«Մարաշ կամ Գերմանիկ եւ հերոս Զէյթուն» հատորը լոյս տեսաւ Պէյրութի մէջ

Մարաշ կամ Գերմանիկ եւ Հերոս ԶէյթունՔանի մը օր առաջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ «Մարաշ կամ Գերմանիկ եւ Հերոս Զէյթուն» հատորը, զոր երկասիրած է Գրիգոր Հ. Գալուստեան (Կիլիկեցի)։ Այս նոր հրատարակութիւնը «Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ Յուշամատեաններ» շարքին Թ. հատորն է։ Շարքը նախաձեռնութիւնն է Արամ Ա. Վեհափառին։

Զէյթունի առնչուածութիւնը Մարաշի պատմութեան՝ հետաքրքրական է, եւ կը բացատրուի անով որ, ան մերձակայքը գտնուելով Մարաշի, իր հերոսական մարտնչումներով, եւ շրջապատին հետ ունեցած սերտ յարաբերութիւններով՝ միաձուլուած է շրջանի պատմութեան։ Ահա թէ ինչու հատորին մէջ ընդարձակ տեղ գրաւած է Զէյթունը։

Այս վերահրատարակութիւնը մեծադիր 1135 էջերէ կը բաղկանայ։ Հարուստ բովանդակութեան վրայ, այս անգամ եկած են աւելնալու տեղանուններու, անձնանուններու եւ այլ բնոյթի ցանկեր, որոնք այնքան կարեւոր են նման աշխատասիրութիւններու համար։ Ինչպէս նախորդներուն, շարքին իններորդ հատորին խմբագիրն է Պրն. Ժիրայր Դանիէլեան։

Վերահրատարակուած հատորին մեկենասութիւնը ստանձնած են Տէր եւ Տիկին Ստեփան եւ Թամար Տէր Պետրոսեանները, ի յիշատակ իրենց մարաշցի հօր՝ Զաւէն Տէր Պետրոսեանի։

Շարքին յաջորդ հատորները պատրաստութեան մէջ են արդէն եւ հերթաբար լոյս պիտի տեսնեն։

http://www.yerakouyn.com/?p=95111

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2015
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ