Դանիոյ խաղաղութեան մրցանակը պիտի շնորհուի Զարաքօլուին

ԶարաքօլուՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ծանօթ թուրք մտաւորական եւ գիրքերու, ներառեալ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած հատորներու հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքօլու, որուն դէմ յաճախ բացուած են դատեր, որոնց պատճառով ան բանտարկութեան դատապարտուած է, Դանիոյ Խաղաղութեան մրցանակին արժանացաւ, տարիներէ ի վեր մտածումի, արտայայտուելու ազատութեան եւ մարդկային իրաւանց մարզէն ներս ցոյց տուած իր արտակարգ ջանքերուն համար։

Զարաքօլու այդ մրցանակը պիտի ստանայ Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 10ին, Քոփենհակընի մէջ։

Խաղաղութեան այս մրցանակը, ՄԱԿի Տիեզերական մարդկային իրաւանց յայտարարագիրին հիման վրայ՝ կը տրուի այնպիսի անձերու, որոնք առանց բռնարարքներու դիմելու, ժողովրդավարութեան համար պայքար կը մղեն։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2015
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ