Դեկտեմբեր 4-ին Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան մէջ մենահամերգով, լեփ-լեցուն դալիճի մէջ ու ոտնկայս ծափահրութեան ներքոյ հանդէս եկաւ ԱՀԹ «Արարատ» երգչախումբը. գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար` Գրիգոր Յարութիւնեան: Այս մասին կը յայտնեն «Արարատ» երիտասարդաց միութենէն:
Համերգի առաջին բաժինով հնչած են հատուածներ Ս. Պատարագէն` Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի, Կոմիտաս վարդապետի, Մ. Եկմալեանի մշակումով: Ծրագիրը եզրափակուեցաւ աշխարհիկ եւ ժողովրդական երգերու փայլուն կատարումով:
ԱՀԹ առաջնորդական փոխանորդ գերաշնորհ Տ. Նաւասարդ արքեպիսկոպոս Կճոյեան բարձր գնահատեց երգչախումբին կատարումները եւ առաջարկեց համերգը ընդգրկել Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու ցանկին մէջ, քանի որ ծրագիրին մէջ ընդգրկուած էին յատկապէս Կոմիտաս վարդապետի մշակումները։
Համերգին ներկայ էին նաեւ ԱՀԹ քահանաներ, առաջնորդարանի աշխատակիցներ, արուեստագէտներ, երիտասարդաց միութիւններու անդամներ եւ հիւրեր:
Նշենք, որ «Արարատ» երգչախումբը հիմնադրուած է 2014 թ. ԱՀԹ առաջնորդական փոխանորդ գերաշնորհ Տ. Նաւասարդ արքեպիսկոպոս Կճոյեանի օրհնութեամբ` առաջնորդանիստ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ «Արարատ» երիտասարդաց միութեան հիմքին վրայ:
Երգչախումբը մասնակցած է բազմաթիւ համերգային ծրագիրներու` արժանանալով գովեստի ու դրուատանքի խօսքերու, շնորհակալագրերու եւ պատուոգրերու:
Երգչախումբի կազմին մէջ ընդգրկուած են երիտասարդաց միութեան այն անդամները, որոնք կ՝ուսանին երաժշտական ուսումնական հաստատութիւններու մէջ:
http://www.yerakouyn.com/?p=95209
Leave a Reply