ԵՐԵՒԱՆ, ՊՈԼԻՍ, «Նիուզ», «Մարմարա».- Թրքական «Թարաֆ» թերթի աշխատակից Հայկօ Պաղտատ, Անգարայի քաղաքապետ Մելիհ Կէօքչեքը «անարգել»ու պատճառաբանութեամբ՝ 1160 լիրայի (400 տոլար) տուգանքի ենթարկուեցաւ։ Դատը բացուած էր Հայկօ Պաղտատի դէմ՝ երկու տարուան բանտարկութեան պահանջով։
Մելիհ Կէօքչեք, որ գանգատը ներկայացուցած էր, դատարան չյայտնուեցաւ, այլ ներկայացուեցաւ փաստաբանին կողմէ։
Հայկօ Պաղտատ իր կարգին ըրաւ հետեւեալ պաշտպանողականը. «Ես՝ Հայկօ Պաղտատ, «Թուիթըր» կը գործածեմ։ Ամբաստանող Մելիհ Կէօքչեքը Գերմանիոյ Կանաչներու կուսակցութեան թուրք ծագումով երեսփոխան Ճեմ Էօզտեմիրի հետ կատարած թղթակցութեան մէջ «Դուն հայկական ծագում ունիս, քու մասիդ «հայ է» կ՛ըսեն» գրած էր։ Ան իր չսիրած անձերը հայ կ՛որակէ։ Այդ պատճառով է որ ես պատասխանեցի իրեն։ Անարգելու նպատակ չունիմ։ Ազատ արձակումս կը պահանջեմ»։
Նշենք, որ Հայկօ Պաղտատ Անգարայի քաղաքապետը «զզուելի» անուանած էր:
Հայկօ Պաղտատի փաստաբանը հետեւեալը ըսաւ. «Պաշտպանեալս այդպէս գրած է, որովհետեւ իր պատկանած ժողովուրդին անարգանք նկատած է քաղաքապետին շռայլուած խօսքերը եւ զանոնք գրած է գրգռութեան ազդեցութեան տակ։ Դէպքը գրգռութեան դիմաց հակազդեցութիւն մըն է պարզապէս։ Պաշտպանեալս յանցաւոր չէ»։
Այլ առիթով մը, Անգարայի քաղաքապետը հայ անուանուիլը «վիրաւորական» նկատած էր:
Asbarez.com
Leave a Reply