէսզի անոնց դրամագլուխը թրքացուի եւ թուրք ներկայութիւնը գերիշխան դառնայ։ Հակառակ անոր, որ 100 տարիներ անցած են այդ դէպքէն, Թուրքիա կը շարունակէ ուրանալ Ցեղասպանութիւնը»։

ԺԺՀի կոչին մէջ կ՛ըսուի նաեւ, որ ցեղասպանութիւնը 21րդ դարուն ալ կը շարունակուի տակաւին՝ իբրեւ օրինակ ցոյց տալով «Իսլամական պետութեան» կողմէ գործուած սպանութիւնները։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2015
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ